Մեծարանք Սարգիս Վարպետին

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Իրարայաջորդ կորսնցուցած իմաստուն բարեկամներու բացակայութեամբ ես զիս հետզհետէ աղ­քա­տացած ու միայ­նակ կը զգամ։ Եթէ ապ­րէր Սար­գիս Չեր­քէ­զեան հա­րիւր տա­րեկան պի­տի ըլ­լար։

«Պէլ­կէ» հրա­տարակ­չա­տան 40 գիր­քե­րուն ար­գի­լուած, խմբագ­րա­տան ռմբա­կոծուած այդ դժուար օրե­րուն մեզ յա­ճախ այ­ցե­լող սա­կաւա­թիւ բարեկամներէն էր ան, ինչպէս Գիր­գոր Քո­լու­քը­սա, Սար­գիս Սե­րով­բեան եւ ան­ցեալ տա­րի կորսնցու­ցած Փա­նայոտ Ապա­ճըն։

Հա­յեր եւ յոյ­ներ կը խու­սա­փէին խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լելէ։ Գրի­գոր եւ Սար­գիս աղ­բա­րիկ­ներս կա­մաւոր կ՚առա­քէին մեր գիր­քե­րը։ Եւ ան­շուշտ Հրան­դը՝ սի­րելի Հրան­դը։

Կեղ­տոտ պա­տերազմ մը կը տի­րէր։ Ռմբա­կոծուելէ ետք խմբագ­րա­տու­նը փո­խադ­րած էինք Երէ­պաթա­նի ջրամ­բա­րին մօտ վայր մը։ Հոս ալ յա­ճախ ջուր կը լե­ցուէր մեր նկու­ղա­յին խմբագ­րա­տու­նը։ Բայց զով էր ամա­ռուայ տօ­թին։ Սար­գիս կը սի­րէր երե­կոյեան ժա­մերուն խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լել, նոր ելած գիր­քե­րը թղթա­տել ու ապա այդ անուշ զո­վու­թեան մէջ կար­ճա­տեւ մրա­փել։ «Ակօս»ի հիմ­նադրու­թիւնով ան­մի­ջապէս այս նոր թեր­թի կա­մաւոր­նե­րէն մէ­կը եղած էր։ Մշոյ Կիւ­լի­զարի պատ­մութիւ­նը թարգմա­նած ու տուած էր Հրան­դին։ Ափ­սոս որ այդ թարգմա­նու­թիւնն ալ «Թէոթիկի Յու­շարձա­ն»ին նման ան­վե­րադարձ կո­րաւ Հրան­դի հա­մակար­գի­չին փճա­նալով։ Սար­գիս Չեր­քէ­զեան թունդ հա­մայ­նա­վար մըն էր, Թուրքիոյ Կոմ­կուսի առա­ջատար գոր­ծիչնե­րէն Արամ Փեհ­լի­վանեանի դա­սըն­կե­րը։ Աղ­քա­տու­թեան պատ­ճա­ռով կի­սատ թո­ղած էր Կեդ­րո­նակա­նի ու­սումը։ Երբ քոյ­րը հարս գնաց դէ­պի Պէյ­րութ իրենք ալ ըն­տա­նեօք վե­րադար­ձան Գա­րաման։ Հա­լէպի նշա­նաւոր Պա­րոն օթե­լի մէջ Արամ Ան­տո­նեանէ ստա­ցուած փաս­տա­թուղթով մը կա­րելի եղած էր այդ ետ­դարձը։ Սա­կայն հոն գո­յատե­ւելու հնա­րաւո­րու­թիւն չէր մնա­ցած եւ Չեր­քէ­զեան­նե­րը ակա­մայ վե­րադար­ձան Պո­լիս։

Քրոջ որ­դին Կա­րօ Ար­մէ­նեան Երե­ւանի Պե­տական Հա­մալ­սա­րանի հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէկն էր։ Իր­մէ լսած եմ Տէր Զօ­րի եր­գե­րը, նաեւ մօ­ր եր­գե­րը։ Մայ­րը կ՚ար­հա­մար­հէր զինք իր գա­ղափար­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ։ Կո­մու­նիստ ինքնու­թեան կող­քին հայ­րե­նասէր մըն էր Սար­գիս Չեր­քէզեան։ Դաշ­նակցա­կան­նե­րու կա­րեւոր դէմ­քե­րէն Տրդա­տը կը պաշ­տէր եղ­բօր նման։ Տրդատ դաշ­նակցա­կան էր, բայց կը բար­կա­նար Հա­յաս­տա­նը հա­լածող կարգ մը դաշ­նակցա­կան­նե­րուն։ «Այս Դրոն ի՞նչ ընել կ՚ու­զէ։ Ձեռ­քերնիս բուռ մը Հա­յաս­տան մնա­ցել է, ա՞ն ալ կորսնցնենք»։

Ես իրեն հետ ծա­նօթա­ցայ 1968-ի յե­ղափո­խական մթնո­լոր­տի մէջ։ Գումգա­բուի իր հա­մեստ բնա­կարա­նը ապաս­տան մըն էր բո­լորիս հա­մար։ Այդ փոք­րիկ սե­նեակին մէջ հա­յեր հա­յոց պատ­մութիւն, քիւրտեր քրտա­կան ազ­գա­յին գի­տակ­ցութիւն եւ հա­մայ­նա­վար­ներ ալ կո­մու­նիստ շար­ժումի պատ­մութիւն սեր­տե­ցինք։

Ատաղ­ձա­գոր­ծութիւ­նը, դեր­ձա­կու­թիւնը մարդկա­յին պատ­մութեան մտա­ւորա­կան հա­մախմբման կեդ­րոններ դար­ձած են պատ­մա­կան Աղեք­սանդրա­յէն Ան­տիոք ու մին­չեւ Բա­բելոն։ Եթէ Տի­յար­պէ­քիր Ճիւ­կէր խուն եւ Նա­զըմը ան­գիր ասմունքող Նի­յազի Վար­պե­տը ու­նի, Իս­թանպուլն ալ ու­նի Չա­րեն­ցը եւ Նա­զըմը ան­գիր ար­տա­սանող Սար­գիս Վար­պե­տը։ Սար­գիս Վար­պետ ատաղ­ձա­գործ էր կա­հոյք կը սար­քէր։ Ի պա­հան­ջեալ հար­կին գաղտնի գզրոց­ներ ու­նե­ցող կա­հոյք։ Չէ որ ան դի­մադ­րող յատ­կութիւն մըն ալ ու­նէր։ Յատ­կութիւն մը որ սե­րած է, այդ նշա­նաւոր «կար­միր որ­մազդ»ի Մա­նու­կեանէն։ Ատաղ­ձա­գոր­ծի աշ­խա­տանո­ցին մէջ տա­րիներ ու տա­րիներ գաղտնի տպեց Թուրքիոյ Կո­մու­նիստ Կու­սակցու­թեան պաշ­տօ­նաթեր­թը՝ «Աթը­լըմ»ը։

Մեծ Եղեռ­նի մա­սին առա­ջին փաս­տագրա­կան տե­ղեկու­թիւննե­րը ար­խիւ հա­ւաքող Արամ Ան­տո­նեանի պատ­մութիւ­նը իր­մէ լսած եմ։ 92-ին, երբ քիւրտե­րը սկսան «Էօզ­կիւր Կիւնտէմ» թեր­թը հրա­տարա­կել, իս­կոյն այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էր։ Երի­տասարդ Կո­մու­նիստնե­րը իր այդ եր­կու սե­նեակա­նի բնա­կարա­նին մէջ գի­տելիք­ներ կու­տա­կեցին։ Սի­րելի Զա­քարիա այդ սե­նեակին մէջ սկսաւ հա­յոց պար­բե­րական մա­մու­լի հե­տազօ­տու­թիւննե­րուն։ Սի­րելի Եասէ­մինը այդ նոյն սե­նեակին մէջ գրա­ռեց «Այս Աշ­խարհը Բո­լորիս Կը Բա­ւէ»ի վկա­յու­թիւննե­րը։ Սի­րելի Տէ­նիզ հոն սկսաւ «Կեան­քի Ատաղ­ձա­գոր­ծը» վա­ւերագ­րականի առա­ջին նկա­րահա­նումնե­րուն։ Թե­րեւս օր մը կը զե­տեղեն յու­շագրու­թիւն մը՝ «Գոմ­պա­թան Սար­գիս Չեր­քէ­զեան այս տու­նը բնա­կած է»։ Կնոջս Այ­շէի պարզ խաչ­քա­րի մը տպա­ւորու­թիւն թո­ղած շիր­մա­քարին վրայ սեւ կրա­նիտով նկա­րը փո­րագ­րել տուած ու տե­ղադ­րած էր։ 90 ամեակէն սկսեալ բա­րի աւան­դութիւն մը հիմ­նե­ցինք եւ սկսանք Չեր­քէ­զեանի տա­րեդար­ձը տօ­նել։ Երբ կը յի­շեմ ան­ցեալի այդ տա­րեդար­ձե­րը ափ­սո­սան­քով կը նշմա­րեմ թէ որ­քան շատ սի­րելի­ներ ան­վե­րադարձ բաժ­նուած են մեզ­մէ։ Հաս­տատ որ մենք պի­տի պա­հենք իրենց յի­շատա­կը, պի­տի փո­խան­ցենք յա­ջորդ սե­րունդներուն, ինչպէս առասպելները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ