Աւրորա կը տրուի Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ

Աշխարհի տարբեր քաղաքներու, զանազան Ապրիլ 24-եան ձեռնարկներու շարքին, Մատենադարանը կը պատ­րաստուի հիւ­րընկա­լել «Արթնցող Մարդկու­թեան հա­մար Օրո­րա Մրցա­նակ»ի եր­կօ­րեայ մի­ջոցա­ռումնե­րը։

Օրո­րա Մրցա­նակի հիմ­նա­դիր­նե­րը կը յայ­տա­րարեն թէ մրցա­նակը կը տրուի մար­դա­սիրա­կան նպա­տակով աշ­խա­տող եւ կեան­քեր փրկող­նե­րու, ի յի­շատակ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկուած­նե­րուն, եւ անոնց փրկու­թեան հա­մար աշ­խա­տող­նե­րուն։ Մրցա­նակը կը տրուի մար­դա­սիրա­կան ոլոր­տի մէջ աշ­խա­տող ան­հա­տի մը, եւ կը ներ­կա­յաց­նէ 100 հա­զար ԱՄՆ տո­լարի պար­գեւ, զոր իր կար­գին կ՚առա­ջար­կէ կազ­մա­կեր­պութիւն մը որ կաշ­խա­տի նոյն ոլոր­տին մէջ եւ իր հերթին կ՚ար­ժա­նանայ 1 մի­լիոն ԱՄՆ տո­լարի պար­գե­ւի։ Ընտրող յանձնա­ժողո­վի ան­դամներն են մար­դա­սիրա­կան աշ­խա­տան­քով ծա­նօթ դե­րասան եւ բե­մադ­րիչ Ճորճ Քլու­նի, Նիւ Եոր­քի Քար­նե­կի հիմ­նարկի տնօ­րէն Վար­դան Գրի­գորեան եւ Խա­ղաղու­թեան Նո­պելեան մրցա­նակի դափ­նե­կիր­ներ Էլի Ուէյ­սէլ, Լէյհմայ Կը­պաուի, ՄԱԿ-ի նախ­կին մար­դա­սիրա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ Հի­նա Ճի­լանի, Աւստրա­լիոյ նախ­կին արտգործնա­խարար Կա­րէթ Էվանս, Իռ­լանտա­յի Հան­րա­պետու­թեան նախ­կին նա­խագահ Մա­րի Ռո­պին­սըն, Քոս­թա Ռի­քայի նա­խագահ Օս­քար Արիաս եւ Իրա­նի առա­ջին կին դա­տախազ, Նո­պելեան մրցա­նակա­կիր Շի­րին Էպա­տի։

Թեկ­նա­ծու­ներ բո­լոր աշ­խարհէն

Դա­տական կազ­մին բո­լոր աշ­խարհէն հա­սած թեկ­նա­ծու­նե­րէն ընտրուած են չորս ան­հատներ, որոնց մէ­ջէն դափ­նե­կիր պի­տի ընտրուի այս Ապ­րիլ 24-ին Երե­ւանի մէջ, եւ պի­տի յանձնուի Ճորճ Քլու­նիի ձե­ռամբ։ Չորս թեկ­նա­ծու­ներն են.

Մար­գա­րիտ Պա­րան­կի­ցէ (Պու­րունտի)-Փրկած է հա­զարա­ւոր կեան­քեր քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մի ըն­թացքին, խնա­մելով որ­բեր եւ փախստա­կան­ներ։ Ան­ձամբ փրկած է 30 հա­զար որ­բե­րու կեան­քը, 2008-ին իր հիմ­նած հի­ւան­դա­նոցին մէջ օգ­նութիւն ստա­ցած են 80 հա­զար մար­դիկ։

Թոմ Քա­թինա (Սու­տան)- Ամե­րիկա­ցի բժիշկ, որ պա­տաս­խա­նատու է Հիւ­սի­սային եւ Հա­րաւա­յին Սու­տաննե­րու սահ­մա­նակից Նու­պա լեռ­նե­րու շրջա­նի 500 հա­զար բնա­կիչի կեան­քէն, ըլ­լա­լով շրջա­նի միակ բժիշ­կը։

Սա­յիտա Ղու­լամ Ֆա­թիմա–Փա­քիս­թան։ Պարտքի դի­մաց աշ­խա­տան­քի ստրուկներ ազա­տելուն նուիրած իր աշ­խա­տան­քով ազա­տած է 80 հա­զար բա­նուոր, անոնց կար­գին 21 հա­զար երա­խայ աշ­խա­տաւոր։

Հայր Պեր­նարտ Քի­նուի (Կեդ­րո­նական Ափ­րի­կեան Հան­րա­պետու­թիւն) - Կը ղե­կավա­րէ երկրի Կա­թոլիկ մի­սիոնը, որ բաղ­կա­ցած է եկե­ղեցիէ, դպրոցէ եւ հի­ւան­դա­նոցէ։ 2012 թուակա­նին բռնկած քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մին մարտնչող եր­կու կող­մե­րուն միատեղ առող­ջա­պահա­կան օգ­նութիւն կը տրա­մադ­րէ իր ղե­կավա­րած մի­սիոնը։

Թեկ­նա­ծու­նե­րու առա­ջար­կած կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կար­գին են Ափ­րի­կեան առող­ջա­պահա­կան հիմ­նադրա­մը, Կա­պուած աշ­խա­տաւո­րու­թեան ազա­տու­մի ճա­կատը եւ այլ կազ­մա­կեր­պութիւններ, որոնց ամ­բողջա­կան ցան­կը կա­րելի է տես­նել հե­տեւե­լով այս յղու­մին՝auroraprizemedia.com/2016-nominated-organizations։

Քննար­կումներ մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րու շուրջ

Օրո­րա Մրցա­նակը կը մեկ­նարկէ չորս քննար­կումնե­րով, «Օրո­րա Տա­յալոկզ» վեր­նա­գիրի տակ։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին են Օրո­րա մրցա­նակի թեկ­նա­ծու­նե­րը, մրցա­նակի անձնա­կազ­մը եւ այլ առա­ջատար գիտ­նա­կան­ներ, բա­րերար­ներ, մա­մու­լի աշ­խա­տակից­ներ, մար­դա­սիրա­կան ոլոր­տի մաս­նա­գէտ­նե­ր ի մի կու գան քննար­կե­լու հա­մաշ­խարհա­յին մար­դա­սիրա­կան խնդիր­ներ, ինչպէս «Ուա­շինկթըն Փոս­տ»ի սիւ­նա­կագիր Տէյ­վիտ Իկ­նա­թիուս, «Պոս­թըն Կլո­պ»ի սիւ­նա­կագիր Սթիվ Քիւրքճեան, Քո­լումպիայի հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս Էտուըրտ Լաք, Միացեալ Նա­հանգնե­րու ՄԱԿ-ի դես­պան Նէն­սի Սո­տըր­պըրկ եւ ՄԱԿ-ի Հիմ­նադրա­մի աւագ խոհրդա­կան Կիլ­լիան Սո­րէն­սէն։

Քննար­կումնե­րը կը կա­յանան զրոյցնե­րու եւ հարց-պա­տաս­խաննե­րու դրու­թեամբ, բաց են հան­րութեան եւ կը սփռուին հա­մացան­ցի վրա­յով։ Չորս քննար­կումնե­րու ոլորտներն են՝

1- Մար­դա­սիրա­կան խնդիր­նե­րու հա­մաշ­խարհա­յին իրա­վիճա­կը։ Նիս­տը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Մար­դա­սիրա­կան Ին­տէքս աշ­խա­տան­քի ար­դիւնքնե­րը, ի յայտ բե­րելով տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ մար­դոց վե­րաբեր­մունքը մար­դա­սիրա­կան խնդիր­նե­րու վե­րաբե­րեալ։ Մաս­նա­գէտ­նե­րը պի­տի ար­ծարծեն թէ ինչպէս կա­րելի է հա­կադար­ձել թէժ մար­դա­սիրա­կան խնդիր­նե­րուն։

2- Փրկել աշ­խարհի գաղ­թա­կան­նե­րը, Սուրիա եւ այ­լուր։ Նիս­տը պի­տի ար­ծարծէ գաղ­թա­կանու­թեան ար­մա­տական պատ­ճառնե­րը, եւ քննար­կէ թէ ինչ կա­րելի է սոր­վիլ պատ­մութե­նէն։

3- Կա­նանց դե­րը մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սիրա­կան հան­րութեան մօտ։ Զա­նազան փոր­ձա­ռու­թեան տէր կա­նայք կը միանան այս նիս­տին շուրջ, քննար­կե­լու թէ ինչպէս կրնան միջ­նորդի դեր ստանձնել հա­սարա­կու­թեան փո­փոխու­թեան մէջ։

4- Լու­սարձա­կի տակ առ­նել ճգնա­ժամը։ Նիս­տը պի­տի քննար­կէ մա­մու­լին դե­րը ճգնա­ժամա­յին իրա­վիճակ­նե­րու մէջ։ Մաս­նա­կից­նե­րը պի­տի ար­ծարծեն թէ զա­նազան պա­րագա­ներուն մա­մու­լը ինչպէս ար­ձա­գան­գած է մար­դա­սիրա­կան խնդիր­նե­րու։

Հա­յաս­տա­նի Զար­գացման Նա­խաձեռ­նութիւններ կազ­մա­կեր­պութիւ­նը

Ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նի Զար­գացման Նա­խաձեռ­նութիւններ կազ­մա­կեր­պութեան՝ Idea Foundation-ի նա­խաձեռ­նութիւն, Օրո­րա մրցա­նակը կը տրուի առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով այս տա­րի։ Հա­յաս­տա­նի Զար­գացման Նա­խաձեռ­նութիւններ կազ­մա­կեր­պութիւ­նը Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին բազ­մա­թիւ զար­գացման ծրա­գիր­նե­րու կող­քին, ու­նի նաեւ հան­րա­յայտ «100 Lives՝ 100 կեան­քեր» ծրա­գիրը, որ հա­մացան­ցա­յին հար­թա­կի վրայ կը զե­տեղէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու եւ անոնց շա­ռաւիղ­նե­րու վե­րապ­րե­լու պատ­մութիւննե­րը։ 100 Կեան­քեր նա­խագի­ծը ու­նի նաեւ «Աշ­խարհը փո­խած 100 հա­յեր» ցան­կը, որ մին­չեւ այ­սօր հա­սած է 65 անունի, որոնց կարգին է Հրանդ Տինքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ