Ծանօթ երգահան Մաժակ Թոշիկեանի փօփ ոճի յօրինումով «Հրանդ Տինք» Օրաթորիոն Երեւան ու Իսթանպուլէն ետք կը ներկայանայ Գալիֆորնիա, Փասատէնա քաղաքի «Ամպասատոր դահլիճի բեմէն։
Ի տարբերութիւն նախորդ ներկայացումներու, երաժշտական այս վայելքի ամերիկեան բեմադրութեան, հեղինակին մականին տակ բեմ պիտի ելլեն բոլորովին տեղական ուժերը։
Պոլսահայ Միութեան նախաձեռնութեամբ կայացող ձեռնարկին որպէս պատուոյ հիւր ներկայ պիտի գտնուի Ռաքէլ Տինք եւ օրաթորիոյի խօսքերու հեղինակ Պերճուհի Պէրպէրեան։