ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Երէկ հայ կին մը զոհ գնաց հակառակ թշնամական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութեան արձակուած հրասանդին։ Մենք հալէպահայերս խոր վիշտ զգացինք եւ տարակուսանք հանդէպ հրադադարը։
Այսօր լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Պոլսոյ մէջ անձնասպանական ահաբեկչութեամբ կատարուած պայթիւնին հետեւանքով զոհուած են հինգ հոգի։ Ես խոր ցաւ զգացի զոհերուն համար։ Քիչ ետք դիմատետրի՝ Facebook-ի էջերը գրաւուած էին այս պայթիւնին լուրերով։
Մէկը մեկնաբանութիւն ըրած էր եւ հարցուցած. «Միայն հի՞նգ»։
Վիրաւորանք զգացի։ ինչպէ՞ս թէ միայն հինգ։ Մենք անմեղներու սպաննութեամբ կ՚ուրախանայի՞նք. որքան մեծ ըլլար զոհերու թիւը աւելի՞ պիտի ուրախանայինք, որովհետեւ զոհուողները մեր թշնամի թուրքե՞րն են, որոնց հետ տակաւին չլուծուած հա՞րց ունինք, որոնց պետութիւնը 100 տարի առաջ մէկ ու կէս միլիոն հա՞յ սպաննած, բռնագաղթի ճանապարհներուն վրայ։
Ընդվզեցայ այդ չարախնդացողին անմարդկայնութեան դէմ։ Արտայայտե՞մ թէ չարտայայտեմ իմ ընդվզումս... կը վախնայի իմ ազգակիցներուս կողմէ սխալ հասկցուելէ... սակայն աչքի առնելով նոյնիսկ կարգ մը բարեկամներուս բարկութիւնը,Aleppo Armenians-ի դիմատետրային էջին վրայ գրեցի.
«Միա՛յն հի՞նգ։ Չեմ ուզեր ոեւէ մէկուն ազգային զգացումները վիրաւորել բայց... ինչպէ՞ս ու ինչո՞ւ կ՚ուրախանանք։ Ասիկա մեր հարցին լուծում չի տար։ Պարզապէս յիշեցէ՛ք՝ զոհերը ՄԱՐԴ են, Հալէպի, Փարիզի, Ափրիկէի եւ այլ տեղեր սպաննուած անիմաստ զոհերու նման, Հալէպի մէջ երէկուայ զոհուած հայուհիին նման։ Պիտի խնդրեմ որ զիս նուազ հայ չսեպէ՛ք։ Աւելցնեմ. Պոլսոյ պայթումէն վիրաւորուած է նաեւ 39 տարեկան հայ մը՝ կարդացած թրքերէնովս՝ Օգսէն Հաճանեան»։
Գրեցի եւ սպասեցի յարձակումներու։ Մարդիկ դեռ դէմ յանդիման կանգնած են իրենց չլուծուած հարցին հետ, տակաւին ցեղասպանութեան յիշողութիւնը շատ թարմ է եւ չկրնար ջնջուիլ հայոց միտքերէն ու հոգիէն...
Եւ սկիզբ առին անդրադարձերը՝ բազում -եր կը տեղային ազգակիցներուս կողմէ՝ ծանօթ թէ անծանօթ, աշխարհի չորս կողմէն բազմաթիւ հայեր իրենց ցաւն ու տխրութիւնը կը յայտնէին «Իսթիքլալ» փողոցի անմեղ զոհերուն համար։ Իւրաքանչիւր իկը-ի հետ կը յուզուէի եւ կուրծքս հպարտութեամբ կ՚ուռչէր. Հայերը չէին կրնար ուրախանալ անմեղ զոհերու սպանութեամբ, անոնք կը վշտակցէին իրենց անծանօթ՝ թէեւ թշնամի երկրի, զաւակներուն համար...
Կ՚ընդունիմ որ հատուկենտ ուրախացողներ ալ կային, թերեւս թուրքերուն մէջ ալ գտնուին այդպիսիներ, կային անտարբերներ, որոնք ո՛չ տխրած էին եւ ոչ ալ ուրախացած։
Սակայն, բազմաթիւ էին նաեւ կցուած մեկնաբանութիւնները, որոնց մէջ մեղադրելով հանդերձ թրքական պետութիւնը սուրիական տագնապի հրահրման մէջ, մատնանշելով հանդերձ թէ տակաւին թրքական պետութիւնը կը յամառի չընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, արձագանգողները միայն ու միայն իրենց վիշտն ու ցաւը կ՚արտայայտէին՝ եղածը մարդկային ողբերգութիւն համարելով։
Եւ ես հասկցայ. հայերը ընդունակ չեն սպանութեամբ իրենց ազգային հարցը լուծելու։ Անոնց համար մարդը կը մնայ մարդ, անոնք չեն կրնար նմանիլ այն ազերիներուն, որոնք 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժի օրերուն Հայաստան մտնող շոգեկառքերուն վրայ շնորհաւորական խօսքեր կը գրէին, երբ 25 հազար հայ զոհերուն մահը կը սգար ամբողջ երկրագունդը։
Մենք ցաւ զգացած ենք եւ կը զգանք բոլոր անմեղ զոհերուն համար, ուր եւ ինչպիսի ոճիրի ալ զոհ երթան անոնք՝ Պոլիս, Պէյրութ, Հալէպ, Ուրֆա, Թունիս, Փարիզ։
Այո՛, այո՛, ես հպարտ եմ իմ ազգակիցներուս մտածելակերպով եւ զգացմունքներով։
Մենք չենք կրնար հրաժարիլ մեր ազգային յիշողութենէն եւ կը պայքարինք յանուն մեր իրաւունքներուն՝ մեր դատին արդար լուծում կը պահանջենք՝ մարդկայնօրէն։ Նոյն վերաբերմունքն ալ կ՚ակնկալենք մեր հարեւաններէն։
Մենք չե՞նք յիշեր, վստահ եմ մեր հարեւաններն ալ կը յիշեն. «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ Տինք ենք» Գոչումներն ու պաստառները։
Պոլսոյ մէջ չէ՞ր այս պոռթկումը, զոր հայերուն հետ, (հայերէն ալ առա՞ջ) կը կատարէին հազարաւոր թուրքեր ու քիւրտեր։
Հալէպ 19 Մարտ 2016