ԳԱՐԻՆ ՊԱԼ
karinbal89@gmail.com
Ծանօթ բժիշկ Պարգեւ Պալըմեան նախորդ Դեկտեմբեր ամսուայ մէջ Սեբաստահայերու Հայրենակցական Միութեան նախաձեռնութեամբ բանախօսած էր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդավայրէն դէպի Վենետիկ երկարող կեանքի հատուածին շուրջ։ Այս անգամ ան խօսեցաւ Մխիթար Սեբաստացիի կեանքի մէկ այլ շրջանին՝ Վենետիկեան օրերուն մասին։ Անոնք, որոնք մէկտեղուած էին 11 Մայիս Չորեքշաբթի Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ, ծանօթացան Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադիր վարդապետի օտար ափերուն դիմագրաւած բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն։
Պալըմեան իր ելոյթը ճոխացուց նաեւ զանազան քարտէսներով եւ լուսանկարներով։ Ափսոս որ այս խիստ շահեկան բանախօսութիւնը չէր գտած արժանի հետաքրքրութիւն։ Արդարեւ ատենախօսն ալ այս երեւոյթը դիտեց իբրեւ ազգային փառքերու նկատմամբ անտարբերութիւն։ «Մխիթար Աբբահայր մեզի ուղղելիք բազում պատգամներ ունի, բայց մենք որպէս հասարակութիւն պատրաստ չենք իր փոխանցածները ընկալելու կամ ընդունելու։ Այն ինչ որ այստեղ կը պատմեմ դժբախտաբար տեղ չեն գտներ մեր դպրոցական դասագիրքերուն մէջ։ Իսկ այստեղ ուսուցիչներու բացակայութիւնը ինքնին կը նշանակէ գիտակցութեան բացակայութիւն։ Սակայն ես չեմ վհատած եւ նոյնիսկ այսպէս նուազ մասնակցութիւնով պիտի շարունակեմ այս առաքելութիւնը», ըսաւ բժիշկ Պալըմեան։