ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
ՏԻՅԱՐՊԷՔԻՐ
Որպէս խումբ մը հերթափոխ լրագրողներ Տիյարպէքիր եկած ենք։ Առաջին խումբը նախորդ շաբաթ եկած էր, արժանի կերպով կատարեց իր առաքելութիւնը եւ վերադարձաւ։ Մենք երկրորդ խումբն ենք։ Բացառիկ ու արտակարգ լուրեր խմբագրելու յաւակնութիւն չունինք թէեւ։ Եթէ յաջողինք այս քաղաքի ապրումը Արեւմտեան քաղաքներու բնակիչներուն փոխանցել, այդ ալ մեծ բան է։ Յայտնի է որ բախումներու ենթարկուած այս քաղաքին մէջ լուր պատրաստելը այնքան ալ դիւրին չէ։ Նախ եւ առաջ պատերազմի իրավիճակին մէջ կառավարութիւնը բաւական ծանրացուցած է մամուլի վրայ գործադրած ճնշումը։ Միւս կողմէ մամուլն ալ դիմադրելու մեծ կամք մը չի դրսեւորեր։ Այս պայմաններու տակ ծանր բեռը կը վիճակի շրջանային մամուլի աշխատողներուն։
Ինքնաթիռէ իջնելով կ՚ուղղուինք քաղաքի մարզադաշտը։ Մեր այցելութեան շաբաթին զուգադիպող այս մրցումը անպայման պիտի դիտենք։ Քաղաքի ներկայացուցիչ «Ամէտսփոր» թէ անարդար պատիժի մը ենթարկուած է, մրցումը պիտի կայանայ առանց երկրպագուներու զօրակցութեան, միւս կողմէ խումբի լաւագոյն մարզիկը Տէնիզ Նաքի բոլորովին քաղաքական բնոյթով պատիժի մը ենթարկուած եւ 12 մրցումներէ արգիլուած է։ Երբ կը գրաւենք մամլոյ թրիւպիւնայի վրայ մեզի պահուած տեղերը, ականատես կ՚ըլլանք պատանիներուն մարզիկներու ծաղիկ փոխանցելու պատկերին։ Օրեր ետք լաւ բան մը տեսնալը կը զովացնէ մեր սրտերը։ Մեր տեղաւորուած թրիւպիւնայի անմիջապէս կողքը արտակարգօրէն մեծ պաստառ մը կը բացուի, որուն վրայ կը տեսնենք երկրպագուներու նկարները։ Ըսել կ՚ուզեն թէ արգելքով հանդերձ հոս են։
Երկրորդ գեղեցիկ պահը՝ մարզիկները դաշտ կ՚ելլեն իրենց հետ «երեխէք չմեռնին ֆութպոլ ալ դիտեն» գրուած վերտառութիւնով մը։ Ինչ լաւ է որ մրցակից երկու խումբերը միասին կը տանին այդ վերտառութիւնը։ Մարզավարի սլուցով մրցումը կը սկսի, բայց Ամիտայի ֆութպոլիստները անշարժ մնալով կը բողոքեն ֆութպոլի ֆետերացիայի քաղաքական դիրքորոշումը։ Գեղեցիկ նոր երեւոյթ մը կը պարզուի, մրցակիցներն ալ չեն փորձեր այս աժան առիթէն օգտուիլ։ Գնդակը կը փոխանցեն իրարու առանց հակառակորդի մարզադաշտը անցնելու։ Ապա կը սկսի մրցումը։ Անհաւասարներու մրցում մըն է այս իրականութեան մէջ։ Աստիճանակարգի մէջ «Ամէտսփոր» երրորդ լիկայի խումբ է, իսկ Ֆէնէրպահչէ առաջին։ Սակայն այս բաժակի յատուկ կարգադրութիւնով երկրի բոլոր արհեստավարժ ակումբները իրաւունք ունին զտման մրցումներուն մասնակցելու եւ Ամիտայի տղաքը իրենց ճարպիկ խաղարկութիւնով յաջողած են երկրի մեծագոյն ակումբներէն մէկուն մրցակից դառնալու։ Այդ յաջողութիւնը շարունակեցին այս մրցումին ալ եւ խաղը աւարտեցին 3-3 հաւասարութեամբ։ Բայց մեր խաղի հետեւած պահերուն իսկ պատերազմի իրավիճակը կը տիրէր քաղաքին մէջ, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ 16 ամեայ պատանի մը։ Ականատեսներ կը վկայէին թէ 16 ամեայ Մահմուտ Պուլաք ոստիկանի մը կրակոցով մահացած էր։ Այսպէսով ճշդուած եղաւ յաջորդ օրուայ ծրագիրը։ Թաղման թափօրին կը մասնակցինք։ Եւ «ԻՄՃ»ի թղթակիցներուն հետ կ՚ուղղուինք Ենիգիւղի գերեզմանատունը։ Արտակարգօրէն զուսպ է թաղման թափօրը։ Ընտանիքին, հարազատներուն ողբով կը ցնցուինք բոլորս ալ։ Պատանիի հայրը որդւոյն նկարը գրկած կը քրքջայ «Ինծի այդպէս մի նայիր որդիս» դրոշմուեցաւ այդ պահը մտքիս եւ դժուար թէ մոռանամ։ 16 ամեայ պատանին թաղեցինք մի ուրիշ 16 ամեայի քով։ Աստուած իմ այս գերեզմանատան մէջ որքան շատ շիրմաքարերու վրայ կը հանդիպիմ 1996-1995 ծննդեան տարեթիւերուն։ Գերեզմանէն ելլալով կ՚ուղղուինք ամենասաստիկ բախումներուն պատահած վայրը Տիյարպէքիրի նշանաւոր Սուր թաղամասը։ Անշուշտ պիտի գոհանանք Սուրի համեմատաբար աւելի անցանելի հատուածներով։ Թէ ոչ Սուրի կարեւոր մէկ մասը անանցանելի է եւ ճիշդ ալ այդ մասին մէջ կը մնայ Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին։ Սուրի թաղականները ամօթխածութեամբ կը խոստովանին թէ քանի մը ամիսէ ի վար իրենք ալ չեն կրցած մտնել եկեղեցւոյ գտնուած վայրը։