Մտահոգիչ պայթում Երեւանի մէջ

25 Ապ­­րիլ Եր­­կուշաբ­­թի երե­­կոյեան Հա­­յաս­­տա­­­նեան հե­­ռուստա­­կայան­­նե­­­րը յան­­կարծ ընդհա­­տեցին իրենց հա­­ղոր­­դումը տե­­ղեկաց­­նե­­­լու հա­­մար վեր­­ջին պա­­հու զար­­գա­­­ցու­­մը։ Ժա­­մը գի­­շերուայ 21։50-ի շուրջ Նոր Նոր­­քի ին­­նե­­­րորդ զան­­գուածէն 15-րդ թա­­ղամաս իր սո­­վորա­­կան եր­­թը կա­­տարող 63 հա­­մար հան­­րա­­­կառ­­քը պայ­­թած էր Հա­­լապեան փո­­ղոցի վրայ։ Հե­­ռուստա­­կայան­­նե­­­րը կը հա­­ղոր­­դէին նախ­­նա­­­կան տուեալ­­նե­­­րը՝ ըստ որու տեղ­­ւոյն վրայ մա­­հացած էին եր­­կու անձ եւ 6 վի­­րաւո­­րեալ­­ներն ալ հի­ւան­­դա­­­նոց փո­­խադ­­րուած։ Առա­­ջին հեր­­թին ու­­շադրու­­թիւննե­­րը սե­­ւեռուած էին ինքնա­­շար­­ժի թեք­­նի­­­կական յատ­­կութիւննե­­րուն։ Սա­­կայն շու­­տով պար­­զուեցաւ որ ան կը բա­­նէր ո՛չ թէ կա­­զով այլ տի­­զէլ վա­­ռելա­­նիւ­­թով։ Նոյն գի­­շեր դէպ­­քի վայր փու­­թա­­­ցող դա­­տախա­­զու­­թիւնը կը խու­­սա­­­փէր ոչ յստակ տե­­ղեկու­­թիւններ հրա­­պարա­­կելէ։ Յա­­ջորդ օր կա­­տարուած քննու­­թիւննե­­րով յայտնա­­բերուեցաւ բջջա­­յին հե­­ռախօ­­սի մը քար­­տը, որու ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնով պար­­զուեցաւ տի­­րոջ ինքնու­­թիւնը եւ հաս­­ցէն։ Հաս­­ցէի վրայ կա­­տարուած քննու­­թեան հե­­տեւան­­քով բնա­­կարա­­նին մէջ գտնուեցան «թրո­­թիլ» տե­­սակի պայ­­թուցիկ նիւթ, պայ­­թուցիչ սար­­քեր եւ տար­­բեր տե­­սակի ելեքտրա­­սար­­քեր։

Քննիչ­­նե­­­րու հա­­մաձայն դէպ­­քը ահա­­բեկ­­չա­­­կան բնոյթ չի կրէր եւ պայ­­թուցիկ սար­­քե­­­րը պի­­տի օգ­­տա­­­գոր­­ծուէին ըն­­տա­­­նեկան հա­­շիւ մը մաք­րե­լու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ