ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹէՔԻՆ
uygargultekin@agos.com
Թուրքիոյ մէջ 7 Յունիս 2015-ի ընտրութիւններէն ետք հանրապետութեան նախագահի ձեռքով հրահրուած պատերազմական իրավիճակը հետզհետէ ծաւալելով կը հասնի խիստ մտահոգիչ փուլերու։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի քօղարկումով ներկայացած զինեալ բախումները արդէն ուղղուած էին դէպի քաղաքներ։ Իսկ 12 Մայիսին այս բախումները ուղղուեցան քաղաքացիներուն։ Այսպէս, Տիյարպէքիրի պատերազմի դաշտի վերածուած Սուր թաղամասին մերձակայ գիւղական տարածքին մէջ պայթուցիկ սարքերով լեցուն ինքնաշարժ մը պայթեցաւ, որու հետեւանքով զոհուեցան 16 խաղաղ քաղաքացիներ։ Պայթումը այնքան հզօր էր որ առաջին հերթին յայտնաբերուեցան միայն չորս դիակներ։ Իսկ ապա գիւղացիներ խուճապահար սկսան փնտռել իրենց ընտանիքի անդամները։ Պայթումէն ետք 12 անձեր անյայտ կորած էին։ Հազիւ տեղւոյն վրայէն հաւաքուած մարմինի մասերու քննարկումով յայտնի դարձաւ որ կորսուածները եւս մահացած են դէպքի վայրը, բայց անոնց անշունչ մարմինները այնքան խիստ բզքտուած են, որ մասնագիտական քննութիւնով միայն կարելի եղաւ իրենց ինքնութիւնը որոշել։
Ներկայ դրութեան մէջ տակաւին չէ լուսաբանուած պայթումին պատճառները։ Նախագահ Էրտողան կը պնդէ, թէ պայթումը տեղի ունեցած է երբ ահաբեկիչները պայթեցուցած են գիւղացիներու դիմադրութեան դէմ բեռնաւորուած ինքնաշարժը։ Սակայն այս պնդումը կասկածով կը դիտուի զանազաններու կողմէ։
ՀՓԿ, որ կը հանդիսանայ ՓՔՔ-ի զինեալ միաւորումը, «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութեան ուղարկեց լուսաբանութիւն մը, ուր թէեւ կ՚ընդունի որ բեռնատար ինքնաշարժը կը պատկանի իրեն, սակայն պայթումը պատահած է հարեւան գիւղերէն եկող կարգ մը տարրերուն՝ ինքնաշարժին դէմ արձակած կրակոցներուն հետեւանքով։ Միւս կողմէ ՀՏՓ-ի համանախագահ Սելահատտին Տէմիրթաշ շատ խիստ ոճով քննադատած է այս գործողութիւնը եւ 15 Մայիսին կատարած յայտարարութիւնով պահանջած է որ պատասխանատուներ ներողութիւն խնդրեն ժողովուրդէն։
Մարդու իրաւունքներու միութիւններն ալ մտահոգութիւն կը յայտնեն որ դէպքերը ստացած են ընթացք մը՝ ուղղուելով դէպի ժողովուրդը։ «Մազլում-Տեր» միութեան Տիյարպէքիրի մասնաճիւղը պայթումէն ետք գիւղ այցելելով տեղեկութիւններ քաղեց պատահածներուն մասին։ Այդ կազմէն Ռէհա Մուհապիթօղլուի համաձայն գիւղացիները չեն ուզեր դէպքի մասին արտայայտուիլ։ «Շատ անհանգիստ ենք դէպքին մամուլի էջերուն վրայ փոխանցման եղանակէն։ Այս առաջին ստուգումներով յայտնի կը դառնայ թէ դէպքի պատահման գործընթացին մէջ գիւղացիները չեն իմացած խնդրին եղելութիւնը։ Եթէ գիտնային որ ինքնաշարժը ՓՔՔ-ին կը պատկանի նման դիմադրութիւն մը չէին ցուցաբերեր», ըսած է գիւղացի մը։ Նշենք որ գիւղի մէջ երկրապահներու միաւորում մըն ալ գոյութիւն չունի։