Ուսուցչաց Հիմնարկի մատենաշարէն լոյս տեսաւ հաշուապահ Եդուարդ Գովանի «Թրքերէնէ Հայերէն Ասութիւններու Այժմէական Բառարան» ծաւալուն հատորը։ Եդուարդ Գովան 1996-ին հրատարակած էր «Թրքերէնէ Հայերէն Առեւտրական, Ելմտական եւ Տնտեսական Տերմիններու Բառարանը»։ Բացի բառարանական աշխատութիւններէ, Գովան ծանօթ է հարկային կանոններու մասին հայերէն թերթերու մէջ խմբագրած յօդուածներով։ Ներկայ աշխատութիւնը ընդարձակ բառարանի մը բնոյթը ունի, ուր բառերու կողքին բաւական բովանդակալից տեղեկութիւններով կը ներկայացուի տուեալ բառէն ծագած ասութիւնները։ 884 էջերէ բաղկացող բառարանը կու գայ կարեւոր պակասութիւն մը լրացնելու թրքերէնէ հայերէն բառերու փոխանակման ընդհանուր դաշտին մէջ։ Այս ուսումնասիրութեան ընձեռած կարեւոր դիւրութիւններէն մէկն է տուեալ բառի դիմաց Մեսրոպատառ փոխադարձը նշելէ դուրս, նաեւ այդ նոյն հայերէն բառի լատինատառ գրառումը։ Այս մէկը կը նպաստէ յատկապէս ալ հայատառ ընթեռնելու դժուարութիւն ունեցողներուն։ Հատորը լոյս կը տեսնէ Տիկին Էմմա Գարատէմիր Գիւլէկէչի մեկենասութեամբ։