ՖԷՐՏԱ ՊԱԼԱՆՃԱՐ
«Արաս» Հրատարակչութեան մատենաշարէն վերջերս լոյս տեսած «Քանի հոգի է՞ք Պօղոս Էֆէնտի» յուշագրութիւնը նոր ծանօթութիւններու պատճառ դարձաւ։
1902 թուին Ռոտոսթօ ծնած Աբրահամ Գասապեան 1969-ին կօշկավաճառի խանութը փակելով կը դադրի աշխատանքէ։ Կը սկսի իր յուշերը գրի առնել։ Երբ կը հասնի վերջակէտին տետրակի վերջին թերթին վրայ կը գրէ հետեւեալը՝ «շատ լաւ գիտեմ թէ ոչ ոք պիտի կարդայ այս տողերը։ Աշխատանքէ դադրելէ վերջ մէկուկէս ամիս շարունակ այս գրառումներով ժամանակ սպառեցի։ Տեսայ թէ որքան դժուար է առանց աշխատանքի օրը աւարտել»։ Սակայն կեանքը տարբեր կ՚ընթանայ եւ 1972-ի իր մահէն ետք թոռնուհին Էօժէնի Հէօլլիւքսէվէր իր մեծ հօր գրառումները թարգմանելով կը բռնէ «Արաս» հրատարակչատան ճամբան։ Աբրահամ Գասապեան 13 տարեկան է երբ իր ընտանիքին հետ միասին կը բռնէ աքսորի ճամբան։ Երեքուկէս տարուայ այդ ճանապարհորդութեան մէջ կը կորսնցնէ մեծ հայրը, հօրաքոյրը, քեռայրը եւ քեռայրին եղբայրը։ Հրաշքով կը փրկուի անխուսափելի մահէն եւ կը յաջողի վերադառնալ ծննդավայր Ռոտոսթօ։ Ուսումը շարունակելու համար տարիքը յառաջացած է եւ ան կը դիմէ ասպարէզ մը սորվելու աւանդութեան։ 19 տարեկանին կու գայ Իսթանպուլ եւ այստեղ կը զբաղի կօշիկի եւ մուճակի վաճառքով։ 1923-ին կը մեկնի Եւրոպա։ Ֆրանսայի եւ Ռումինիոյ մէջ գործաւոր ըլլալով աշխատելէ վերջ, 1929-ին կը վերադառնայ երկիր։ Կրկին կը լծուի իր գիտցած ասպարէզին։ Կօշիկ ծախող խանութ մը կը բանայ նախ Մահմուտփաշայի եւ ապա Գատըգիւղի մէջ։ 1933-ին կ՚ամուսնանայ եւ 36-ին կը բախտաւորուի առաջնեկ աղջիկ զաւակով՝ Ժանէթ։ Ապա կը ծնի երկրորդ աղջիկը՝ Սիլվա 42-ին։ 1941-ին երկրի փոքրամասնութիւններու բոլոր աշխատունակ մարդիկ կը զինուորագրուին իբրեւ շինարարութեան բանուոր։ «20 դասակարգ զինուորագրութիւն» կոչուած այդ զինուորագրութենէն ետք 1942-ին վրայ կը հասնի «ունեւորութեան տուրք» կոչուած նոր փորձանք մը։ Այդ տուրքը հատուցելու համար Գասապեան կը հարկադրուի խանութները ծախելու։ Սակայն չի վհատիր եւ Մահմուտփաշայի մէջ կը ձեռնարկէ նոր խանութ մը բանալու։
Գիրքը հրատարակուեցաւ մօտաւորապէս չորս ամիս առաջ։ Գիրքին մէջ նշուած դէմքերէն Արմենուհի Քէօսէեանի անունը պատճառ կը դառնայ որ թոռնուհին Իսթանպուլի հայկական դպրոցներու վաստակաւոր ուսուցչուհի Արփի Կամզէ կը նկատէ թէ այնտեղ յիշուածը ուրիշ մէկը չէ, քան իր մեծ մայրը։ Իսկոյն կապ կը հաստատէ գիրքի թարգմանիչին հետ եւ մայրն ալ հետը առնելով կը պայմանաւորուին հանդիպման համար։
Ի վերջոյ երկու թոռնուհիներ իրենց մայրերով հանդերձ այցելեցին խմբագրատուն, որպէսզի մենք ալ թափանցենք այս հետաքրքրաշարժ հանդիպման մանրամասնութիւններուն։ Տիկին Սոնա Զարդարեան տպաւորուած է այս հանդիպումէն։ Կ՚ասփոսայ որ ծնողքը պարզապէս իրենց զաւակներու հոգեբանութիւնը նկատի ունենալով չեն խօսած այս նիւթերու մասին։
«Մայրս Պոլսոյ մէջ ֆրանսական վարժարան աւարտելէ ետք ուսուցչագործելու համար կը մեկնի Պարտիզակ։ Հոն կը ծանօթանայ հօրս հետ, բայց հայրս զինուորագրուելուն ան ալ բոլոր պարտիզակցիներու նման կը հարկադրուի դէպի Սուրիոյ անապատները երկարող ողբերգական ճանապարհորդութեան։ Այս բոլորը մօրմէս լսած եմ եւ ես ալ գրի առած։ Կ՚երեւի թէ այդ գրառումներն ալ կը հրատարակուին մօտ ապագային»։