Ասորիներ դէպի նախակրթարան

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹէՔԻՆ

uygargultekin@agos.com

Իդէմ Թուրքիոյ մէջ գործող հայ, յոյն եւ հրեայ փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն, ասորիները զրկուած էին իրենց յատուկ դպրոց մը ունենալու իրաւունքէն։ Ասորի համայնքի դէպի Կրթութեան Նախարարութիւն 2013-ին կատարած վերջին դիմումն ալ ժխտական պատասխան ստացաւ։ Ասորիներ ատկէ ետք դատարան դիմեցին եւ դատական վճիռով ապահովեցին դպրոց բանալու իրաւունքը։ Այսպէս 2013-ին ասորական մանկապարտէզը՝ Մոր Էֆրէմ, 22 սաներով սկսաւ աշխատութեան։ Այժմ ասորիներու Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Սայիտ Սուսին կը պատրաստուի նախակրթարան հիմնելու։ «Կ՚ուզենք յառաջիկայ ուսման տարեշրջանին իրականացնել նախակրթարանի բացումը։ Ուսման ծրագիրը պէտք վաւերացուի Կրթութեան Նախարարութեան կողմէ։ Իսկ դասագիրքերու եւ ծրագրի մշակման համար կ՚օգտուինք Մարտինի –Արթուքլու Համալսարան-ի աշխատութիւններէն»։

Ասորիները հանրապետութենէ առաջ ունեցած են իրենց դպրոցները որոնց վերջինը գործունէութենէն դադրած էր 1928-ին Մարտինի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ