«Ակօս»ի հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան մահուան Ա. տարելիցին առթիւ յիշատակուեցաւ «Անարատ Յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ։ «Ակօս»ի աշխատակազմի կողքին յիշատակման հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան վաստակաւոր խմբագիրի այրին, զաւակները, ընտանեկան պարագաներ եւ բարեկամներ։
«Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան բարի գալստեան ուղերձ մը արտասանելով ներկայացուց լուսանկարիչ Էրհան Արըքի կողմէ պատրաստուած կարճամեթրաժ վաւերագրականը։ Արըք, սրամիտ գաղափարով մը իր պատումը հիւսած էր թերթի նախկին խմբագրատան մէջ հայերէն բաժնի պատերը զարդարող լուսանկարներով։ Ան մի առ մի կանք առաւ այդ նկարներուն վրայ, մեկնաբանելով Սարգիս Սերովբեանի բազմակողմանի յատկութիւնները իբրեւ «Ակօս»ի հիմնադիր, իբրեւ պատմագիր, իբրեւ տեղեկատու, իբրեւ հայերէն լեզուի մշակ, իբրեւ հեքիաթասաց եւ վերջապէս իբրեւ ընտանիքի հայր։ Շուրջ 10 վայրկեան տեւող վաւերագրականի ցուցադրութենէն ետք «Ակօս»ի աշխատակիցներէն Բագրատ Էսդուգեան, Գարին Գարագաշլը, «ՀայՃար» միութեան ատենապետ Նազար Պինաթլը եւ համշէնցիներու «Հատիկ» միութենէն Մահիր Էօզքան համառօտ կերպով ներկայացուցին Սարգիս Սերովբեանին ստանձնած առաքելութիւնը եւ հայ մշակոյթին բերած նպաստը։
Ապա «Ոմանք» խումբի նուագածուներ՝ Սարօ Ուսթա, Ռուբեն Մելքիսէթօղլու եւ Արի Հէրկէլ հայ երաժշտութեան ժողովրդականացած մեղեդիներով հանդէս եկան։ Սերովբեանի զաւակները՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ Կարինէ Պահչէճի-Սերովբեան եւս անդրադարձան իրենց հօր կորուստով գոյացած անմխիթար պարապութեան։ Յիշատակման միջոցառումը աւարտեցաւ ներկաներու Սերովբեանի մասին փոխանակած յուշերով։
Որքան ալ դառն իրողութիւն ըլլայ Սարգիս Սերովբեանի անվերադարձ ճամբորդութիւնը, զինք սիրողները անցնող մէկ տարուայ ընթացքին չեն կրցած համակերպիլ այս ճշմարտութեան։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ յիշատակման համար աւելի յարմար գտնուեցաւ իր մահուան թուականը՝ Մարտի 28-ի փոխարէն նախընտրել ծննդեան թուականը՝ Ապրիլի 10։
Արդարեւ Սարգիս Սերովբեան յաջորդող օր Ապրիլի 10-ին, այս անգամ եկեղեցական կարգով յիշատակուեցաւ նախ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւնով ու ապա Շիշլիի Հայոց գերեզմանատան մէջ, իր հողակոյտին այցելութիւնով։
Իբրեւ խոստովանութիւն, մեր հոգին աւելի թեթեւ է այս զոյգ յիշատակումներէն ետք, բայց կարօտի զգացումը կը շարունակէ վառ մնալ մեր մէջ։