Հրանդ Տինքի ոճիրի դատավարութեան մէջ պետական պաշտօնեաներու դէմ յարուցուած գործողութիւնն ալ միացուեցաւ բուն դատավարութեան թղթածրարին։ Վճռաբեկ Ատեանի Հինգերորդ Բաժնի համաձայն, դատը պիտի շարունակուի Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ։ Այժմ կը սպասուի թէ մօտ օրէն յայտարարուի դատական նիստի թուականը։
Տինքի հարցաքննութիւնը կատարող դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւ պահանջած էր, Ճէլալէտտին Ճէրրահ, Ահմէտ Իլհան Կիւլէր, Էնկին Տինչ եւ տակաւին 26 պետական պաշտօնեաներու դատուիլը։ Դատախազ Քէօքճիւի պատրաստած ամբաստանագիրը ընդունուած էր 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի կողմէ եւ յղուած էր մայր դատին քննարկուած Հինգերորդ Եղեռնադատ Ատեան։ Այս վերջինը մերժեց թղթածրարը, որմէ ետք թղթածրարը յանձնուեցաւ Վճռաբեկ Ատեանի Հինգերերդ Բաժնին։ Որու տնօրինութեամբ դատը պիտի շարունակուի սոյն դատարանի մէջ։