«Մեծ Մայրս» կը բեմադրուի Արլէսի մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Ֆեթ­հի­յէ Չէ­թինի «Մեծ Մայրս» անուն գիր­քը Քրիս­տէլ Ամէլ­լա­լի եւ Քաթ­րին Քրա­յեւսկիի կող­մէ թատ­րերգու­թեան վե­րածուելով պի­տի բե­մադ­րուի Ֆրան­սա­յի Ար­լէս քա­ղաքին մէջ։ Բե­մադ­րութիւ­նը պի­տի կա­տարէ Ժո­սէ Ռէ­նօ։ Ամէլ­լալ եւ Քրա­յեւսկի խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լեցին եւ իրենց հետ զրու­ցե­ցինք նա­խատե­սուած բե­մադ­րութեան շուրջ։

Քրիս­տէլ Ամէլ­լալ կը յայտնէ, թէ մօ­րենա­կան կող­մէ մեծ հայ­րը Քաս­թա­մոնու քա­ղաքի Թաշ­քէօփ­րիւ աւա­նէն է։ «Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ետք նախ Պո­լիս եւ ապա Մար­սէյլ գաղ­թած են։ Մեծ մայրս 1925-ին Մար­սէյլի գաղ­թա­կայա­նի մը մէջ ծնած է։ Հայրս նոյնպէս գաղ­թա­կան մըն է, ալ­ճէ­րիացի։ Մօրս հետ ամուսնա­նալու հա­մար մկրտուած է։ Թէեւ այդ պատ­ճա­ռաւ խնդիր­ներ ապ­րած է իր ըն­տա­նիքին հետ, բայց մօրս ըն­տա­նիքին շատ մօտ է»։

Գիր­քը Ամէլ­լա­լի հետ միասին բե­մադ­րութեան վե­րածող Քաթ­րին Քրա­յեւսկի կը ստանձնէ նաեւ գլխա­ւոր դե­րակա­տարու­թիւնը։ Ան հե­տեւեալ կեր­պով կը պատ­մէ «Մեծ Մայրս» գիր­քի բե­մադ­րութեան ոդի­սակա­նը. «Նա­խապէս ալ աշ­խա­տակ­ցած էի Քրիս­տէ­լի հետ։ Օր մը քովս եկաւ եւ ըսաւ որ 1915-ի վե­րաբե­րեալ բա­ներ մը ընել կ՚ու­զէ։ Ան մտա­դիր էր վկա­յու­թիւն մը բե­մադ­րե­լու։ Այս զրոյ­ցէն ետք բազ­մա­թիւ գիր­քեր կար­դա­ցինք։ Այդ բո­լորին մէջ Ֆեթ­հի­յէ Չէ­թինի պա­տու­մը ամե­նացնցիչն էր։ Հե­ղինա­կը յա­ջողած էր իր մօր եւ մեծ մօր ապ­րումնե­րը պատ­մուած­քի մը նման ըն­թերցո­ղին փո­խան­ցել։ Նկա­տեցինք որ գիր­քը բե­մադ­րութեան յար­մար է։ Մենք այս բե­մադ­րութիւ­նով միայն վկա­յու­թիւն մը փո­խան­ցած պի­տի չըլ­լանք, այլ սկսե­լով Մար­սէյլէն ամ­բողջ սփիւռքին պի­տի փո­խան­ցենք ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը եւ վե­րապ­րողնե­րու կեան­քին վրայ գոր­ծած ազ­դե­ցու­թիւնը»։

Բե­մադ­րութեան հա­մար կը նա­խատե­սուի այս տա­րուայ Նոյեմբեր ամիսը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ