Երբ Թուրքիայ իր պաշտօնական բոլոր միջոցներով յամառօրէն կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստացի իրողութիւնը ուրանալ, բազմաթիւ զարտուղի գործօններ կրկին ու կրկին նիւթը կը պահեն օրակարգի վրայ։ Արդարեւ վերջին 10 տարիներու ընթացքին ամերիկեան եւ եւրոպական բազմաթիւ ապահովագրութեան ընկերութիւններ Թուրքիայէն հաշիւ պահանջեցին իրենց կողմէ ապահովագըրուած Օսմանեան Կայսրութեան քաղաքացի հայերու համար։ Այժմ բոլորովին տարբեր բնոյթով զարգացում մը կը ստեղծէ նման շփոթ։ Զուիցերիոյ դրամատուները ծանօթ են իրենց գաղտնապահութեամբ։ Սակայն միւս կողմէն կը գործէ օրինականութեան եւ թափանցիկութեան սկզբունքները։ Այդ սկզբունքներէն մեկնելով դրամատունը կոչ կ՚ընէ բոլոր անոնց, որոնց հաշիւներուն մէջ գումար կայ բայց երկար տարիներէ ի վեր ոչ մէկ գործողութիւն։ Այս երեւոյթը պատճառ եղաւ որ թերթիս աշխատակիցներէն Վարդան Էսդուգեան հետապնդէ այդ ցանկերուն մէջ յայտնըւած հայ անունները, որոնցմով գոյացաւ ներքեւի հարցազրոյցը։ Հարցազրոյցը ուշ
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆՆ
estukyan@gmail.com
Վարդան Էսդուգեան- Կրնա՞ք պատմել Կարապետ Իբրանոսեանը եւ Իբրանոսեան ընտանիքը։
Օյա Կէօզել Տուրմազ- Իբրանոսեանները Ամասիացի հայ ընտանիք մըն են, որոնք կայսրութեան վերջին տարիներուն շատ հարուստացած են թէ արտադրութեան եւ թէ վաճառականութեան ոլորտներու մէջ։ 1890-ականներուն Իսթանպուլ հաստատուած ընտանիքը երկրի զանազան քաղաքներու մէջ մանր առեւտուրի խանութներու ցանց մը ունէր։ Գիտենք որ Ամասիոյ մէջ դպրոց մը կառուցած են։ Ընտանիքի կարեւորագոյն ներկայայցուցիչը Մարուքէ Իբրանոսեանն է։ Ան կը յիշուի ընտանիքին առեւտրական աշխատութիւններուն մէջ փայլուն յաջողութիւն ձեռք բերելով։ Մարուքէ եւ եղբայրը Եփրեմ «Իբրանոսեան եղբարք» ընկերութեան հիմնադիրներն են։
Կարապետ Իբրանոսեանին անունին կը հանդիպինք իբրեւ ընկերութեան բաժնետէր։ Իր մասին Օսմանեան արխիւներուն մէջ ալ փաստաթուղթի մը կը հանդիպինք։ Հետաքրքրական է որ այդ փաստաթուղթն ալ Զուիցերիոյ հետ առնչուած է։ Կարապետի կինը դարմանումի համար Զուիցերիա գացած եւ Սեպտեմբեր 1918-ին ալ երկիր վերադառնալու համար Օսմանեան Պետութենէն արտօնութիւն ուզած է։ Հետեւաբար կը տեսնենք որ Կարապետ Իբրանոսեան Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն կնոջը հիւանդութեան բերմամբ Զուիցերիոյ հետ կապի մէջ էր։ Կրնանք ենթադրել որ միջազգային առեւտուրով զբաղող վաճառական մը ըլլալուն, այդ կապին մէկ օղակն ալ դրամատնային գործեր էին։
Վ.Է.- Ընտանիքը ինչպիսի՞ դերակատարութիւն մը ունէր Օսմանեան առեւտուրի մէջ։
Օ.Կ.Տ.- Իբրանոսեանները 40-էն աւելի խանութներով բազմաթիւ վիլայէթներու մէջ յատկապէս մանր առեւտուրի ոլորտի կարեւոր դերակատարն էր։ Միւս կողմէ սեփականատէրն էին «Իբրանոս Նաւի Ընկերութիւն»ին։ Իրենց պատկանող բեռնատար նաւերով միջազգային առեւտուրի մէջ ալ որոշ բաժին ունէին։
Վ.Է.- Կը պնդուի թէ Օսմանեան Պետութիւնը այս ընտանիքը սնանկացնելու համար յատուկ ծրագիր մշակած է։ Ի՞նչ կ՚ըսէք այս մասին։
Օ.Կ.Տ.- Ես համակարծիք չեմ այս վարկածին։ Ընդհակառակը ընկերութեան հիմնադիր եւ ընտանիքի ամենակարեւոր անդամը Մարուքէ Իբրանոսեանի պատմութիւնը բոլորովին տարբեր երեւոյթ մը կը պարզէ։ Ան տեղահանութեան առաջին ամիսներուն Կեսարիոյ մէջ զինուորական դատարանէ ներս դատուած, բայց հայ կոմիտաներու հետ կապ մը չունենալուն պատճառաւ ալ անպարտ հռչակուած է։ Մարուքէ չէ աքսորուած, շարունակած է Իսթանպուլ մնալ, բայց կրօնափոխ եղած է։ Այսպէսով ան իր կալուածներուն տէր կանգնելու իրաւունքը վերաշահած, տարագրութեան աղէտէն փրկուելով իր առեւտրական գործունէութիւնը շարունակած է։ Ընտանիքը բուն մեծ նեղութիւնը Մարուքէի 1920-ի վերջերուն անակնկալ մահով կ՚ապրի։ Պետական արձանագրութիւններու համաձայն ան իսլամ ըլլալով մահացած է եւ իսլամական ժառանգի իրաւաբանութեան մէջ կրօնի տարբերութիւնը ժառանգի փոխանակումին արգելք կ՚ըլլայ։ Այս սկզբունքով պետութիւնը մերժած է Մարուքէ Իբրանոսեանի ազգականներու իրաւունքը։ Նաւերը պետութեան կողմէ գրաւուած են եւ Իպրանոսեաններու առեւտրական գործունէութիւնը սայթաքած։
Վ.Է.- Ուսումնասիրութեան ընթացքին ձեզի համար ամենաուշագրաւը ի՞նչ էր։
Օ.Կ.Տ.- Մինչեւ մօտ անցեալ տարագըրութեան գործընթացը եւ հայ հասարակութեան ապրած աղէտը քննարկելու ժամանակ կ՚անտեսէինք դասակարգային տարբերութիւնները։ Սակայն հիմա գիտենք որ այդ տարբերութիւնները իրարմէ շատ տարբեր պատմութիւններ ստեղծած են։ Իբրանոսեաններու օրինակն ալ այդ տարբերութիւններուն եւ պետութեան հետ «լաւ» յարաբերութիւններ ունենալուն բոլորովին անհաւանական երեւոյթներ պատճառելու ականատես կ՚ըլլանք։ Վերջապէս մեր դիմաց տարագրութիւնէ ազատուած եւ իր կալուածներուն վրայ իրաւունքներ պահած «բախտաւոր» հայ վաճառականի մը մասին կը խօսինք։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ որ ընտանիքի բոլոր անդամները նոյն բախտը չեն ունեցած։ Իբրանոսեաններու տոհմի Ամասիա մնացած հատուածը աքսորուած է դէպի Հալէպ։
Վ.Է.- Իբրանոսեաններու ժառանգորդներուն մասին տեղեկութիւն ունի՞ք։
Օ.Կ.Տ.- Ընտանիքի պատմութիւնը 1920-ականներուն կ՚աւարտի։ Այդ թուականներուն Իբրանոսեան եղբայրներ ընկերութեան բաժնետէրեր ըլլալով կը հանդիպինք Կարապետ, Միհրան եւ Պերճ Իբրանոսեան անուններուն։ Բայց ընտանիքի մասին տեղեկութիւնները հանրապետութեան առաջին տարիներէն սկսեալ վերջ կը գտնեն։ Ամենավերջին տեղեկութիւնները ընկերութեան լուծուելուն մասին ծանուցումներն են։ Թէ աւելի ետք ի՞նչ եղաւ, ընտանքիի անդամները Թուրքիա մէջ մնալ շարունակեցին, թէ ոչ արտասահման գաղթեցի՞ն։ Վերջերս կը փորձեմ Մարուքէ Իբրանոսեանի շիրիմը գտնելու։ Գրուած է թէ ան թաղուած է Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատունը։ Սակայն գերեզմանատան արձանագրութիւններու մէջ տեղեկութիւն չկայ։ Համացանցի վրայ կը հանդիպիմ «Իբրանոսեան», «Իպրանոսեան», «էպրանոսեան» մականունները բայց մի առ մի բոլորին հետ թղթակցիլ կարելի չէ։ Թերեւս այս հարցազրոյցը պատճառ կ՚ըլլայ եւ աւելի տեղեկութիւններ կը գտնեմ։