ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹէՔԻՆ
uygargultekin@agos.com
Որքան ալ զինեալ բախումները դադրած երեւան, Տիյարպէքիրի միջնաբերդեան Սուր թաղամասի պաշարման վիճակը ցարդ կը շարունակուի։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պաշտօնաթերթի 25 Մարտի համարին մէջ հրապարակուած էր Նախարարաց Խորհուրդի շտապ պետականացման որոշումը։ Այս որոշումով թաղամասի 6.300 հողամասը պետականացուած կը համարուէր, որուն մէջ կը մտնէին բազմաթիւ եկեղեցիներ, մզկիթներ եւ այլ հասարակապատկան շինութիւններ։ Անոնց կարգին էր նաեւ Հայոց Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին։ Նախապէս անդրադարձած էինք ասորի եւ կաթողիկէ համայնքներուն պետականացման դէմ դատարան դիմելու որոշումը։ Այժմ կը լսենք որ Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ թաղականութեան փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու ալ դատարան դիմած է Վարչապետութեան եւ Քաղաքաշինութեան Նախարարութիւններու դէմ։ 21 Ապրիլ թուակիր աղերսագրին մէջ փաստաբանը կը նշէ որ պետականացման որոշումը կը հակասէ գործող իրաւաբանութեան եւ Վճռաբեկ Ատեանն ալ անցեալին այս տեսակ որոշումներ ջնջող վճիռներ ունի։ Էլպէյօղլու կ՚առարկէ ամբողջական որոշումին դէմ եւ յիշեցնէ թէ իւրաքանչիւր կալուածի համար պետականացման պատճառաբանութիւն պէտք է ներկայացուի։ «Եկեղեցիները, վանքերը պահպանումը անհրաժեշտ մշակութային արժէք ներկայացնող կալուածներ ըլլալով կը նշուին։ Նախարարաց Խորհուրդի պետականացման որոշումը անտեսած է Մշակութային եւ Բնական Ինչքերու Պահպանման Մասին Օրէնքը»։ Փաստաբանը կը յիշեցնէ որ Տիյարպէքիրի միջնաբերդը նշուած է ՈՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային Մշակոյթի Ժառանգի ցանկին մէջ։ Բացի այդ, այս որոշումը կը հակասէ նաեւ Լոզանի Դաշնագրի տրամադրութեան։ «Լոզանի Դաշնագիրը փոքրամասնութիւններուն կը ճանչնայ ամէն տեսակի բարեգործական, կրօնական եւ ընկերային հաստատութիւններու հիմնադրութիւնը եւ վարչութիւնը։ Համաձայնագրի 42-րդ յօդուածով Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը խոստանայ այս հաստատութիւններու պահպանումը։ Շտապ պետականացումով ոտնակոխուած կ՚ըլլայ Լոզանի Դաշինքը եւ Թուրքիոյ Սահմանադրութեան 90-րդ յօդուածը»։
Կառավարութեան Տիյարպէքիրի մէջ մեծ հակազդեցութեան պատճառ դարձած այս որոշումին դէմ փաստաբանի դատարան յանձնած դիմումնագիրը իր բովանդակութիւնով պատմական վկայագրի մը վերածուած է։ «Պետականացման որոշում կայացուած Սուրբ Կիրակոսը Միջին Արեւելքի մեծագոյն հայկական եկեղեցին է։ Վերջին տարիներուն կատարուած վերանորոգութիւնով համայն հայութեան ուշադրութեան արժանացած է։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն հայեր ուխտագնացութեան կու գան դէպի այս եկեղեցի։ Վերանորոգութիւնը եւ խնամքը կը կատարուի թաղական խորհուրդի կողմէ։ Եկեղեցին թաղական խորհուրդին իրաւասութենէն դուրս գալով չի կրնար իր գոյութիւնը պահել։ Սոյն պետականացման որոշումով իշխանութիւնը եկեղեցին փլելու լիազօրութիւն կը ստանայ։ Նոյնիսկ եթէ համոզուինք որ չեն փլեր, պետական պաշտօնէութիւնը չի կրնար կրօնաւորներու, քահանաներու վարձատրութիւնը եւ եկեղեցւոյ այլ ծախսերը ստանձնել։ Պետականացման որոշումը դէմ է Լոզանի Դաշնագրին, սահմանադրութեան, նախորդ կիրարկումներուն եւ վերջապէս մարդկային խղճին»։
Տիյարպէքիրի Քաղաքապետարանը, Ճարտարապետներու Սենեակը, Փաստաբաններու Կաճառը եւ անհատ քաղաքացիներ եւս դատ բացած են կառավարութեան շտապ պետականացման որոշումին ջնջուելուն համար։ Այս դատերը համակարգելու եւ հետապնդելու նպատակով կազմուած է «Սուր Թաղամասը Ապրեցնելու եւ Պահպանելու Հարթակ» մը։ Հարթակի իրաւական յանձնախումբի անդամ փաստաբան Տէվրիմ Պարըշ Պարան «Ակօս»ին յայտնեց թէ իրենց յանձնախումբի միջոցաւ դատ բացողներուն թիւը հասած է 600-ի։
Գուրշունլու Ճամի եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կրած ծանր վնասին փոխարէն Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մայր Տաճարը չէ վնասուած։ Վնասուած են միայն յարակից շէնքերը եւ եկեղեցւոյ մուտքի դուռը։