13Ապրիլին կայացած Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները կը յայտարարուին, ըստ որոնց երկու հայազգի ներկայացուցիչ ընտրուած են որպէս երեսփոխան։ Ըստ Հալէպահայ շաբաթաթերթ Գանձասարի լուրին, երկու երեսփոխանները ընտրուած են նախընտրական փուլի 7 թեկնածուներու շարքէն։
Նորընտիր խորհրդարանի երկու անդամներն են Բերիոյ Թեմի մամլոյ խօսնակ, Ազգային Սահակեան Վարժարանի տնօրէն Ժիրայր Ռէյիսեան եւ Դամասկոսի Պետական Համալսարանի Հայկական Ամբիոնի վարիչ, Արաբ Գրողներու միութեան անդամ Նորա Առիսեան։ Պատերազմի առաջին օրերէն ի վեր, համաշխարհային հայկական մամուլին առաջին հասցէն եղած է Ժիրայր Ռէյիսեան, ով բազմիցս ներկայանալով լրատուամիջոցներու հարթակներէն, տեղեկութիւններ փոխանցած է պատերազմի անց ու դարձին վերաբերեալ։ Նորա Առիսեան հանրածանօթ է գիտական շրջանակներու մօտ իր դոկտորականի թէզով, պաշտպանուած Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Բաժնին մէջ, որ նիւթ կ՚առնէ սուրիական մամուլին անդրադարձը հայոց ցեղասպանութեան։
Պատերազմական թէժ պայմաններու տակ իրականացած ընտրութիւնները կու գան այն ժամանակ, երբ Սուրիոյ ժողովուրդը, անոնց կարգին նաեւ սուրիահայ համայնքը, կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակները։ Մինչ վարչակարգը ընտրութիւնները կը տեսնէ որպէս իր հաստատակամութեան խորհրդանիշ, ընդդիմադիր ուժեր հարցականի տակ կը դնեն ընտրութիւններու օրինականութիւնը, երբ միլիոնաւոր մարդիկ առիթ չունին ընտրելու, ըլլալով երկրէն դուրս փախստական կարգավիճակի մէջ, եւ կամ երկրէն ներս, սակայն ընտրատեղի ներկայանալու անկարող։
Հարկ է նշել, թէ Սուրիական Խորհրդարանի մէջ հայ համայնքը միշտ ունեցած է ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ հայազգի անհատներ նուաճած են կարեւոր վարչական դիրքեր։
Անցեալ շաբաթ Իսթանպուլի մէջ կայացած Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան 13-րդ վեհաժողովի ընդունած Եզրափակիչ հռչակագրի 16-րդ յօդուածով կը դատապարտէ Հայաստանը Արցախեան հակամարտութեան ծիրէն ներս։ Ատրպէյճանի առաջարկութեամբ առաջադրուած յօդուածին մէջ Հայաստանին կը թելադրուի «անյապաղ դուրս գալ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանական այլ տարածքներէն»։ Յօդուածը խօսք կ՚ուղղէ նաեւ Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման միջնորդ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խմբակին, թելադրելով «յաւելեալ ջանք թափել խնդրի արդար լուծման»։
1969-ին հիմնուած Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը բաղկացած է 57 Իսլամական պետութիւններէ, որոնց կարգին է նաեւ Ատրպէյճանը 1991-էն ի վեր։ Այդ ժամանակէն ի վեր Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան բոլոր վեհաժողվները ընդունած են Ատրպէյճանի ի նպաստ յօդուածներ եւ յայտարարութիւններ։ Այս տարուան Իսթանպուլի 13-րդ վեհաժողովին եզրափակիչ նիստին, որուն ընթացքին պիտի ընդունուէր վերոնշեալ հռչակագիրը, ներկայ չէ գտնուած Իրանի պատուիրակութիւնը։ Հարկ է նշել թէ հռչակագիրը նաեւ կ՚ընդգրկէ մեծ թիւով մեղադրանքներ ուղղուած Իրանի դէմ, եւ որոնց մեծ մասը առաջադրուած են Սէուտական Արաբիոյ կողմէ։ Արցախեան հակամարտութեան վերաբերող 16-րդ յօդուածի ընդունման քուէարկութեան ժամանակ ձեռնպահ մնացած է միայն Լիբանանի հանրապետութիւնը։
Մինչ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան մեղադրած է կազմակերպութիւնը իրականութիւնները խեղաթիւրելու մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա կաթողիկոսը շնորհաւորած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ Սալամին, իր պատուիրակութեան ընդունած դիրքին համար։