Կեսարիոյ մշակոյթի ժառանգը լուսարձակի տակ

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի շա­րու­նա­կուող նա­­խագիծ­­ե­­­րէն է Թուրքիոյ տա­­րած­­քին մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռանգ հա­­մարո­­ւած շի­­նու­­թիւննե­­րու գրան­­ցումը։ Աշ­­խա­­­տու­­թիւնը կը նա­­խատե­­սէ բո­­վան­­դակ Թուրքիոյ տա­­րած­­քին գտնո­­ւող ոչ իս­­լամնե­­րու պատ­­կա­­­նած հա­­սարա­­կական շի­­նու­­թիւննե­­րը։ Այս լայ­­նա­­­տարած աշ­­խա­­­տան­­քի առա­­ջին դաշ­­տա­­­յին ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը ուղղո­­ւած էր Կե­­սարիոյ։ Ար­­դա­­­րեւ Կե­­սարիոյ հա­­յապատ­­կան եւ յու­­նա­­­պատ­­կան եկե­­ղեցի­­ներու, դպրոց­­նե­­­րու եւ այլ հա­­սարա­­կապատ­­կան շի­­նու­­թիւննե­­րու մա­­սին գի­­տելիք­­նե­­­րը հա­­ւաքո­­ւեցան հա­­տորի մը մէջ։ Գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թեան զու­­գա­­­հեռ ասու­­լիս մըն ալ կա­­յացաւ Անա­­րատ Յղու­­թիւն շէն­­քի «Հա­­ւաք» սրա­­հին մէջ։ Ամ­­բողջ Եր­­կուշաբ­­թի օրը զբա­­ղեց­­նող ասու­­լի­­­սը կը բաղ­­կա­­­նար երեք նիս­­տե­­­րէ։ Առա­­ջին եր­­կու նիս­­տե­­­րուն ատե­­նախօս­­նե­­­րը զե­­կու­­ցե­­­ցին Պալ­­քա­­­նեան եր­­կիրնե­­րու մէջ նման բնոյ­­թով աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ «Մշա­­կու­­թա­­­յին Ժա­­ռան­­գը Առանց Սահ­­մա­­­նի» կազ­­մա­­­կեր­­պութեան աշ­­խա­­­տակազ­­մէն Ելէ­­նա Փէյ­­քո­­­վիչ՝ «Արե­­ւելեան Սեր­­պիոյ մէջ շրջա­­նային վե­­րակա­­ռուցման ճամ­­բարնե­­րը եւ գի­­նու մա­­ռան­­նե­­­րու պա­­հապա­­նու­­մը», Մի­­րեան Պլա­­ճի՝ «Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի կա­­նոն­­նե­­­րը եւ ուսման տար­­բեր մեր­­ձե­­­ցումներ» եւ Լէյ­­լա Հա­­ճիճ՝ «Պատ­­մա­­­կան շի­­նու­­թիւննե­­րու պահ­­պանման գոր­­ծընթա­­ցի կրթական նպա­­տակով օգ­­տա­­­գոր­­ծումը» նիւ­­թե­­­րով ներ­­կա­­­յացու­­ցին իրենց զե­­կոյցնե­­րը։ Այս բաժ­­նի նիստավարն էր Լա­­քի Վին­­կաս։

Ռա­­պիհա Հար­­մանշա­­հի նիստա-վարութեամբ կա­­յացող եր­­կրորդ նիս­­տին Էլէ­­նա Մա­­մանի խօ­­սեցաւ «Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի պահ­­պանման խնդրին մէջ անխնա­­մու­­թիւնը եւ լքո­­ւածու­­թիւնը», Վիշ­­նիա Քի­­սիչ՝ «Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի ծրագրման կա­­նոնի վեր­­լուծու­­մը» եւ Ալեք­­սանդրա Քա­­փէթա­­նովիչ՝ «Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի պահ­­պանման մէջ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութեան նա­­խագիծ» նիւ­­թե­­­րով։

Ասու­­լի­­­սի եր­­րորդ նիս­­տին, որ կը վա­­րէր Կոն­­ճա Պիւ­­յուքմըխ­­ճը, Պա­­նու Փէ­­քօլ եւ Չաղ­­լա Փար­­լաք զե­­կու­­ցե­­ցին «Անա­տոլո­ւի մէջ ոչ իս­լամնե­րու կա­ռու­ցած ճար­տա­րապե­տական ժա­ռան­գի պահ­պա­նու­մը», Վա­հագն Քէ­շիշեան եւ Զէյ­նէփ Օղուզ «Կե­սարիոյ մէջ հայ եւ յոյն մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւն» եւ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու՝ «Հա­յոց Պատրիարքարանի փաստաթուղթերու մէջ Կեսարիոյ դպրոցները եւ եկեղեցիները» խորագիրերով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ