Տիգրանակերտ ծնած, 1992-ին Միացեալ Նահանգներ գաղթած, 2013-ին ծննդավայր վերադարձած Երուանդ Պոսթանճը կամ աւելի ծանօթ անունով Ուտի Երուանդ կը պատրաստուի Քափատոքս փառատօնի շրջագծով բեմ բարձրանալու։ Սիրուած ուտահարի հետ զրուցեցինք փառատօնի, Տիգրանակերտի եւ յատկապէս ալ Սուր թաղամասի անցուդարձերուն շուրջ։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Վարդան Էսդուգեան- Թուրքիա վերադառնալով ի՞նչ փոփոխութիւն եղաւ ձեր երաժշտական կեանքէն ներս։
Երուանդ Պոսթանճը- Մշակոյթի Նախարարութեան դասական երաժշտութեան երգչախումբի քննութիւններուն մասնակցեցայ եւ ընդունուեցայ այդ կազմէն ներս։ Նշեմ որ հանրապետութեան շրջանին այդ խումբը առաջին անգամ հայերէն երգ կատարեց եւ այդ երգը իմ «Կարօտ եմ» անուն յօրինումն էր։ Նոյն կազմին հետ երեք լեզուներով կատարեցի նաեւ «Սիրոյ երգ» անուն գործը։ Մինչ այդ, Տիյարպէքիրի եւ Անգարայի մէջ բազմաթիւ համերգներ ունեցայ եւ հեռատեսիլի ծրագիրներուն մասնակցեցայ։ Միացեալ Նահանգներ բնակած 21 տարիներու ընթացքին 13 ալպոմ հրատարակած էի։ Այս վերջին երեք տարիներուն ոչ ալպոմ մը լոյս տեսաւ, ոչ ալ նոր յօրինում մը ունեցայ։ Կը ցաւիմ այս պատճառաւ։
Վ.Է.-2013-ին երբ վերադարձաք խանդավառ եռուզեռ մը կը տիրէր Տիյարպէքիր։ Անցնող երեք տարիներուն ինչպիսի՞ կեանք մը ունեցաք։
Ե.Պ.- Անշուշտ որ Ամերիկայի նման գունագեղ չէ կեանքս այստեղ։ Չեմ գիտեր ինչու, բայց աւելի ինքնամփոփուած եմ դէպի ներքնաշխարհ։
Վ.Է.-Իսկ ինչպէ՞ս ազդուեցաք Տիյարպէքիրի, յատկապէս ալ Սուրի բախումներէն։
Ե.Պ.-Ես ի ծնէ Սուրի տղայ եմ։ Մայրս, հայրս, մեծ հայրս, մեծ մայրս, յիշատակներս, կարօտներս կռիւներս, կամ սիրահարութիւններս ապրած եմ Սուրի մէջ։ Բախումները սիրտս կ՚այրեն։ Մանկութեանս բակին մէջ խաղացած, աւազանին մէջ մկրտուած Սուրբ Կիրակոսը անգամ չեմ կրցած այցելել ամիսներէ ի վեր։ 21 տարուայ ամերիկեան կեանքիս մէջ այս տեսակ բաներէ հեռու էի։ Հիմա ապրածներովս կը ցնցուիմ։ Զիս որպէս «խաղաղութեան դեսպան» ընդունած էին Թուրքիոյ մէջ։ Բայց վերջին մէկ տարի է որ խաղաղութենէն շատ հեռու, բախումներով շրջապատուած լարուածութեան մը մէջ կ՚ապրիմ։ Սիրտս կը ցաւի ափսոս։
Վ.Է.- Որպէս արուեստագէտ Տիյարպէքիրի մէջ դժուարութիւններ ունեցա՞ք։
Ե.Պ.- Արուեստս կատարելու ժամանակ անշուշտ որ չեմ դժուարացած, բայց ԱՄՆ-ի հանգիստ եւ արդիւնաբեր միջավայրն ալ չեմ գտած։ Այնտեղ ունէի իմ սեփական աշխատանոցը, ուր օր ու գիշեր երաժշտութիւն կ՚արտադրէի։
Վ.Է.- Իսկ ի՞նչ կը խորհիք Քափատոքս փառատօնի մասին։
Ե.Պ.- Երբ այս փառատօնի շրջագծով բեմ ելլել առաջարկուեցաւ՝ պրպտել, հասկնալ փորձեցի։ Աւելի ետք շատ մօտ բարեկամս գիտելիքներ փոխանցեց եւ ես ոգեւորուած ընդունեցի առաջարկը։ Կը յուսամ որ յաջող ելոյթ մը կ՚ըլլայ եւ ես կը հարստանամ յաւելեալ քանի մը բարեկամով եւս։