Ապրիլեան գերմանահայ օրակարգ

Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Առաջ­նորդա­րանի հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թիւնով կը տե­ղեկա­նանք հա­յոց մեծ եղեռ­նի 101-ամեակին առ­թիւ Գեր­մա­նիոյ մէջ կա­տարուած բազ­մաբնոյթ մի­ջոցա­ռումնե­րուն, որոնց իր մաս­նակցու­թիւնը եւ հո­վանա­ւորու­թիւնը կը բե­րէր Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեան։

Ժա­մանա­կագ­րա­կան կար­գով առա­ջին մի­ջոցա­ռու­մը կա­յացած է 17 Ապ­րիլ Կի­րակի Ենա քա­ղաքին մէջ, ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու յի­շատա­կին ձօ­նուած խաչ­քա­րի օծու­մով։ Փոլ Կիւ­լօղլուի բա­րերա­րու­թեամբ տե­ղադ­րուած խաչ­քա­րի օծ­ման հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուեցան ՀՀ Գեր­մա­նիոյ դես­պան Աշոտ Սմբա­տեան, Ենա­յի քա­ղաքա­պետ Ալպրէրթ Շրէօթէր, եկե­ղեցա­կան, քա­ղաքա­կան, ըն­կե­րային հաս­տա­տու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։

Առաջ­նորդ Սրբա­զանը 23 եւ 24 Ապ­րիլ թուական­նե­րուն ալ մաս­նակցե­ցաւ մայ­րա­քաղաք Պեռ­լի­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րուն։ Անոնցմէ առա­ջինը Ապ­րիլ 23-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Պեռ­լի­նի Կա­թողի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին մէջ, ուր տե­ղադ­րուած էր եւս խաչ­քար մը։ Եկե­ղեցին ու­նի պատ­մա­կան նշա­նակու­թիւն, քա­նի որ 14 Մա­յիս 1919-ին Գեր­մա­նիոյ տա­րած­քին մէջ առա­ջին ան­գամ այս տեղ կա­յացած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու առա­ջին յի­շատա­կու­մը։ Իսկ Ապ­րիլ 24-ի առա­ւօտուան ժա­մերուն Պեռ­լի­նի Պրան­տենպուրկեան դար­պասնե­րուն մօտ գեր­մա­նահայ երի­տասարդնե­րու կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած մի­ջոցա­ռու­մը կը կռէր «100 եւ Մէկ Տա­րուայ Լռու­թիւն» խո­րագի­րը ու կը հո­վանա­ւորուէր Գեր­մա­նահայ Կեդ­րո­նական Խոր­հուրդի կող­մէ։

Կի­րակի օրուայ յի­շատակ­ման վայ­րե­րէն մէկն էր «Լուիզըն­հօֆ» գե­րեզ­մա­նը, ուր զե­տեղուած է Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան երեք ժո­ղովուրդնե­րու՝ հա­յերու, ասո­րինե­րու եւ պոն­տա­ցի յոյ­նե­րու զո­հերուն ձօ­նուած յու­շարձան մը։ Օրը շա­րու­նա­կուե­ցաւ ՀՀ Գեր­մա­նիոյ Դես­պա­նու­թեան, Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Առաջ­նորդա­րանի, Գեր­մա­նահա­յոց Կեդ­րո­նական Խոր­հուրդի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած յու­շա­տօնով։

Նոյն օր Միւնխէ­նի եւ ՔԷօլ­նի հայ հա­մայնքներն ալ մէկ­տե­ղուած էին ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերը յի­շատա­կելու հա­մար Սուրբ Սա­հակ-Մես­րոպ Առաջ­նորդա­րանի Եկե­ղեցին։

Կ՚առ­ժէ նշել որ բո­լոր մի­ջոցա­ռումնե­րուն իրենց մաս­նակցու­թիւնը կը բե­րէին շրջա­նային վար­չութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը, զա­նազան յա­րանուանու­թիւննե­րէն հո­գեւո­րական­ներ, գեր­մա­նացի եւ թուրքիացի ակա­դեմա­կան­ներ, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ