Կիրակի երեկոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումի հետեւանքով 37 քաղաքացիներ մահացան եւ 125 հոգի վիրաւորուեցան։ Ոստիկանական հետախուզութեամբ յայտնի դարձաւ յարձակումի հեղինակն է 24 ամեայ Սեհէր Չաղլա Տէմիր անուն երիտասարդուհին։ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց թէ ան 2013-էն ի վեր կ՚անդամակցի ՓՔՔ-ին եւ վերջերս անցնելով Սուրիա մարզուած է ԵՓԿ-ի մօտ։
Խորհրդարանի ԱՔՓ, ՃՀՓ եւ ՄՀՓ կուսակցութիւնները միասնաբար, իսկ ՀՏՓ ալ անջատաբար պախարակեցին խաղաղ բնակիչներուն ուղղուած ահաբեկչական յարձակումը։ Հանրապետութեան Նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողան ալ իր կարգին ելոյթ ունենալով յայտարարեց թէ յետ այսու շատ աւելի խիստ միջոցներով պիտի պայքարի ահաբեկչութեան դէմ։ Ան ի վերջոյ ըսաւ. «կամ մեզի հետ էք, կամ ալ ահաբեկիչներուն»։ Նախագահի այս յայտարարութիւնը հակազդեցութիւններու ալիք մըն ալ բարձրացուց, տրուած ըլլալով որ Թուրքիոյ այժմու կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է հասարակութեան մօտ բեւեռացումը։ Այս բեւեռացման հիման վրայ օրէնքներու ճնշումը ալ աւելի կը սաստկանայ բոլոր ընդդիմադիր շարքերուն դէմ։ Նախքան Կիրակնօրեայ ահաբեկչական յարձակումը, երկրի օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր ՀՏՓ-ի պատգամաւորներու անձեռնմխելիութեան վերացումը։
Ակադեմական շրջանակներու 1.128 ստորագրութիւններով հրատարակած «այս յանցանքին մեղսակից չենք ըլլար» հաղորդագրութիւնը առաջին օրէն իսկ դատապարտուած էր նախ Նախագահ Էրտողանի, ապա Վարչապետ Տաւութօղլուի եւ հետզհետէ ամբողջ ԱՔՓ-ական շրջանակներու կողմէ։ Իշխանութիւնը այս յայտարարութիւնը համարած էր հայրենադաւութիւն եւ կոչ ուղղած դատախազներուն, ակադեմականներուն դէմ հարցաքննութիւն կատարելու համար։ Այդ կոչերը գտած են իրենց արձագանգը եւ Վեցերորդ Պատժական Ատեանը ձերբակալած եւ բանտ ղրկած է Էսրա Մունկան, Քըվանչ Էրսոյ եւ Մուզաֆֆէր Քայա անուն ակադեմականները։ Լսումներու համաձայն դատական հարցաքննութիւնը պիտի շարունակուի ծաւալելով դէպի բոլոր ակադեմականները։ Բանտարկութեան հիմք հանդիսացաւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Օրէնքին ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւնը բնութագրող 7/2 յօդուածը։ Ի սպառ մնացին իրաւապաշտպաններու Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու Համաձայնութեան 10-րդ եւ Թուրքիոյ սահմանադրութեան 25-րդ յօդուածներուն մէջ բնութագրուած խօսքի ազատութեան մասին ակնարկութիւնները։ Նշենք, որ ակադեմականներու յայտարարութեան բովանդակութիւնը կը խօսէր խաղաղութիւն կերտելու մասին եւ կառավարութիւնը կը հրաւիրէր խնդիրները փոխանակ զինուորական միջոցներու բանակցութիւններով լուծել։
Անգարայի յարձակումէն ետք, ՃՀՓ-ի պատգամաւոր Սէլինա Տողան ալ կատարուածը մեղադրելով, խորհուրդ տուած էր երիտասարդուհի մը նման արարքի մղող պատճառները ուսումնասիրել։ Այսքանը բաւարար էր որ իշխանամէտ շրջանակներ զինք հալածեն ահաբեկիչները պաշտպանելու մեղադրանքով։ Սէլինա Տողան գործադրուած այս կեղտոտ ցեխյարձակումի արշաւին դէմ հրապարակեց բացատրական յայտարարութիւն մը։
Ներկայ իրավիճակը ըստ երեւոյթի կառավարութեան յաւելեալ առիթ ընձեռած է ժողովրդավարական սկզբունքները կրճատելու առումով։ Նախորդ շաբաթ բոլորովին ապօրէն կերպով արգիլուած էր «ԻՄՃ» հեռուստակայանի հաղորդումները։ Առանց դատական որոշումի մը ան դուրս հանուած էր «Թուրքսաթ» արբանեակի հաղորդումներէն։ Կայանը թէեւ շուտով տեղ գտաւ «Հոթպէօրտ» արբանեակի ցանցին մէջ, բայց այս տեղափոխութիւնով արդէն կորսնցուց իր հետեւողներու մօտ 50 տոկոսը։ Վերջերս այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ ճնշումներ կը բանեցուին ընդդիմադիր «Էօզկիւր Կիւնտէմ» օրաթերթի վրայ եւս։ Որքան ալ Թուրքիոյ մէջ այս բոլորին մասին առողջ դատողութիւնով մեկնաբանութիւններ ընելէ հեռու համակարգ մը գտնուի, սփիւռքի թերթերը բաւական յոռետես մեկնաբանութիւններով կ՚անդրադառնան Թուրքիոյ այս զարգացումներուն։ Եւ աւելին, համաշխարհային դիւանագիտական շրջանակներն ալ սկսած են քննադատական ելոյթներ ունենալ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի ներկայացուցած քաղաքական պատկերին դէմ։