Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային ծրագիր

Հա­յերէն լե­զուի եւ առ­հա­սարակ հայ մշա­կոյ­թի հան­դէպ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նա­կուող ան­տարբե­րու­թիւնը վեր­ջա­պէս կը վե­րածուի նոր հու­նի մը։ Յատ­կա­պէս Թուրքիոյ մէջ յան­­կարծա­­կի ըսե­­լու ար­­ժա­­­նի ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի մէջ հա­­յոց լե­­զուն, գրա­­կանու­­թիւնը ընդհա­­նուր առ­­մամբ մշա­­կոյ­­թը կը գտնէ, ար­­ժա­­­նի հե­­տաքրքրու­­թիւնը։ Զա­­նազան հա­­մալ­­սա­­­րան­­ներ կը հիմ­­նեն հա­­յերէ­­նի դա­­սըն­­թացքներ, եթէ ոչ հա­­յագի­­տու­­թեան ամ­­պիոն­­ներ։ Անցնող ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծին մէջ տի­­րող քայ­­քա­­­յու­­մին իբր հե­­տեւանք շատ ան­­գամ այս տե­­սակի նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րը կը դժուարա­­նան պատ­­րաստուած մաս­­նա­­­գէտ գտնե­­լու խնդրին մէջ։ Վեր­­ջերս Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկը յա­­տուկ աշ­­խա­­­տու­­թիւն կը տա­­նէր այս ոլոր­­տէ ներս գո­­յացած պա­­հան­­ջը դի­­մագրա­­­ւելու հա­­մար։ Ի վեր­­ջոյ կա­­տարուած աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը հա­­սած են նոր նա­­խագիծ մը իրա­­կանաց­­նե­­­լու հանգրուանին։ Այս նա­­խագի­­ծը կը ներ­­կա­­­յանայ հա­­յոց լե­­զուի ու մշակոյթի մա­­սին դա­­սաւան­­դութեան դրու­­թեամբ։ Ար­­դա­­­րեւ հիմ­­նարկը կը հա­­ղոր­­դէ թէ 11 Յու­­լիս- 12 Օգոս­­տոս թուական­­նե­­­րու մի­­ջեւ պի­­տի գոր­­ծադրէ միամ­­սեայ ծրա­­գիր մը ձօ­­նուած՝ հայ լե­­զուի եւ մշա­­կոյ­­թի։ Այս ծրա­­գիրով պի­­տի դա­­սաւան­­դուին արեւմտա­­հայ լե­­զու երեք մա­­կար­­դակնե­­րով։ Դա­­սըն­­թացքը պի­­տի տե­­ւէ հինգ շա­­բաթ, իւ­­րա­­­քան­­չիւր շաբ­­թուայ օրե­­րու առա­­ւօտեան երեք ժա­­մերուն։ Աւար­­տին այս ըն­­թացքը պի­­տի կազ­­մէ 75 դա­­սաժամ, որու տե­­ւողու­­թեամբ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը պի­­տի ձեռքբե­­րեն հե­­տեւեալ կա­­րողու­­թիւննե­­րը։ Առա­­ջին մա­­կար­­դա­­­կին պի­­տի մաս­­նակցին սկզբնակ­­ներ, որոնք պի­­տի սոր­­վին այ­­բուբե­­նը, առօ­­րեայ ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րու գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը եւ ու­­նակ պի­­տի ըլ­­լան հա­­յերէ­­նով կազ­­մուած պարզ նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րը հասկնա­­լու։ Երկրորդ մա­­կար­­դա­­­կի հե­­տեւող­­նե­­­րը ար­­դէն առա­­ջին մա­­կար­­դա­­­կին տի­­րապե­­տող յատ­­կութիւն ու­­նե­­­ցած պի­­տի ըլ­­լան, ուր պի­­տի կրնան հասկնալ գրու­­թեան մը պա­­րու­­նա­­­կու­­թիւնը եւ ար­­տա­­­յայ­­տուիլ որոշ ոլորտնե­­րու մէջ։ Եր­­րորդ մա­­կար­­դա­­­կի հե­­տեւող­­ներ ար­­դէն ու­­նե­­­ցած պի­­տի ըլ­­լան առա­­ջին եւ երկրորդ մա­­կար­­դակնե­­րուն թե­­լադ­­րած հիմ­­նա­­­կան գի­­տելիք­­նե­­­րը ու պի­­տի զար­­գացնեն լե­­զուի տի­­րապե­­տելու իրենց մա­­կար­­դա­­­կը։

Հայ մշա­­կոյ­­թի նիս­­տեր պի­­տի կա­­յանան Եր­­կուշաբ­­թիէն մին­­չեւ Հինգշաբ­­թի ցե­­րեկէ ետք։ Մշա­­կոյ­­թի դա­­սըն­­թացքնե­­րը պի­­տի քննար­­կեն հա­­յոց պատ­­մութիւն, գրա­­կանու­­թիւն, մշա­­կոյթ, գե­­ղարուեստ, պոլ­­սա­­­հայ գա­­ղու­­թի պատ­­մութիւն, հայ­­կա­­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն եւ ար­­դի խնդիր­­ներ։ Բա­­ցի այս բո­­լորէն, պի­­տի կազ­­մա­­­կեր­­պուին նաեւ երաժշտու­­թեան, պա­­րի, խո­­հարա­­րու­­թեան, շար­­ժանկա­­րի աշ­­խա­­­տանոց­­ներ ու մշա­­կու­­թա­­­յին շրջապ­­տոյտներ, այ­­ցե­­­լու­­թիւններ, զրոյցներ։

Լե­­զուի եւ մշա­­կոյ­­թի դա­­սըն­­թացքնե­­րուն կա­­րելի է հե­­տեւիլ որ­­պէս իրար ամ­­բողջաց­­նող բա­­ղադ­­րեալ­­ներ եւ կամ որ­­պէս առան­­ձին դա­­սըն­­թացքներ։ Այս աշ­­խա­­­տու­­թեան մաս­­նակցու­­թեան հա­­մար կը պա­­հան­­ջուի ամ­­բողջա­­կան ծրա­­գիրի մաս­­նակցող­­նե­­­րէն 350 Եւ­­րօ, իսկ միայն լե­­զուի կամ մշա­­կոյ­­թի դա­­սըն­­թացքնե­­րէն մէ­­կը ընտրող­­նե­­­րէն 200 Եւ­­րօ։ Ար­­ձա­­­նագ­­րութեան իբ­­րեւ վեր­­ջին ժամ­­կէտ ճշդուած է 1 Յու­լիս թուակա­նը։ Լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թիւններ ստա­նալու հա­մար կա­րելի է դի­մել Տի­կին Հեր­մի­նէ Սա­յանին info@hrantdink.org էլ-նամակով կամ +90 212 240 33 61 հեռախօսահամարով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ