ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ
gozdekazaz@agos.com.tr
Շրնաքի Ճիզիր քաղաքին մէջ 14 Դեկտեմբեր 2015-ին յայտարարուած փողոց ելլելու արգելքը 78 օր ետք 1 Մարտ 2016-ին մասամբ վերացաւ։ Քաղաքի բնակիչները 05։00-19։30 ժամերու միջեւ ազատ են տուներէն դուրս ելլելու։ Թէեւ ներկայ դրութեան մէջ աւելի դժուար է տուներէն ներս մտնել, քան դուրս գալ։ Բախումներու հետ միասին ժողովուրդը լքած էր իրենց տուները եւ ապաստան գտած ուրիշ քաղաքներ բնակող ծանօթներու մօտ։ Փողոց ելլելու արգելքին վերացումով անոնք կը փորձեն վերադառնալ իրենց տուներուն մնացորդացը, քանի որ քաղաքի տուներուն կարեւոր մէկ մասը անբնակելի վիճակի մէջ են։ ՀՏՓ-ի Շրնաքի պատգամաւոր Այճան Իլմէզ կ՚ըսէ թէ վերադարձողները շատ խիստ խուզարկումի մը կ՚ենթարկուին։ «Կու գան իրենց փլած տուները եւ կը փորձեն համեմատաբար աւելի նուազ փլած սենեակի մը մէջ պատսպարուիլ»։
Միւս կողմէ «Ճիզիր»ի բախումներու ընթացքին մահացածներէն մէկ մասը տակաւին չեն յանձնուած իրենց մերձաւորներուն։ Ճգնաժամի Գրասենեակի նախորդ շաբաթ փոխանցած տեղեկութիւններու համաձայն 145 դիակներ դուրս բերուեցան, որոնք ղրկուեցան Այնթապի, Ուրֆայի, Մարտինի եւ Շրնաքի պետական հիւանդանոցներ։ Իսկ 76 դիակներ Հապուրի սահմանադրան մօտ կը պահուին։
Մարտինի Փաստաբաններու Կաճառէն Էրտալ Քուզու կը նշէ թէ 145 դիակներէն 31-ը ճշդուած են իրենց ընտանիքներուն կողմէ։ Այս ալ կը վկայէ թէ մնացեալ 114 դիակները անճանաչելի դիրքի մէջ են։ Անոնցմէ 64-ի ինքնութիւնը ճշդուեցաւ բջիջներու բաղդատման միջոցաւ։ Նոյնպէս Հապուրի մէջ սպասող դիակներէն ալ մօտ տասնի ինքնութիւնը հաստատուած է իրենց հարազատներուն կողմէ։ Մնացեալները մարմինի ամբողջութիւնը կորսնցուցած ըլլալու եւ բոլորովին այրած ըլլալու հետեւանքով անճանաչելի են։ Անոնցմէ 44-ի ինքնութիւնը պարզուեցաւ բջիջներու բաղդատութեանմբ։
Մարտինի Պետական Հիւանդանոց փոխադրուած դիակներուն մասին «Ակօս»ին տեղեկութիւններ փոխանցեց փաստաբան Սեհեր Աչայ։ Ան կը յայտնէ թէ որպէս փաստաբան ներկայ կը գտնուին դիակներու ստուգման, բայց ոչ իրենք, ոչ ալ բժիշկներ արտօնուած են դիազննումներուն հետեւելու։ Մարտինի Պետական Հիւանդանոցի դիարանի մէջ պահուած 17 դիակներէն վեցը մատնահետքի ստուգմամբ, իսկ հինգն ալ բջիջներու բաղդատմամբ պարզուած է։ Ընտանիքներ դեռ կը սպասեն բջիջներու բաղդատումի արդիւնքներուն։ Սակայն այդ դաժան սպասումով հանդերձ թուարկուած դիակներուն թաղումը սկսած է։ Բջիջի օրինակ վերցուած 12 մամիններ Ճիզիրի արդի գերեզմանատան եւ Եաֆէս թաղամասի գերեզմանատան մէջ հողին յանձնուեցան։
Սուրի մէջ նման հոգերով
Ներքին Գործոց Նախարարութեան «Սուրի մէջ գործողութիւննները 99 առհարիւր աւարտին հասաւ» յայտարարութիւնով հանդերձ պատմական Տիյապէքիրի մէջ լարուածութիւնը նոյնութեամբ կը շարունակուի։ Թաղամասը ամբողջովին աւերակի վերածուած է եւ բնակելու կարելիութիւն չէ մնացած։ Որոշ շրջանակներէ կը պնդուի թէ այդ փլատակներու տակ աւելի քան 200 խաղաղ բնակիչներ կան, որոնց մէկ մասը անչափահաս մանուկներ են։ Այժմ մտահոգութիւնը կը կեդրոնանայ Ճիզիրի մէջ պատահածներուն Սուրի մէջ ալ պատահելու հաւանականութեան շուրջ։ Մեծ ճնշում մը կը տիրէ տիյարպէքիրցիներու մօտ, որոնք ճարահատութեան մէջ կը դիմեն դիմադրութեան ապարդիւն միջոցներու։ Բողոքի ամենատկար ձայները անգամ խստօրէն կը ճնշուի ոստիկանական բռնութեամբ։
Թուրքիա մէկ կողմէն Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, միւս կողմէ ալ երկրէ ներս տիրող խառնակութիւններու բերմամբ արդէն մատնուած է ճգնաժամի մը, որմէ դուրս գալու համար կառավարական շրջանակներէն ոչ մէկ ջանք կը նկատուի, ընդհակառակը իշխանութիւնները իրենց ելոյթներով ալ աւելի կը սրեն գոյացած լարուածութիւնը։ Արեւմտեան աշխարհը, որ սուրիացի գաղթականներու սպառնալիքին տակ կը փորձէ չէզոք մնալ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու բռնաբարման երեւոյթներուն, հետզհետէ կը դժուարանայ այդ դիրքը պահելու, քանի որ քիւրտ հասարակութիւնը սկսած է սփիւռքի մէջ ալ ահազանգ հնչեցնել կատարուածներուն համար։
Վարդենիս՝
անպատժելիութեան փաստը
1 Մարտին բոլոր ամբաստանեալներուն անպարտ հռչակուելով աւարտեցաւ Մուշի Վարդենիս գիւղի հաւաքական ոճիրի դատավարութիւնը։ 2 Հեկտեմբեր 1993-ին Մուշի Վարդենիս գիւղի բնակիչ Մ. Սըտտըք Էօղիւթի բնակարանը հրկիզուած էր Ապահովութեան Ուժերու կողմէ եւ ընտանիքի ինը անդամները բոցերու մէջ մահացած։ Ընտանիքի միակ վերապրող Այսէլ Էօղիւթի յառատեւ ջանքերով դատական գործողութիւն կատարուեցաւ մեղադրեալ զինուորներու դէմ։ Դատախազը դատավարութեան սկիզբներուն ցկեանս բանտարկութիւն կը պահանջէր մեղադրեալներու հասցէին։ Սակայն վերջին երկու նիստերուն ընթացքը ամբողջովին փոխուեցաւ եւ 1 Մարտ թուականին կայացած նիստով նոյն դատախազը պահանջեց որ անպարտ հռչակուին բոլոր մեղադրեալները։ Էօղիւթ լսելով դատախազի խօսքերը ըսաւ որ իմ ընտանիքը անգամ մը եւս մահացած է, քանի որ չէ յաջողած արդարութիւն գտնելու գործին մէջ։
Այս բոլորը անգամ մը եւս կը վկայեն թէ խնդիրները բոլորովին դուրս եկած են քաղաքական նշանակութենէ եւ վերածուած են բոլորովին մարդկային խնդիրի։ Այս բոլորը տարբեր նշանակութիւն ունին հայոց համար, քանի որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան անպատժելիութեամբ կը բացատրէ Թուրքիոյ մէջ գործուած բոլոր ոճրագործութիւնները։ Ի վերջոյ հայերը կասկած չունին թէ մեծ ոճիրի մատնուած անպատժելիութեան մէջ կարելի չէ որեւէ խմբակցութեան համար արդարութիւն գոյացնել։