ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Գործարար ու բարերար Պետրոս Շիրինօղլու, որ կը վարէ նաեւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետութիւնը, հետեւեալ ուշագրաւ առաջարկով հանդէս եկեր էր ՎԱՏԻՓ-ի վերջին ժողովին. համայնքային բոլոր վարժարանները միացնել միակ երդիկի մը տակ, ուր առաջնակարգ տեղ պիտի տրուի հայեցի դաստիարակութեան եւ այսպէսով պիտի լուծուին նաեւ պիւտճէի բոլոր հարցերը։
Նոյն անձը այս նոյն առաջարկը հնչեցուցեր էր այլ առիթներով եւս, հետեւաբար կարելի է եզրակացնել, թէ իր համոզումը կը ջանայ հետզհետէ ընդունելի, գոնէ քննարկելի դարձնել հասարակութեան առջեւ։ Թերեւս Շիրինօղլու, որ վերջին տասնամեակներու գլխաւոր բարերարներէն մէկն է, ա՛լ իրապէս հաւատաց (աւելի լաւ է ըսել՝ իրեն հաւատացուցին), թէ իր շնորհիւ է որ դպրոցները ոտքի կը մնան եւ բնականաբար յոգնեցաւ դպրոցներուն բարերարութիւն ընելէ ու հիմա կ՚ուզէ, որ մէկ երդիկի տակ հաւաքուին անոնք, որպէսզի դիւրանայ նաեւ իր գործը։
Շիրինօղլուի խօսքերը անկասկած արգասիքն է մտայնութեան մը, որ համայնքային խնդիր կոչուած ծանրաշուք զգեստը ամփոփած ու խցկած է կալուածոց խնդիր անուն տուփիկին մէջ։ Խնդիր մը, զոր մէկը կծիկի մը նման գլտորած է մեր առջեւ եւ մենք կատուի մը նման կը խաղանք, կը զուարճանանք, զայն կը վերածենք կորիզի ու կը դառնանք շուրջ բոլորը՝ անտեսելով գրեթէ ամէն ինչ։ Միջոցն ու նպատակը հետզհետէ կը միախառնուին՝ ատեն մը վերջ ձուլուելու համար ի մի. եւ անշուշտ տուժողը միշտ նպատակն է, զոր կը կլլէ միջոցը։
Պահ մը փակենք դպրոցները։ Փակեցի՛նք։ Շիրինօղլու չ՚ըսեր, թէ դպրոցները փակելէ ետք ինչ պիտի ըլլան անոնց շէնքերը, սակայն պիւտճէի բոլոր հարցերը փակելէ ճառող մը անպայման զանոնք մտածած է վերածել շահութաբեր կալուածներու։ Այո՞։ Թերեւս պանդոկի՞։ Թերե՛ւս... Վերջապէս մեծ մասը կեդրոնական թաղերու մէջ են։ Եւ կամ առեւտուրի տուներո՞ւ։ Թերե՛ւս... Գիշերային ակո՞ւմբ։ «Կ՚ըլլա՛յ, կ՚ըլլա՛յ», կը լսեմ ձայները իր ու նմաններուն, «միայն թէ շահութաբեր ըլլայ, պիւտճէն գոցուի»։
Ու, կ՚ըսէ Շիրինօղլու, կառուցել միակ վարժարան մը, ուր պիտի դաստիարակուի, հայեցի կրթութիւն պիտի ստանայ մեր նոր սերունդը։ Ազգայի՛ն կրթութիւն անշուշտ, ճիշդ իր ատենապետած Ս. Փրկիչին մատակարարած ազգային ու գերարդիական բժշկութեան նման վստահաբա՜ր, անկասկա՜ծ, անտարակո՜յս...
Իրապէս հետաքրքիր եմ գիտնալու, թէ արդեօք բոլոր եկեղեցիները փակելու եւ զանոնք մեծ եկեղեցիի մը վերածելու ծրագիր մըն ալ մտածուա՞ծ է յարգելի ատենապետին կողմէ։ Եթէ ոչ՝ ապա կ՚առաջարկեմ մտածել նաեւ այդ ուղղութեամբ։ Քանի որ գտնուելով դպրոցներուն կից՝ անոնք եւս բաւական շահութաբեր կրնան ըլլալ, պիւտճէն աւելիով կը գոցեն։ Հաւատացէ՛ք։
Համայնքային բոլոր կալուածները՝ դպրոց, եկեղեցի, սրահ, ինչ կայ-չկայ վարձու տալէ կամ ծախելէ ետք ալ, կը կարծեմ, ո՛չ միայն համայնքին, այլ իւրաքանչիւրիս ալ պիւտճէն կը գոցուի, այլեւս աշխատելու պէտք չենք ունենար։ Քաղաքէ դուրս կը կառուցենք արուարձան մը, որ հաւանաբար կոչուի Շիրինաւան։ Մեծ եկեղեցի մըն ալ մէջը՝ Ս. Պետրոս։ Միակ ու խոշոր վարժարանով մը՝ Շիրինեան կրթական հաստատութիւն։ Ու կ՚ապրինք պզտիկ ու կապոյտ արարածներուն նման...
Կատակել չէր նպատակս երբ գրելու սկսայ, սակայն անխուսափելիօրէն կատակաբանութեան վերածուեցաւ գրութիւնը, քանի որ այլ կերպ կարելի չէ արձագանգել այս ու նման յայտարարութիւններու։ Ի չգոյէ լաւագոյնի մը, թաղային խորհուրդներու անդամներէն կազմուած կեդրոնական մարմին մը, որ ՎԱՏԻՓ կը կոչուի, բնականաբար կալուածէ ու պիւտճէէ դուրս ոչ մէկ խնդիր հարց պիտի նկատէր։ Խօսքի ազատութեան, մարդկային իրաւունքներու, ազգային ինքնութեան, մշակոյթի, արեւմտահայերէնի, կրթութեան, դաստիարակութեան նիւթեր գոյութիւն չունին անոր համար։ Երկիրը վերածուած է հնոցի, մարդիկ հարիւրներով կը զոհուին, սակայն օրակարգը անխախտ ու մնայուն կերպով կալուած է ու պիւտճէ։ Անձը, որ 4000 հոգինոց վարժարան մը կառուցելու եւ միւս դպրոցները փակելով բոլոր աշակերտները հոն հաւաքելու մասին գաղափար կը յայտնէ, միտքէն իսկ չ՚անցըներ կամ հաշուի անգամ չ՚առներ ձեւով մը հայ դպրոց վերադարձնելու նոյն, թերեւս աւելի քանակութեամբ այն աշակերտները, որոնք պետական ու օտար վարժարաններու մէջ կը շարունակեն իրենց կրթութիւնը։ Հաւանաբար գաղափար իսկ չունի Կեդրոնականի ըմբոստ հոգիին, Էսաեանի ազնուական կեցուածքին, Սահակեանի ու Տատեանի հայրական գորովին, Մխիթարեանի երեք-դարեան աւանդութիւններուն, Թարգմանչացի եւ միւսներուն եզակի ու իւրայատուկ միջավայրերուն մասին, այլապէս ինչպէ՞ս պիտի համարձակէր մտածելու բոլոր վարժարանները փակելու ու զանոնք երդիկի մը տակ հաւաքելու մասին։ Պէ՛տք է մտածենք մեր վարժարաններուն մասին, այո՛, բայց զանոնք աւելի հզօրացնելու, զանոնք բարեկարգելու, բարեշրջելու համար, ո՛չ թէ փակելու։
Որպէս յետ-գրութիւն քանի մը տող ալ ուսուցիչներուն։ Շիրինօղլուի այս յայտարարութիւններուն դժբախտաբար հրապարակային որեւէ հակազդեցութիւն չտուին մեր ուսուցիչները։ Թերեւս չկարդացին (տխուր է անշուշտ, եթէ հայկական թերթ չեն ընթերցեր), թերեւս կարդացին, բայց նախընտրեցին լուռ մնալ, թերեւս ալ կարդացին ու լուրջի չառին (կը յուսամ այս մէկն եղած ըլլայ իրենց լռութեան պատճառը)։ Յամենայնդէպս, ինչքան որ ալ անհեթեթ ըլլան նման առաջարկներ՝ պէտք է արձագանգել, հակազդել, որպէսզի այս գաղափարները ազատօրէն չշրջին, չպղտորեն ու չգրաւեն յեղյեղուկ միտքերը։