ԼՈՒՍԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Այս տարի ալ անցաւ Կանանց Միջազգային օրը՝ 8 Մարտը։ Տղամարդիկ անգամ մը եւս իրենց համար «սիրելի» կանանց ծաղիկներ նուիրեցին եւ ընդգծեցին հասարակութեան մէջ կնոջ խիստ կարեւոր դերակատարութիւնը։ Կին աշխատողներուն լոկ կին ըլլալուն պատճառով աւելի նուազ վարձատրող գործատէրեր այդ օր նուէրներ շնորհեցին իրենց աշխատակազմին։ Անգամ մը եւս շեշտուեցաւ կիներուն իբրեւ մայր երկրի պահապան զինուորներ ծնելով մատուցած ծառայութիւնը։ Ուրեմն ես ալ որոշեցի զինուորներ ծնող, բայց իրենց ծննդաբերած զաւակները բանակի ծառայութեան միջոցին կորսնցնող կիներու մասին արտայայտուիլ։
Հայաստանի մէջ շարքային զինծառայութեան ընթացքին մահացող զինուորներու մայրերը արդարութիւն կը պահանջեն։ Անոնց որդիները ոչ թէ պատերազմի դաշտի վրայ, ոչ թէ հայրենի երկիրը պաշտպանելու պահուն, այլ պարզապէս ծառայութեան միջոցին, զօրամասերուն մէջ սպաննուեցան։ Մայրերը միջոցէ մը ի վեր կը փորձեն ՀՀ Նախագահ եւ Հայաստանի Գլխաւոր Հրամանատար Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպիլ եւ իրենց որդիներուն մահուան մասին արդար հարցաքննութիւն մը պահանջել։ «Սեւազգեստ Կանայք» անուանումով ներկայացող այս մայրերը ամէն Հինգշաբթի կը մէկտեղուին նախագահի նստավայրի մուտքին։ Սակայն հոն տեղակայուած ոստիկանները ամէն անգամուն կը միջամըտեն անոնց։
Փետրուար ամսու մէջ ես ալ իրենց միացայ։ Զարմանալով տեսայ որ հինգ, վեց ցուցարարի փոխարէն քսան, երեսուն ոստիկաններ դիրք բռնած էին։ Անոնցմէ մօտ տասնըհինգ ոստիկաններ յանկարծ վազեցին նախագահի նստավայրին ուղղուած կնոջ մը վրայ։ Չէին թոյլ տար որ նստավայրի մայթը անցնի։ Կինը կ՚ընդվզէր «ես այս երկրի քաղաքացի եմ, եթէ ուրիշներ կ՚անցնին ինծի ինչո՞ւ համար արգելք կ՚ըլլաք»։ Ոստիկաններէ կազմուած պատը անթափանց էր։ Պիտի գործադրէին «վերեւէն» եկած հրահանգը։ Ոստիկանները հրելով, հրմշտկելով փորձեցին կինը դիմացի մայթ ուղղել։ Այդ պահուն կինը սայթաքեցաւ ու գետին ինկաւ։ Ոստիկաններէն մին գոռաց՝ «շտապօգնութիւն կանչեցէք» ըսելով։ Ես զարմացած էի, բայց նկատեցի որ այս երեւոյթը սովորական կը թուէր միւսներուն։
Ցոյցը շարունակուեցաւ դիմացի մայթի վրայ։ Կիներէն մէկը կը պատմէր «Հրամանատարը իմ որդին սպաննեց։ Բոլորն ալ խօսեցան այս մասին։ Սակայն դատավարութեան ընթացքին զինծառայողներէն մէկը մեղադրուեցաւ։ Հինգ տարի շարունակուող դատավարութեան ընթացքին մեղադրուած զինուորը –ես չեմ սպաննած, հանգիստ թողէք ինձ- պոռաց։ Ոճրագործը չէ պատժուած, քանի որ ան շփում ունի վերեւիններուն հետ»։
Ուրիշ մայր մը, ուրիշ պատմութիւն մը կը պատմէ։ «Տղաս քարիւղի աւազակութեան ականատես ըլլալուն համար սպանուեցաւ։ Խեղդեցին ու ապա կախելով ըսին թէ անձնասպան եղած է։ Վզին վրայ պարանի երկու հետքեր կար։ Փաստուեցաւ որ ան պառկած տեղը խեղդուած է»։ Ցուցարար մայրերէն ուրիշ մէկը յուսալքուած շեշտադրութեամբ կ՚ըսէ՝ «կը սպաննեն եւ ապա կ՚ազատին։ Հաւանականութիւն անգամ չեն տար որ մէկը կրնայ բողոքել։ Հարցաքննութիւնը 15 տարի է որ չէ կրցած բացատրել տղուս գլխուն իջած հարուածը։ Մինչդեռ ոճիրը ինը քառակուսի մեթր տարածքի մէջ գործուած է»։
Այդ օր ոստիկաններուն դիմաց առանձինն գլուխ ցցող, ապա գետինները քաշքշւող մայրն ալ պատմեց հետեւեալը։ «2000 թուականէն ի վեր Ռուսաստան կ՚ապրէինք։ Տարիներ անց որոշեց երկիր վերադառնալ եւ զինուորութեան պարտքը հատուցել։ Մահուան գոյժը Ռուսաստան հասաւ։ Անհաւատալի էր մեզի պատմուած պատճառաբանութիւնը։ -Ելեքտրական հոսանքով մահացաւ- ըսին։ Բայց այն ատեն ինչո՞ւ համար հագուստները բզքտուած են։ Զինընկերները շատ կը սիրէին տղուս։ Իրենց հետ խօսիլ կը փորձեմ, բայց կը լռեն։ Բոլորն ալ գիտեն որ հոսանքի պատճառով չէ մեռած։ Անոնցմէ մէկը –խնդրեմ այս գործը շատ մի գրգռէք, դուք ձեզ մտածեցէք- ըսելով զգուշացուց մեզ։ Բայց մենք այլեւս կորսնցնելիք բան մը չունինք։ Երկու անգամ ինքնաշարժներով ամուսինիս ճամբան կտրեցին։ Հսկայակազմ մարդիկ ծեծեցին զինք եւ զգուշացուցին որ հանգիստ կենայ»։ Նոյն անձը նախագահի նստավայրին առջեւ տեղի ունեցած հրմշտուկի միջոցին սրտի կաթուած անցուցած է։ Բայց այդ օր դարձեալ հոն էր։
2009-էն այս կողմ նախագահական նստավայրին առջեւ շարունակուող ցոյցերուն մասնակիցները տարիներու ընթացքին նուազած են։ Մայրերը կը վկայեն թէ անոնք սպառնալիքներուն դիմաց վախցան եւ նահանջեցին։
Միւս կողմէ http://safesoldiers.am/ կայքէջի փոխանցած տեղեկութիւններու համաձայն, Հայաստանի մէջ բանակի ծառայութեան միջոցին մահացած 777 զինուորներէ 172-ը զինադադարի խախտումով, 204-ը ոճրագործութեամբ, 87-ը անձնասպանութեամբ, 164-ը արկածի հետեւանքով, 80-ը առողջապահական պատճառներով, 8 անուշադրութեամբ, 30-ը ապահովութեան կանոններով եւ 32-ն ալ այլ պատճառներով իրենց կեանքը կորսնցուցած են։