Քանի՞ եկեղեցի ունինք

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Բազմաթիւ անգամներ հարկադրուած եմ պատասխանե­լու սփիւռքի գա­ղութնե­րէ կամ Հա­յաս­տա­նէ բա­րեկամ­նե­րու, մա­նաւանդ նոր ծա­նօթ­նե­րու պրպտուն հար­ցումնե­րուն։

-Քա­նի՞ եկե­ղեցի ու­նիք Պո­լիս։

Տա­րօրի­նակ ոչինչ ու­նի այս հար­ցումը, որով­հե­տեւ հայ մը եկե­ղեցի­ներու քա­նակով կը կշռէ գա­ղու­թի մը, հա­մայնքի մը ծանրութիւնը, հա­յեցիու­թեան աս­տի­ճանը։

Եր­բեմն նոյ­նիսկ ծի­ծաղե­լի ըլ­լա­լու աս­տի­ճան. ու­սա­նողու­թեանս տա­րինե­րուն վկա­յած եմ, որ սփիւռքա­հայ այ­ցե­լու­ներ հայ­րե­նասի­րու­թեան բա­ցակա­յու­թեամբ (!!!) կը մե­ղադ­րէին հա­յաս­տանցի­ները, որով­հե­տեւ մայ­րա­քաղաք Երե­ւանը ու­նէր միայն 5 եկե­ղեցի…

Պոլ­սե­ցիներս հայ­րե­նասի­րու­թեան լաւ վար­կա­նիշ մը չու­նինք շա­տերու աչ­քին, հե­տեւա­բար սփիւռքա­հայ կամ Հա­յաս­տա­նէ ծա­նօթ­ներ շուարու­մի մեծ բա­ցագան­չութիւն մը կ՚ար­ձա­կեն երբ կը լսեն մեր եկե­ղեցի­ներուն թի­ւին վե­րաբե­րեալ պա­տաս­խանս.

-Ու­նինք 33 եկե­ղեցի Պոլ­սոյ մէջ, 6 հատ ալ՝ գա­ւառը, ու­րեմն 39 հատ։

Պա­տաս­խանս այս էր եր­կար տա­րիներ՝ 39 եկե­ղեցի։ Թիւ մը, զոր սոր­վե­ցու­ցած էին դպրո­ցին մէջ ու­սուցիչ­ներս, եկե­ղեցիի շրջա­կայ­քը՝ երէց բա­րեկամ­ներս ու ես ալ կը կրկնէի թու­թա­կի մը պէս։ Ինչպէս որ կ՚ընեն շա­տեր ին­ծի պէս, վստահ եմ։

Շատ աւե­լի վերջ պի­տի անդրա­դառ­նա­յի, որ այս թի­ւը հա­յու ինքնու­թեան վե­րաբե­րեալ պաշ­տօ­նական տե­սակէ­տի մը ար­տա­յայ­տումն էր պար­զա­պէս։ Ըստ այդ տե­սակէ­տին՝ հա­յը քրիս­տո­նեայ է։ Ո՛չ միայն քրիս­տո­նեայ է, նաեւ՝ առա­քելա­կան։ Այնպէս ինչպէս որ թուրքը միշտ իս­լամ է, նաեւ՝ սիւննի-հա­նեֆի։

-Մեր թա­ղը եր­կու հայ­կա­կան եկե­ղեցի ու­նինք, կ՚ըսեմ բա­րեկա­մի մը։

-Ո՞ւր կը բնա­կիս, կը հարցնէ։

-Պիւ­յիւքտե­րէ։

-Կը կար­ծէի, որ հատ մըն է։

-Հա­պա Ս. Պօ­ղո՞սը.

Բա­րեկամս ալ, ին­ծի նման, եր­բեք չէր մտա­ծած վստա­հաբար, թէ հայ կա­թողի­կէ եկե­ղեցի­ներն ալ կը պատ­կա­նին թրքա­հայ եկե­ղեցի­ներու համ­րանքին։ Նաեւ հայ բո­ղոքա­կան ժո­ղովա­րան­նե­րը։ Հե­տեւա­բար պոլ­սա­հայ 33 եկե­ղեցի­ներուն վրայ պէտք էր դնել նաեւ հայ կա­թողի­կէ 12 եւ հայ բո­ղոքա­կան 2 եկե­ղեցի­ները եւս, չհա­շուած Տի­յար­պե­քիրի ու Մար­տի­նի հայ կա­թողի­կէ եկե­ղեցի­ները։ Ու­րեմն կ՚ու­նե­նանք 47 եկե­ղեցի Պոլ­սոյ մէջ եւ 55 եկե­ղեցի բո­վան­դակ Թուրքիոյ տա­րած­քին։ Պատ­կա­ռելի թիւ մը…

Խղճի ու կրօ­նական ազա­տու­թիւննե­րու, ինչպէս նաեւ հա­յու ինքնու­թեան վե­րաբե­րող նիւ­թե­րու պա­րագա­յին բա­ւական պահ­պա­նողա­կան մօ­տեցումներ տա­կաւին կը շա­րու­նա­կեն տի­րական մնալ իս­թանպու­լա­հայ հա­սարա­կու­թեան մօտ։ Պատ­կե­րը կը կար­ծեմ, որ տար­բեր չէ ընդհա­նուր հա­յաշ­խարհէն ներս, նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ, գո­նէ պե­տական-պաշ­տօ­նական մա­կար­դա­կի վրայ։

Օրի­նակ՝ զի­նուո­րական շքեր­թի կամ պաշ­տօ­նական ըն­դունե­լու­թեան մը ժա­մանակ կա­թողի­կոսի մը նա­խագա­հի կող­քին տեղ գրա­ւելը, նոր գնուած օդա­նաւու մը եպիս­կո­պոս ու վար­դա­պետով օծուիլ-օրհնուիլը, եկե­ղեցիին տրա­մադ­րուած հար­կա­յին որոշ առանձնա­յատ­կութիւննե­րը, առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ պատ­մութեան դպրոց­նե­րէն ներս դա­սաւան­դումը, կրօ­նական այլ ուղղու­թիւննե­րուն աղանդ հռչա­կուե­լով հա­լածուիլը եւ նման այլ երե­ւոյթներ որ­քա­նո՞վ կը պատ­շա­ճին ինքզինք աշ­խարհա­վար նկա­տող պե­տու­թեան մը երե­ւոյ­թին։ Թուրքիոյ մէջ կ՚ընդվզինք ան­շուշտ, տա­րօրի­նակ ու ան­սո­վոր կը նկա­տենք երբ «կրօ­նապաշտ սե­րունդնե­ր» դաս­տիարա­կելու կար­գա­խօսը հո­լովեն քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը, ու­սումնա­կան նոր տա­րեշրջա­նի բա­ցում կա­տարուի մոլ­լա­յի մը ներ­կա­յու­թեամբ ու աղօթ­քով, կրօ­նամոլ­ներ որ­պէս յար­ձա­կու­մի թի­րախ ցոյց տան քրիս­տո­նեայ հա­ւաքա­տեղի մը։ Այս ու այլ երե­ւոյթներ, զորս անըն­դունե­լի կը սե­պենք Թուրքիոյ մէջ, ին­չո՞ւ սա­կայն ըն­դունե­լի ու սո­վորա­կան կը նկա­տենք Հա­յաս­տա­նի կամ մեր հա­ւաքա­կանու­թեան պա­րագա­յին։ Հա՛, այո՛, մենք ու­րիշ ենք…

Կը մտա­ծեմ եր­բեմն. ի՞նչպէս պի­տի հա­կազ­դէինք երբ ան­հա­ւատ հայ ծնող մը իր զա­ւակը հայ­կա­կան վար­ժա­րան ու­ղարկե­լով հան­դերձ՝ չու­զէր անոր մաս­նակցու­թիւնը կրօն­քի դա­սաւան­դութեան (այնպէս ինչպէս ալե­ւիներ կամ պե­տական վար­ժա­րան յա­ճախող քրիս­տո­նեաներ չեն ու­զեր իրենց զա­ւակ­նե­րուն մաս­նակցու­թիւնը իս­լա­մական կրօն­քի դա­սաւան­դութեան)։ Չէ՞ որ հա­յու ինքնու­թիւնը սահ­մա­նափակուած չէ քրիս­տո­նէու­թեամբ կամ առա­քելա­կան եկե­ղեցիով. կան ու հետզհե­տէ աւե­լի հա­մար­ձակ կեր­պով իրենք զի­րենք կը բա­ցայայ­տեն նաեւ այ­լա­դաւան ու ան­հա­ւատ հա­յեր։ Ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ թրքա­հայ աւան­դա­կան հա­մայնքին ու անոր վա­րիչ­նե­րուն կե­ցուած­քը։ Ցարդ ջայ­լա­մի մը նման ան իր գլու­խը խրած է հո­ղին մէջ՝ կար­ծէք խու­սա­փելով ըն­դունե­լէ այս նիւ­թը կամ առե­րեսուելէ նման ան­ձե­րու հետ։ Փա­խուստը կամ ան­տե­սու­մը լու­ծում մը չէ եղած եր­բեք…

Ինքնու­թեան վե­րաբե­րող այս ու այլ հար­ցե­րու քննար­կումը որոշ հա­սու­նութիւն մը կը պա­հան­ջէ ան­շուշտ եւ կը կար­ծեմ, որ այդ հա­սու­նութիւ­նը ձեռք բե­րելու առա­ջին քայ­լե­րը կրնանք առ­նել հան­դուրժո­ղու­թեամբ ու զի­րար յար­գե­լով եւ… սա եկե­ղեցի­ներու թի­ւով։

Դպրոց­նե­րու թի­ւին հան­դէպ ցու­ցա­բերուած մօ­տեցու­մը ին­չո՞ւ չոր­դեգրել եկե­ղեցի­ներու թի­ւին հա­մար ալ։ Հա­տուա­ծակա­նու­թիւնը անօ­գուտ ու վնա­սակար է։

Ու­րեմն՝ ինչպէս որ ու­նինք 17 վար­ժա­րան (առա­քելա­կան, կա­թողի­կէ, բո­ղոքա­կան), այդպէս ալ ու­նինք 55 եկե­ղեցի (առա­քելա­կան, կաթողիկէ, բողոքական)։

Սուրբ Պօղոս կաթողիկէ եկեղեցին, Պիւյիւքտերէ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ