Փետրուարը ջերմացնող երգեր

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

26 Դեկ­տեմբեր 2015, Շա­բաթ օրուայ, ի՞նչ Շա­բաթ օրուայ կար­ծես ամ­բողջ շա­բաթուայ յոգ­նութիւ­նը ծան­րութիւն մը եղած նստած է ու­սե­րուս։ Ընթրի­քի սե­ղանը պէտք է հա­ւաքեմ, բայց դիտ­մամբ կը տնտնամ։ Թի­կունքով կը լսեմ «Օ Սէս Թիւրքի­յէ» եր­գի մրցոյ­թի ձան­ձա­ցու­ցիչ ծա­նուցումը։ Պի­տի փո­խեմ գի­ծը, բայց ո՞վ տե­ղէն պի­տի շար­ժի։ Հե­ռուստա­ցոյ­ցի հե­ռակա­ռավա­րիչը վերցնե­լու ան­գամ կը դժկա­միմ։ Յե­տոյ յան­կարծ երաժշտու­թիւն մը կը լսեմ։ Այս ալ ծա­նօթագ­րութիւն մըն է, ըն­դա­մէնը ակնթար­թի պահ մը։ Յան­կարծ կը ձայ­նեմ տնե­ցինե­րուն՝ «չըլ­լայ որ գի­ծը փո­խէք»։

«Սա­րերի Հո­վին Մեռ­նեմ» կը դառ­նամ դէ­պի հե­ռուստաէկ­րան։ Ծա­նօթագ­րութիւ­նը կը կար­դամ՝ խօսք ժո­ղովրդա­կան, երաժշտու­թիւն՝ Յով­հաննէս Պա­տալեան։ Կ՚ու­րա­խանամ…

Մարդ իրեն պատ­կա­նողը իս­կոյն կը ճանչնայ։ Ին­ծի պատ­կա­նող­ներն են էկ­րա­նի վրայ։ Նոյն ու­ղի­ներուն կը հե­տեւինք սրտեր­նիս նոյն կշռոյ­թով կը տրո­փէ։ 38-ի զո­հերը ին­չո՞վ կը զա­տուին 15-ի զո­հերէն։ Հա­սարա­կաց վիշ­տե­րու հայ­րե­նիքի զա­ւակ­նե­րը չե՞նք բո­լորս։

Եկան խմբագ­րա­տուն ու
պատ­մե­ցին իրենց ոդի­սակա­նը…

Ես Պա­րըշ Տէ­միր, պաղ­լա­մա կը նուագեմ ու կ՚եր­գեմ։ Ու­մութ Գա­րապու­լութը մե­նակա­տարն է խումբին։ Քե­նան Կիւչլիւն ելեկտրո­կիթար կը նուագէ եւ խումբի հիմ­նա­դիրն է։ Ճէ­մալ Տաղ պաս կի­թարա­հար։ Իւ­միտ Ֆէր­տի Թի­մու­չին հա­րուա­ծային գոր­ծիքներ կը նուագէ։ Խումբը «Զէմ­հե­րի» կո­չեցինք պար­զա­պէս անոր հա­մար որ ձմրան եղա­նակին հիմ­նե­ցինք։ Մեր երաժշտու­թիւնը կա­րելի է «Անա­տոլու ռաք» անուանել։ Երեք տա­րուայ ան­ցեալ ու­նինք։

2013-ի Փետ­րուարին մէկ­տե­ղուե­ցանք եւ իս­կոյն տե­սահո­լովակ մը պատ­րաստե­ցինք։ Շրջա­նային բազ­մա­թիւ հե­ռուստա­կայան­ներ, յատ­կա­պէս ալ «Ճէմ ԹՎ» սփռեց մեր հո­լովա­կը։ Քա­ջալե­րուե­ցանք եւ այս ան­գամ եօթը եր­գե­րէ բաղ­կա­ցող ալ­պոմ մը հրա­տարա­կեցինք։ Աւան­դա­կան ժո­ղովրդա­կան եր­գերն էին մեր ընտրած­նե­րը, որոնք կա­տարե­ցինք ռաք երաժշտա­կան ոճով։ Ամէն ինչ կա­տարուեցաւ մեր խմբա­կան աշ­խա­տու­թիւնով։ Մեր ետին կա­րող ըն­կե­րու­թիւն մը չկար որ դա­սաւո­րէ ծա­նօթա­ցու­մը։ Ամէն ինչ մե­զի պի­տի վի­ճակէր եւ մենք գոհ ենք ձեռք բե­րուած ար­դիւնքէն։ Ես ու Քե­նան նա­խապէս ու­րիշ երաժշտա­կան խումբի մը կ՚ան­դա­մակ­ցէինք։ Յե­տոյ այս խումբը լու­ծուեցաւ եւ մենք դի­մեցինք նոր խումբ մը կազ­մե­լու աշ­խա­տան­քին։ Ծա­նօթա­ցանք Ու­մութի հետ։ Խումբ մը կազ­մե­լու որո­շու­մին կա­յացած առա­ջին օր իբ­րեւ սկզբունք որ­դեգրե­ցինք ան­հա­տակա­նու­թե­նէ դուրս մնալ։ Խումբ մըն էինք եւ խումբ ըլ­լա­լով պի­տի ներ­կա­յանա­յինք։

Կը խու­սա­փինք մե­նակա­տարի կող­քին ներ­կա­յանա­լէ։ Շատ ան­գամ հե­ռուստա­կայան­նե­րէ ներս նկա­րահա­նման մի­ջոցին մեզ կը դա­սաւո­րեն եւ մե­նակա­տարը կ՚ու­զեն առ­ջեւ բե­րել։ Կը մեր­ժենք այդ երե­ւոյ­թը, կը սի­րենք նոյն գի­ծի վրայ շա­րուիլ։ Խումբ մը ըլ­լա­լով հսկայ ով­կիանո­սի մէջ կա­թիլ մը ըլ­լա­լը ձեռնտու է մեզ։

Պա­տահա­կանօ­րէն կը բաժ­նենք նոյն յատ­կութիւննե­րը։ Հինգս ալ տէր­սիմցի ենք, կը բնա­կինք «Կա­զի» թա­ղամա­սը եւ բո­լորս ալ «Կէ­զի»ի տղա­ներն ենք։

Առաժմ նոր ալ­պո­մի մը պատ­րաստու­թիւն չու­նինք, քա­նի որ նա­խորդ ալ­պո­մը դեռ նոր է։ «Ինսթակ­րամ»ի եւ Դի­մատետ­րի էջե­րով մե­զի հաս­նիլ կա­րելի է։ Մտա­դիր ենք ամի­սը եր­կու ան­գամ Իս­թանպու­լի մէջ բեմ ել­լե­լու։ Նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին Իզ­մի­րի մէջ հա­մերգ ու­նե­ցանք։ Վստահ եմ որ յետ այ­սու աւե­լի յա­ճախ կը հան­դի­պիք մեր անունին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ