ՎՐԷԺ ՔԱՍՈՒՆԻ
Ինչպէս պատմաբաններն ու ականատեսները, այնպէս ալ պատկերազարդողները, երգիծանկարիչ-նկարիչները տպագիր մամուլի մէջ զետեղած են նիւթեր՝ իրենց հաւաստի աղբիւրներէն, ականատեսներէն անմիջապէս մատուցուած լուրերը պատկերելով, վայրերու, պատահարներու մասին, դէպքի վայր անձամբ մեկնած, կամ ալ պատահաբար ներկայ գտնուած, կը հետազօտէին երկիրը, ինչպէս զոր օրինակ կ՚ընէին «օրիանթալիզմի» հետեւորդները, Արեւելք ճամբորդելով բացայայտելու զայն իրենց իւրօրինակ նկարչական ոճով։
Եւ ահաւասիկ Օսմանեան կայսրութեան հիւանդ շրջանին, Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն կուսակցութեան եւ յետոյ Երիտթուրքերու ժամանակահատուածին ծրագրուած, կազմակերպուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան պատկերազարդումները, երգիծանկարները միջազգային մամուլի մէջ լոյս տեսած է, եւ այս արհաւիրքը պատկերող նկարիչներու եւ հրատարակող թերթերու թիւը բաւականին մեծ է։ Եթէ նկատի առնենք այն շրջանի հեռահաղորդակցութեան հնարաւորութիւնը եւ միջոցները, ապա բոլորիս համար պարզ կը դառնայ այս պատկերներուն ունեցած փաստավաւերագրական հսկայական կարեւորութիւնը։
Շատ մը հերքող-ա-գէտներ, այս պահուն, անմիջապէս յառաջ պիտի քշեն հայկական լոպիյինկի վարկածը, իսկ ինծի կը մնայ յիշեցնել, թէ այն օրերուն երբ Հայոց ցեղասպանութեան պատկերազարդումներն ու երգիծանկարները կատարուած եւ հրատարակուած են միջազգային մամուլի շապիկներուն վրայ կամ կից, ներսի լուրի հետ համատեղ, հայկական լոպիյինկ չկար, որովհետեւ նախ՝
1-Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայը առհասարակ Տէր-Զօրները կը թափառէր, եւ մահուան ու ոչնչացման մատնուած էր։ Ուր մնաց նոյն պահուն թեւեր առնէր ու նոյն օրերուն հասնէր արտերկիր եւ խիստ կազմակերպուած լոպիյինկ ընէր եւ այսպիսի յաջողութիւններ արձանագրէր։
2-Հայկական լոպիյինկը հազիւ 20-րդ դարու կէսերէն յետոյ ձեւաւորուեցաւ։
Քանի որ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայը հազիւ կը կարողանար իր ուժը հաւաքել, եւ ազգի մարդկային, մշակութային եւ հոգեւոր կորուստները վերականգնել։
Հերքող-ա-գէտներու մօտ կարող է նաեւ ծնիլ երրորդ վարկածը, իբր թէ այդ օրերուն, օտար երկիրներու մէջ լոյս տեսած թերթերու վարիչներն էին այս սադրիչ (փրովաքաթիւ) պատկերները պատուիրողները իրենց թերթերուն՝ ի շահ հայկական կողմի։
Բայց արի ու տես որ ո՛չ. եթէ իսկապէս հայու ձեռքը այդ օրերուն այդքան երկար եւ ի զօրու ըլլար արդէն հզօր երկիրներու մամուլը իր ուզածով ուղղորդել, ինչպիսին են Անգլիան, Գերմանիան, Ֆրանսան, Պելկիան եւայլն, կամ իրենք իսկապէս հայանպաստ կեցուածք ունենային, ապա կը հաւաստիացնեմ որ այդ հզօր երկիներն ու դաշնակիցները հայ ազգին Տէր Զօրի անապատը չէին լքեր ու մոռնար այդպէս, ու չէին վարուեր ինչպէս ճափոնական 17-րդ դարու հանրաճանաչ Թօշօ-Կոյի դրան վրայ փորագրուած յայտնի Միազարուն, Քիքազարուն եւ Իուազարուն՝ երեք իմաստուն կապիկները՝ իրենց խորհրդանշանով. ո՛չ տեսաւ, ո՛չ լսեց, ո՛չ ալ խօսեցաւ։
19-րդ դարու կէսերէն, երբ տպագիր մամուլը եւ իր հետ միասին քաղաքական երգիծանկարչութիւնը աշխարհով մէկ թափ կ’առնէ, յատկապէս Եւրոպա, Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ այլն, անգամ յետոյ անմիջապէս հայ վարպետներու միջոցով արդէն Կոստանդնուպոլիս, որպէս «պատկերազարդ-ժուռնալիզմ» (Illustrated Journalism or Graphic Journalism) ու քաղաքական «երգիծանկարչական-ժուռնալիզմ» (Editorial Cartoons or Comics Journalism), մեծ դեր կը կատարեն իրենց հասարակութեան ճշմարիտ, անաչառ ու պատկերաւոր տեղեկութիւն փոխանցելու սրբագոյն առաքելութեան մէջ։
Սոյն համարով, ձեր դատին կը ներկայացնենք միայն փունջ մը նմուշներ այդ մամուլի էջերէն քաղուած պատկերազարդումներ եւ քաղաքական երգիծանկարներ, օրինակ։
PUNCH (ՄԹ), SIMPLICISSIMUS (Գերմանիա), CHICAGO DAILY NEWS (ԱՄՆ), WESMINSTER GAZETTE (ՄԹ), LA BAIONNETTE (Ֆրանսա), LE RIRE (Ֆրանսա), KHATAPALA (Վրաստան), եւ իրենց առաջին էջերուն եւ ներսի էջերէն ներս տեղ գտած այդ փաստավաւերագրական աշխատանքներու հեղինակներն ինչպիսիք են՝ Օսքար Շմերլինկ, Թոմաս Թէոտոր Հայնէ (Գերմանիա), Լէոնարտ Րէյվըն (ՄԹ), Լութըր Տէնիըլս Պրետլի (ԱՄՆ), Սըր Ֆրանսիս Քարրութըրս Գոուլտ (ՄԹ), Օլիվըր Հարֆորտ (ԱՄՆ), Պերնարտ Փարթրիջ (ՄԹ), Չարլզ Լէանտր (Ֆրանսա) եւ ուրիշ այլ բոլորիս շատ յայտնի անուններ, որոնց որպէս աղբիւր, մարդկութիւնը, պատմաբաններ եւ մասնագէտներ միշտ վստահած են եւ յենուած որպէս հաւաստի պատմական փաստավաւերագրանիւթ։
Բայց, տարօրինակն այն է որ, երբ հարցը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեանը, Հերքող-ա-գէտները այդ նոյն հաւաստի աղբիւրները յանկարծակիօրէն կը վերածեն անհաւաստի։
Մարդ արարած, մինչեւ խօսիլ սորվիլը, մինչեւ իր իւրայատուկ այբուբենը ստեղծելը եւ գրաւոր արտայայտուելու սկիզբ առնելը, նախ քարայրներու մէջ գծած է, եւ գիծով սկսած է քոտաւորել իր շուրջբոլորի անցն ու դարձը, եւ փոխանցել յաջորդ սերունդին, իր ներկայ պահը։
Միշտ զարմացած եմ մարդկանց վրայ, անոնք պատրաստ են հաւատալ եւ հասկնալ 40 հազար տարուայ հնաւուրց, քարանձաւեան ժայռապատկերներուն ու անոնց ներկայացուցած այդ օրուայ անց ու դարձը, եւ ընդունիլ զանոնք որպէս փաստարկ, քան մարդուս այսօրէն ընդամէնը մէկ դար (100 տարի) առաջ դէպքերու պատկերածը, այն ալ ո՛չ թէ մեզմէ շատ հեռու ու անյայտ սարերու քարայրներէն ներս, այլ մեր այժմեան շօշափելի շուրջ բոլորը։
Հարց՝ իսկ եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատկերող դաժան պատկերները ձեզ/մեզ քարանձաւներու պատերուն վրայ որպէս ժայռապատկեր 100 տարի յետոյ ձեզ հասներ, արդեօք այն ժամ պիտի հաւատայիք, թէ այս անգամ ալ քարանձաւներու պատերը պիտի քերթէիք կամ քանդէիք ու անվերջ հերքէիք այդ քարանձաւներու գոյութիւնը։
Կը հաւաստիացնեմ, եթէ Սուրիայի աւազոտ անապատի փոխարէն, լեռներ ու սարեր աքսորուէինք, մենք անպայման սարերու քարայրներու պատերուն վրայ այդ արհաւիրքները ինքներս մեր ձեռքերով ու եղունգներով կը գծէինք։
Կ՚ըսեն թէ աւազը յիշողութիւն չունի...
Աւազի վրայ գծուած գիծը քամին կը փչէ ու իր հետ կը տանի ու կ՚անհետանայ։
Կ՚ըսեն թէ քամին յիշողութիւն ունի...
Տէր Զօրի անապատի այրող քամին վկայ։
Քարանձաւի դարաշրջանէն առայսօր գիծը կը մնայ միակ «քոտը» (Code), համամարդկային «քոտը», որ մեր բոլորիս համար ամենահասկնալի լեզուն է եւ հաղորդակցման միջոց։
Չէ որ մեր բոլորի առաջին լեզուն նոյն ինքը գիծն է։
Ուրեմն եկէք ընթերցենք գիծերու արանքին՝ մէջը թաքնուած ու թաղուած գիծերը, եւ իրերը կոչենք իրենց անուններով։