ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Յարգելի պր. Պաշպուղ,
Պիտի ուզէի նախ որպիսութիւնդ հարցնել, սակայն պիտի չհարցնեմ, քանի որ եթէ այսքան մէջտեղներն ես՝ ուրեմն լաւ ես։ Ուրախ եմ։
Նամակիս տուն տուողը վերջերս կատարած մէկ յայտարարութիւնդ է։
Ըսեր ես. «Ամենամեծ երազս էր, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ըլլան մէկ պետութիւն։ Արդէն կ՚ըսուի, չէ՞, մէկ ազգ, երկու պետութիւն։ Իրարու հետ կը խօսինք առանց թարգմանիչի։ Սակայն անկարելի է, չեն արտօներ։ Երանի՜ պայմանները թոյլատու ըլլային»։
Պիտի ուզէի գիտնալ՝
Ա.- Ինչո՞ւ անկարելի է։
Բ.- Ովքե՞ր չեն արտօներ։
Գ.- Որո՞նք են այն պայմանները, որոնք պիտի թոյլատրէին նման միացում մը։
Ըստ իս նման միացում մը անկարելի չէ, յարգելի Պաշպուղ։ Սանկ նայէ անգամ մը շուրջդ ու տես, թէ այդ միացումը արդէն իսկ իրականութիւն է։ Շատո՜նց։ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը միացնողն ալ ի՛նչն է, գիտե՞ս։ Հայե՛րը, Հայաստանը։ Այո՛։ Հայերու հանդէպ այդ երկու պետութիւններուն ունեցած ատելութիւնն է որ կը միացնէ զիրենք։ Չե՞ս կարծեր։ Ղարաբաղի քառօրեայ վերջին պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ որքան միացած էք իրարու։ Էրտողանը անմիջապէս ցաւակցական նամակ մը յղեց Ալիեւին, չէ՞, թշնամիին գնդակներով հերոսաբար ինկած նահատակներուն համար։ Ամէն տարի Թաքսիմի հրապարակին վրայ կայացող Խոճալուի ցոյցերը ցոյց կու տան, թէ որքան միացած էք իրարու։ Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ Ատրպէյճան ու Թուրքիա կ՚արշաւեն միասնաբար, չէ՞։ Իրենց ուրացումը աւելի ամուր է իրարմով։ Միացումը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ որ...
Դուն թերեւս այս տեսակ միացումով մը չգոհանաս։ Զինուորական մարդ ես եւ հաւանաբար քեզի համար միացումը հնարաւոր է միայն Հայաստանի ոչնչացումով, ինչպէս որ կ՚երազէին քու նախորդներդ ալ դարերէ ի վեր։ Բայց, իմ կարծիքովս, կը սխալիս։ Հայաստանը այն գետինն է, ուր կը միանան Թուրքիան ու Ատրպէյճանը։ Զգո՛յշ եղիր։ Սխալ բաներ մի՛ խօսիր։ Գոյութեանդ կռուանը յանկարծ չսահի չերթայ ոտքերուդ տակէն։
Ի՞նչ պէտք իրաւական միացումի մը, երբ փաստացի միացումը վաղուց արդէն իրականութիւն է։ Մամուլի վրայ ճնշումները, այլախոհներու դէմ հալածանքները, Ալիեւի միանձնեայ բռնատիրական հակումները, մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները բաներ են, որոնք վերջին քանի մը ամիսներուն սաստկութեամբ կը պատահին նաեւ այստեղ։ Տարբերութիւնը այն է, որ մեր Ալիեւը Էրտողանն է, զոր դուն այդքա՜ն կը սիրես։ Կը սիրես, չէ՞։ Անոնք՝ Էրտողանն ու Ալիեւի զիրար որքա՜ն կը սիրեն, չե՞ս տեսներ, եւ որքա՜ն բաներ ունին դեռ սորվելիք իրարմէ։ Այս ընթացքը եթէ շարունակուի զիրար գերազանցելու արշաւի մը պիտի ձեռնարկեն շուտով եւ Թուրքիա ու Ատրպէյճան պիտի նոյնանան։
Հետեւաբար, սիրելի Պաշպուղ, անկարելին կարելի է եւ նոյնիսկ՝ իրականութիւն, հոգ մի՛ ըներ։
Ըսեր ես՝ չեն արտօներ։ Ո՞վ է որ պիտի չարտօնէ։ Ռուսաստա՞նը։ Բայց Ռուսաստան ինքը նման միացումներու մասնագէտը չէ՞ միթէ։ Դեռ նոր Ղրիմը չմիացո՞ւց իրեն։ Հակառակ Ուքրայնոյ բողոքին։ Վրաստանի մէջ կերած ապուրներն ալ մէջտեղն են։ Ասկէ տասնամեակներ առաջ Հիթլեր նոյնը չըրա՞ւ։ Ան ալ քեզի պէս էր։ Յիշէ՛ անգամ մը։ Աւստրիացիներուն մասին կ՚ըսէր, թէ նոյն լեզուն կը խօսին։ Այդպէս չէ՞։ Կ՚ըսէր, թէ մէկ պետութիւն ու մէկ ազգ են։ Պէտք է միանանք, կ՚ըսէր։ Չէ՞։ Վրա՛ս գրէ, պր. Պաշպուղ։ Ո՞վ է որ պիտի չարտօնէ։ Ուրիշ բան որ քու ուժդ չի բաւեր, տկար ես ու չես կրնար նման ձեռնարկում մը կատարել։ Հայկական հին առած մը կ՚ըսէ. «Սահմանք քաջաց՝ զէնն իւրեանց»։ Եթէ չես կրնար՝ ուրեմն աւելի լաւ է որ լռես ու երազներդ չպատմես հոս ու հոն։
Եւ յետոյ, սիրելիդ՝ Էրտողանը չիմանայ այդ խօսքերդ՝ «չեն արտօներ-մեն արտօներ»։ Իր նման առաջնորդի մը համար անընդունելի են նման արտայայտութիւնները։ Միթէ արտօնութի՞ւն պէտք է խնդրէ... ա՛ն, որ... աշխարհի գերագոյն ղեկավարներէն մէկն է։
Հապա՞ պայմանները։ Ի՞նչ պայմաններ պիտի ըլլան որ արտօնեն նման միացում մը։ Վստահաբար պիտի չըլլայ այնպէս մը, որ օր մը արթննաս ու Հայաստան անունով պետութիւն մը չըլլայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ անոնք միանան տարիներէ ի վեր իրարմէ բաժնուած սիրահարներու գիրկընդխառնումով։ Չհասկցայ, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզես։ Այսինքն՝ պատերա՞զմ կ՚ուզես։ 101 տարի առաջ նախորդդ Էնվեր Ատրպէյճանին միանալու համար արշաւանքներու չձեռնարկե՞ց։ Նաեւ մեծ ու միացեալ Թուրանիան ստեղծելու համար 1.5 միլիոն հայեր չցեղասպանեցի՞ն։ Պակա՞ս պայմաններ էին ասոնք։ Չեղաւ սակայն, չյաջողեցան։ Դեռ ինչքա՜ն արիւն պիտի հոսի, դեռ քանի՜ պատերազմներ պիտի երազէք դուն եւ քեզիպէսները, որ երկրորդէք ձեր ձախորդութիւնն ու անճարակութիւնը, ժողովուրդներ քայքայելով յագեցնէք ձեր արկածախնդրութիւնը։ Չէ՛, պր. Պաշպուղ, չէ՛...
Հետաքրքիր եմ գիտնալու նաեւ, թէ ինչո՞ւ անցեալ-անկատար ժամանակով պատմած ես երազդ։ Բանակի սպարապետ չէի՞ր դուն։ Սպարապետութեանդ տարիներո՞ւն պիտի ուզէիր իրականութեան վերածել այդ երազդ։ Ու չես կրցած... Կամ չեն արտօնած... Կամ պայմանները չեն արտօնած... Ինչ որ եղած է՝ անցած գացած է ուրեմն...Ուրե՛մն... երազներդ քեզ պահէ, յարգելի պր. Պաշպուղ։
Քեզ պահէ երազներդ այնքան ժամանակ, մինչեւ որ անոնք չառնչուին խաղաղութեան...
Մինչեւ որ չերկնես երազ մը, որ ունենայ Մարթին Լիւթեր Քինկի ներշնչանքը...
Մինչեւ որ չտեսնես երազ մը, ուր ըլլայ Ճոն Լենընի հոգին...