ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Աղէկ մը կը մօտենամ պատին։
Բազմազան որմագրութիւններու կարգին յայտնօրէն կը նշմարուի.
«Нерсесян Н / 3.5.45 г. / Ереван», այսինքն՝ «Ներսէսեան Ն / 3.5.45 թ. / Երեւան»։
Ներսէսեան մէկն է հարիւր-հազարաւոր, թերեւս միլիոնաւոր զինուորներէն, որոնք 71 տարիներ առաջ ճիշդ այս օրերուն յաղթական կը մտնէին Պերլին՝ վերջ դնելու համար ֆաշական բռնատիրութեան։ Կարմիր բանակին զինուորները պիտի գրաւէին Ռայխսթակն ալ, որու աւերակ դարձած, սակայն դեռ կանգուն պատերուն վրայ պիտի դրոշմէին իրենց անունները՝ նշանաւորելու յաղթանակը, ձգելու հետք մը, ապագային յանձնելու արձագանգ մը։ Ոմն Ներսէսեանի մը համար դիւրին չէր եղած, վստահաբար, Երեւանէն Պերլին հասնիլը...
Յաղթանակի գինովութիւնը երբ անցնէր՝ թերեւս զղջային անոնք՝ ճարտարապետական չքնաղ այս կառոյցին պատերը աղաւաղած ըլլալնուն պատճառով։ Յղփացած ու լկտիացած, յափրացած ու լպիրշացած Գերմանիան, կայսերական անցեալին ու Վայմարեան հանրապետութեան աւանդը կը մսխէր՝ նիւթական ու բարոյական իր ողջ ժառանգութիւնը տարածելով առ ոտս Արեւելքի անծանօթ քաղաքներէն զինք կործանելու շտապող ահել ու ջահել զինուորներուն։
Պատէն կը հեռուանամ՝ դիտելու զայն ամբողջ լայնքով ու բարձրութեամբ։ Հայու ստորագրութիւն մը գտած ըլլալու սփոփանքը պահ մըն էր միայն։ Հարիւրաւոր նման ստորագրութիւններ կան պատերուն՝ բոլորն ալ գրուած ռուսական կիւրեղեան այբուբենով։ Ուղեցոյց պաշտօնեան մանրամասնօրէն կը պատմէ անցած-դարձածները այն օրերուն՝ թէ ինչպէս Կարմիր բանակը նուաճեց Պերլինը, թէ ինչպէս Հիթլեր փախաւ կամ ինքնասպան դարձաւ (սա տակաւին մութ կէտ մըն է), թէ ինչպէս կարմիր-բանակայինները խուժեցին Ռայխսթակ, թէ ինչպէս Պերլինի Քարլզհորսթ արուարձանին մէջ սպարապետ Վիլհելմ Քայթըլ ստորագրեց Գերմանիոյ յանձնումի պայմանագիրը...
Պատմութիւնը կ՚ընդհատի միջոց մը՝ իր հունը վերագտնելու համար 1990-ականներուն, երբ Գերմանիա կը վերամիանայ, Պերլին վերստին կը վերածուի մայրաքաղաքի։ Ռայխսթակ պիտի դառնար միացեալ Գերմանիոյ խորհրդարանը։
Մէկն եմ, որ կամայ-ակամայ հոգւոյն խորը կը կրէ պետական բռունցքի թեթեւ կամ ծանր հարուածով կործանած, ոչնչացած -նիւթական ու աննիւթական- կոթողներուն յիշատակները։ Եթէ թշնամին նուաճած է երկիրը եւ հետքեր թողած հոն՝ բնականաբար պէտք է ոչնչացուին այդ ամէնը, երբ տանտէրը վերադառնայ։ Ի հարկէ պէտք է ոչնչացուին յիշատակները, ամենամանրներն իսկ, այն հասարակութեան, որ ատենին երկրի հիմնական տարրերէն էր, սակայն յետոյ դարձաւ ցեղասպան մոլուցքի մը զոհը։ Ո՛չ մէկ հետք պէտք է մնայ վարժարաններէն, ո՛չ մէկ խաչ եկեղեցիներէն, ո՛չ մէկ անուն արուեստագէտներէն, ո՛չ մէկ ձայնանիշ երաժշտութենէն, ո՛չ մէկ տառ գրականութենէն, ո՛չ մէկ հնչիւն լեզուէն... Ամէն հետք պէտք է մաքրուի, պէտք է ջնջուի այնպէս, կարծես երբեք գոյութիւն ունեցած չըլլար այլ ազգ մը, բացի իշխողէն, բացի տիրապետողէն, բացի ինքզինք տէր նկատողէն։ Պէտք է ուրանաս, զաւա՛կս, պէտք է ժխտես, տղա՛ս, սուտը պէտք է իրականութիւն ընդունիս, աղջի՛կս...
Վերամիացեալ Գերմանիան երբ Ռայխսթակի շէնքը 1990-ականներուն կը վերածէր խորհրդարանի՝ Ներսէսեանի ու իր զինակիցներուն որմնագրութիւնները թողեց նոյնութեամբ։ Նուաճող բանակի մը զինուորներուն հետքերը դիտելով է որ գերմանացի խորհրդարանականները այսօր կ՚ուղղուին ժողովասրահ։ Նախագահը, վարչապետը, նախարարները օտար բանակներէն տիրապետուած ըլլալու ակնյայտնի այս փաստերը աչքի առջեւ ունենալով է որ կը խօսին իրենց ճառերը, կ՚ընդունին իրենց որոշումները։ Որմնագրութիւններու առկայութիւնը ամօթ մը չէ իրենց համար, անպատուութիւն մը չէ, այլ զգաստութեան կոչ մը թերեւս՝ անցեալի վարիչներուն սխալ ճանապարհը անգամ մը եւս չմտնելու, անոնց երկրին հասցուցած վնասները չմոռնալու, պատերազմի հետեւանքները աչքի առջեւ ունենալու համար։
1915-ի Ցեղասպանութիւնը 101 տարիէ ի վեր յամառօրէն ուրացող եւ աւելին՝ այդ ուրացումով վերարտադրուող վարչական դրութիւն մը նոր կոտորածներու առիթ կու տայ բնականաբար եւ ինքզինք վերացական իրականութեամբ մը զրահելու դիւրին ճամբան կ՚ընտրէ անզգալաբար։ Ոճրագործը սրբացնողը՝ հետզհետէ ոճրագործի կը վերածուի, կորսնցնելով ոճրին տարրական գիտակցութիւնն իսկ։ Անբնականը բնականացնող, անսովորը սովորականացնող մտայնութեան մը արձագանգները յամառութեամբ կը մաշեցնեն ժայռերն իսկ, սակայն արդիւնքը միշտ կը մնայ նոյնը՝ արիւն, արցունք, աղէտ, տառապանք, վիշտ։
Անցեալը ո՛չ թէ ջնջել, ո՛չ թէ սրբել, ո՛չ թէ մոռնալ, ո՛չ թէ սպաննել, ո՛չ թէ կորսնցնել, այլ վերականգնե՛լ հարկաւոր է, պահպանե՛լ պէտք է, յիշե՛լ, վերակենդանացնե՛լ, վերագտնե՛լ պէտք է։ Խորհրդարանի պատերուն Զօհրապի ու Վարդգէսի դիմանկարները կախելու է, գիտնալու է թէ զանոնք ինչպէս յօշոտեցին՝ խուսափելու համար նոր զոհերէն։ 1915-ին ու վաղորդայնին կործանած քաղաքներուն անունները կրկնելու է հանապազ՝ կոտորածի արդի վայրերը ո՛չ թէ քանդել, այլ ծաղկեցնել կարենալու համար...
Սերմանելու համար այն միտքը՝ թէ ով որ կը սպաննուի, ինչ որ կ՚ոչնչանայ ու կը քանդուի՝ մեզի է որ կը պակսի, մեզմէ է որ կը մեկնի անվերադարձ, ի վնաս մեզի ու այս երկրին։
Եւ... Ռայխսթակի պատերուն սեւագրուած սովետական յաղթական զինուորներուն գրութիւնները որպէս մասունք կը պահպանուին շէնքի մը մէջ, որու ճակտին քանդակուած է՝
«Dem deutschen Volke»՝ «յանուն գերմանական ժողովուրդին»։
Այդ բոլորը դիտող, տեսնող այցելուին անզգալաբար կը ներարկուի ազգային ինքնավստահութեան տէր հասարակութեան մը տպաւորութիւնը, որ կը բխի պատմութեան գիտակցելու վիճակէն։ «Ուր պարտութիւնն անգամ ունի հպարտութիւն», ուր նուաճողը՝ պարտութեան գիտակցութենէն յաղթական հասարակութիւն մը ստեղծած է, ակամայ։ Ուրացումը չէ, այլ ճանաչումն է այս հասարակութեան յաջողութեան գաղտնիքը։
Իսկ ես որպէս պարզ զբօսաշրջիկ՝ կը շրջիմ ու դուրս կ՚ելլեմ մտածկոտ։