ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը մատնուած է փոթորկոտ ալեկոծումներու։ Խորհրդարանէ ներս պատգամաւորներ այլեւս իրենց խնդիրները արծարծելու համար չեն գոհանար ճառախօսութիւններով ու բանավէճերով, այլ կը դիմեն բռնցքահարուածներու։ Քաղաքական դաշտը այսքան ալեկոծողը եղաւ ՀՏՓ-ի պատգամաւորներու անձեռնմխելիութիւնը վերացնել միտող կամքը։ Երկրի հարաւ արեւելեանի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակի զուգահեռ, իշխող կուսակցութեան եւ հանրապետութեան նախագահի բոլոր սլաքները ուղղուած են պատերազմի դէմ դիրք բռնած ՀՏՓ կուսակցութեան։ Շարունակուող պատերազմը «ահաբեկչութեան դէմ պայքար» ըլլալով ներկայացնող իշխանութիւնը բնականաբար բոլոր խաղաղապաշտներն ալ կը դնէ ահաբեկչութեան գործակալի տեղ։ Այս մեղադրանքէն թէ եւ կ՚ազդուին ակադեմականներ, լրագրողներ, վերլուծաբաններ, նոյնիսկ օտար երկիրներու դեսպաններ, հիւպատոսներ կամ կցորդներ։ Սակայն հալածանքի մեծագոյն բաժինը կը վիճակի ՀՏՓ-ի պատգամաւորներու։
ՀՏՓ-ականներու անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու համար կառավարութեան պատրաստած նախագիծին կը ձայնակցին խորհրդարանի այլ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները։
Վերջին զարգացումներուն մասին «Ակօս»ին հարցումներուն պատասխանող Կարօ Փայլան լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց շարունակուող գործընթացի մասին։ «Մեր երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան վերացումը նախագահ Էրտողանին հրահանգով սկսած գործընթացք մըն է։ Գիտեմ որ իշխող կուսակցութեան մէջ, մանաւանդ ալ կառավարութեան մէջ անձեռնմխելիութիւններուն այս տեսակ հարուածի մը բնոյթով վերանալուն դէմ եղողներ կան։ Բայց անոնք ալ Էրտողանի հրահանգներուն դիմադրելու կարողութիւն չունին։ Սահմանադրութեան յանձնախումբի առաջին նիստը շատ լարուած էր։ Յետոյ այդ լարուածութիւնը կռիւի վերածուեցաւ։ Երկրորդ նիստին դահլիճը արդէն մեր գալէն առաջ լեցուած էր։ ԱՔՓ-ի աւելի քան հարիւր պատգամաւորներ ներկայ էին։ Ասոնք յատկապէս ընտրուած էին, որոնք արդէն որոշած էին կռիւ ստեղծել»։ «Ակօս»ի թղթակիցին «ձեր հայ ինքնութեան հանդէպ ատելութիւնը Խորհրդարանի մէջ ալ կը զգաք» հարցումին պատասխանելով Կարօ Փայլան կը նշէ որ ԱՔՓ կուսակցութեան շարքերուն ալ հայ երեսփոխան մը կայ։ «Անոնք հնազանդող հայ, ծառայող քիւրտ անձայն ձախակողմեան եւ վերջապէս Թայյիպ Էրտողանին հպատակ մարդիկ կ՚ուզեն։ Առարկող, պատուին տէր կանգնող, հաւասարութիւն պահանջող ամէն ինքնութիւն իրենց համար թշնամի է։ Ես իմ ժողովուրդին ապրած աղէտը պարզեցի։ Յայտնի է որ այսքանը անգամ իրենց համար անհանդուրժելի է։ Արդարադատութեան Նախարարի ելոյթին ընթացքին առարկութիւն մը ունեցայ եւ այդ մէկը ազդանշան համարուեցաւ։ Պատգամաւոր Մեհմէտ Մէթինէրի գրգռութիւնով վրաս խուժեցին եւ սկսան հարուածներ տեղացնել։ Մէկ կողմէն ալ կը հայհոյէին ԱՍԱԼԱ-յի չեմ գիտեր ինչը ըսելով։ Նախապէս ալ նման դէպքեր յաճախ ապրած ենք։ Անցեալին ալ ֆաշիստներ մերթ ընդ մերթ այսպէս վստահած են իրենց հզօրութեան, բայց յետոյ յուսախաբութիւնը շատ ծանր եղած է։ Այսօր ալ իրենք զիրենք հզօր կարծողները ահաւոր պիտի սայթաքին։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ապրուածը ֆաշիզիմ է։ ՀՏՓ ներկայ դրութեան մէջ միակ ընդդիմադիր ձայնն է երկրին մէջ։ Հետեւաբար բնական է անոր ենթարկուած հալածանքը։ Կը վախնան եւ վախցող մարդ ամէն ինչ կրնայ ընել»։