Տատեանի շէնքը բանավէճի նիւթ

ՊԱՐՈՅՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

baruyr@agos.com.tr

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը սոյն ուսման տա­րեշրջա­նին սկսած է իր նո­րակա­ռոյց շէն­քին մէջ։ Դպրո­ցի պատ­մա­կան հին շէն­քը թա­ղական խոր­հուրդի որո­շու­մով վար­ձու ելած է եւ կը սպա­սէ նոր վար­ձա­կալ­նե­րու։ 170 տա­րուայ ան­ցեալ ու­նե­ցող շէն­քի հա­մացան­ցի մի­ջոցաւ վար­ձու տրուիլը որոշ դժգո­հու­թիւն յա­ռաջա­ցու­ցած է դպրո­ցի նախ­կին սա­ներու մօտ. անոնք իրենց բո­ղոքը ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար դի­մած են ստո­րագ­րարշա­ւի մը, որ ար­դէն ար­ժա­նացած է զա­նազան­նե­րու ու­շադրու­թեան։ Կ՚ակնկա­լուի որ ամէն տա­րի աւան­դութեան վե­րածուած Տա­տեան­ցի­ներու Օրուայ առ­թիւ նիւ­թը դար­ձեալ քննար­կուի իր բազ­մա­թիւ երե­սակ­նե­րով։ Թէեւ դպրո­ցի նախ­կին շէն­քին թա­փուր մնա­լու իրո­ղու­թիւնը ծա­նօթ էր բո­լորին, երբ հիմ­քը կը դրուէր նոր դպրո­ցին։ Թա­ղական խոր­հուրդը մի­ջոցէ մը ի վեր նիւ­թը փո­խան­ցած էր որոշ շրջա­նակ­նե­րու, բայց ար­ժա­նի ար­ձա­գանգ մը չէր գտած։ Միւս կող­մէ նա­խորդ Հինգշաբ­թի Համ­բարձման տօ­նին առ­թիւ Սուրբ Փրկիչ հի­ւան­դա­նոցի մէջ կա­յացած ընթրի­քին ելոյթ ու­նե­ցած հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու ալ կոչ կ՚ուղղէր ծախ­սե­րը խնա­յելու հա­մար կարգ մը դպրոց­նե­րը հա­մալի­րի մը մէջ մէկ­տե­ղելու ուղղու­թեամբ։ Շա­տեր այդ կո­չին եւ այս ծա­նուցման մի­ջեւ ալ զու­գա­հեռ­ներ կը տես­նեն։ Կա­րելի է ըսել որ հա­մացան­ցի վրայ յայտնուող վար­ձու ծա­նու­ցումը առիթ հան­դի­սացած է որ նիւ­թը օրա­կար­գի գայ եւ մի­ջոց­ներ փնտռուին Տա­տեանի շէն­քը դար­ձեալ որ­պէս կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը օգ­տա­գոր­ծե­լու հա­մար։

Ստո­րագ­րութեան ար­շա­ւին մաս­նակցող­նե­րը իրենց ստո­րագ­րութեան կող­քին կը նշեն նաեւ դպրո­ցի շէն­քին վար­ձու տրուելուն դէմ իրենց առար­կութեան պատ­ճառնե­րը։ Ըստ ճար­տա­րապետ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լուի, որ Իս­թանպու­լի եւ պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի մէջ պատ­մա­կան շի­նու­թիւննե­րու վե­րանո­րոգու­թիւնը կա­տարած է, բա­նավէ­ճին ար­դիւնա­բեր ընդլայ­նումը նպաս­տա­ւոր է հա­սարա­կու­թեան հա­մար։ Պատ­մա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող կա­լուա­ծի մը շա­հագոր­ծումը փակ պա­տերու մէջ պէտք չէ որ ձե­ւաւո­րուի։ Պոլ­սա­հայ հա­սարա­կու­թիւնը պէտք է մտա­ծէ որ ին­չեր կա­րելի է ընել այդ շէն­քէն ներս։ Թե­րեւս ալ այ­սօ­րուայ որո­շու­մին վրայ հա­մակար­ծիք ըլ­լանք եւ շէն­քը վար­ձու տանք իր եկա­մու­տը նկա­տի ու­նե­նալով։ Բայց այս բո­լորը ըլ­լայ լայ­նա­տարած խորհրդակ­ցութիւննե­րէ ետք։ Տա­տեանը մեր հա­սարա­կական մտքին յայտնու­թեան առիթ ստեղ­ծող օրի­նակ մը կրնայ ըլ­լալ։ Յի­շենք որ ար­հեստնե­րու դպրո­ցի մըն ալ կա­րիք ու­նինք։ Այ­լընտրանք մըն է գե­ղարուես­տի բազ­մաբնոյթ կեդ­րոն մը։

Միւս կող­մէ Պա­քըր­գիւղի Ծնունդ Սուրբ Աս­տուածած­նի եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր ալ կը յայտնէ, թէ 1972-ին շրջա­նաւարտ եղած է Տա­տեան վար­ժա­րանէն եւ կը բաժ­նէ բո­լոր տա­տեան­ցի­ներու զգա­ցումնե­րը։ «Ես ալ հա­մաձայն չեմ, որ Տա­տեանի պատ­մա­կան շէն­քը իր ոգիին հա­կասող դրու­թիւնով մը օգ­տա­գոր­ծուի։ Կը ցան­կանք որ զայն վար­ձողնե­րը կամ որ­պէս կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը օգ­տա­գոր­ծեն կամ ալ մշա­կոյ­թի կեդ­րոն մը։ Միւս կող­մէ ծանր պա­տաս­խա­նատուու­թիւն ու­նինք դպրո­ցի ապա­գային նկատ­մամբ։ Եր­կա­րատեւ աշ­խա­տու­թիւննե­րու հե­տեւան­քով տի­րացանք դպրո­ցի ար­դիաշունչ նոր շէն­քին։ Սա­կայն ուսման մա­կար­դա­կին հա­մար ալ պա­տաս­խա­նատու ենք»։

Թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապե­տը իր խօս­քե­րը կ՚աւար­տէ յայտնե­լով թէ պատ­րաստ են տրա­մաբա­նական բո­լոր առա­ջարկնե­րը լսե­լու։ «Սա­կայն անցեալը որքան ալ արժէքաւոր ըլլայ, շէնքը թանգարանի մը վերածելու անհոգութիւնը չունինք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ