Նախորդ Կիրակի ինչպէս աշխարհի բոլոր երկիրներէ ներս Թուրքիոյ քաղաքներու մէջ ալ նշուեցաւ Մայիս 1-ը Բանուորներու Զօրակցութեան Օր։ Թուրքիոյ մէջ տիրող լարուած իրավիճակի բերմամբ Մայիս 1-եան տօնակատարութիւնները զուրկ էին նախորդ տարիներու ոգեւորութենէն։ Սակայն յատկապէս ալ Տիյարպէքիրի մէջ հայեր ոգեւորութեամբ կը մասնակցէին շքերթին ձեւով մը շեշտելու համար պատերազմի իրավիճակին մէջ անգամ իրենց դիմադրութեան կորովը։ Անոնք այս առթիւ պատրաստած էին մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ուր կը յիշէին տակաւին կայսրութեան տարիներէն հիմք դրած Մայիս 1-եան ոգին հայ աշխատունակ դասակարգի մէջ։ Տիյարպէքիրի հայերը կ՚ակնարկէին 1908-ին Կարինի մէջ դաշնակցականներու եւ հնչակներու միասնաբար տօնած Մայիս 1-ը։