Դատի նոր թուական՝ 19 Ապրիլ

Իսթան­­պուլի 14-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեանը Հրանդ Տին­­քի ոճի­­րին հետ առնչուած միացեալ դա­­տավա­­րու­­թեան առա­­ջին նիս­­տի թուակա­­նը ճշդած է 19 Ապ­­րի­­­լին։ Վճռա­­բեկ Ատեանի 5-րդ պատ­­ժա­­­կան բա­­ժինի որո­­շու­­մով ոճ­­րա­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը եւ 26 ամ­­­բաստա­­­նեալ­­­նե­­­­­­­րով պե­­­տական պաշ­­­տօ­­­­­­­նեանե­­­րու այդ ոճի­­­րին մէջ ու­­­նե­­­­­­­ցած դե­­­րակա­­­տու­­­թիւնը քննող եր­­­կու թղթած­­­րարնե­­­րը միացուած եւ դա­­­տելու պաշ­­­տօ­­­­­­­նը յանձնուած էր 14-րդ Եղեռ­­­նա­­­­­­­դատ Ատեանին։

Այսպէս դա­­­տարա­­­նը որոշեց 19, 20, 21 Ապ­­­րիլ թուական­­­նե­­­­­­­րուն Չաղ­­­լա­­­­­­­յանի Ար­­­դա­­­­­­­րութեան Պա­­­լատի մեծ սրա­­­հին մէջ դա­­­տական նիստ գու­­­մա­­­­­­­րել։ Մինչ այդ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի ձեր­­­բա­­­­­­­կալուած ամ­­­բաստա­­­նեալ­­­ներ Ալի Ֆուաթ Եըլ­­­մա­­­­­­­զէր, Ռա­­­մազան Աք­­­յիւրէք, Էր­­­ճան Տէ­­­միր, Մու­­­հիտտին Զէ­­­նիթ եւ Էօզ­­­քան Մումճիի բան­­­տարկու­­­թիւննե­­­րը։

Միւս կողմէ Ներ­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարար Էֆ­­­քան Ալա Խորհրդա­­­րանի մէջ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեց Ժո­­­ղովուրդնե­­­րու Ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թեան Կու­­­սակցութեան պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր Կա­­­րօ Փայ­­­լա­­­­­­­նի ուղղած հար­­­ցումին։ Փայ­­­լան հար­­­ցուցած էր թէ ին­­­չու հա­­­մար չէ պաշ­­­տօ­­­­­­­նազրկուած Ապա­­­հովու­­­թեան Ընդհա­­­նուր Տնօ­­­րէնու­­­թեան լրա­­­քաղու­­­թեան բաժ­­­նի պետ Էն­­­կին Տին­­­չը։ Նա­­­խարա­­­րը նշեց որ Էն­­­կին Տինչ ոճի­­­րէն առաջ ար­­­­դէն բաժ­­­­նուած էր այդ պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նէն։ «Մեր գնա­­­հատու­­­մով թե­­­րացում մը չենք տե­­­սած, եթէ տես­­­նէինք ար­­­դէն այդ պաշ­­­տօ­­­­­­­նին չէր ըլ­­­լար»։ Իսկ Կա­­­րօ Փայ­­­լան «Պիանէթ» լրա­­­տու գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թեան ըսաւ թէ Տինչ կ՚ամ­­­բաստա­­­նուի ոճի­­­րի մա­­­սին լրա­­­տուու­­­թիւնը իր պե­­տերուն չփո­­խան­­ցե­­լով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ