Թուրքիոյ Խորհրդարանը ի վերջոյ կը սկսի աշխատանքի։ Օրակարգի վրայ է Սահմանադրութեան Համաձայնութեան Յանձնախումբը։ ՀՏՓ կուսակցութիւնը ճշդեց այս յանձնախումբի մասնակցելիք իր երեք պատգամաւորները։ Անոնք են՝ Մարտինի պատգամաւոր Միթհատ Սանճար, Ատանայի պատգամաւոր Մէրալ Տանըշ Պէշթաշ եւ Իսթանպուլի պատգամաւոր Կարօ Փայլան։ Յանձնախումբի առաջին ժողովը պիտի կայանայ 4 Փետրուարին։
Փայլան յանձնախումբի մասնակցութեան մասին կուսակցութեան որոշումը հետեւեալ կերպով բացատրեց «Ակօս»ին։ «Հանրապետութեան Նախագահի շուրջ կազմուած միջավայր մը կը պարտադրուի։ Մենք շրջանային վարչութիւններուն աւելի մեծ ուժ ներկայացնելիք եւ ազատութիւնները պահող դրութեան մը համար պիտի աշխատինք։ Ամէն բանէ առաջ պէտք է կանխենք բախումները։ Բախումներու առկայութեան պարագային կարելի չէ սահմանադրութիւն մը պատրաստել։ Ոչ թէ մենատիրական, այլ ժողովրդավարական սահմանադրութեան մը կարիքը ունինք։ Նախագահական դրութեան մասին նախ կ՚ուզենք բոլոր առաջարկները լսել։ Ապա մենք ալ մեր առաջարկները պիտի ներկայացնենք։ Չենք հաւատար, որ Թայյիպ Էրտողանի առաջարկածը ժողովրդավարական նախագահութիւն մըն է։ Ան աւելի շատ կը նախընտրէ Թուրքմէնիստանի մէջ գործադրուող դրութիւնը, որ մենատիրութեան առիթ կ՚ընծայէ։ Անշուշտ որ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հեղինակութիւն մը պիտի գործէ։ Բայց ո՞ր համակարգները, ի՞նչ միջոցներով պիտի կրնան այդ իշխանութիւնը հսկել։ Մենք ժողովրդավարութեան հիմադրութիւնն է որ ապահովել կ՚ուզենք։ Ժողովուրդի բոլոր խաւերուն իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը ապահովելու պիտի աշխատինք»։
Փայլան նոր սահմանադրութեան մը պատրաստուելուն աշխատութիւններուն ակնարկելով նշեց, թէ հայերը այս երկրի մէջ 150 տարի առաջ ալ ժողովրդավարութեան պայքար մղած են։ «Բազմաթիւ հայ մտաւորականներ շրջանային վարչութիւններու իրաւասութիւնները ապահովող սահմանադրութիւն մը առաջարկեցին։ Սակայն այդ ժամանակ գործող մի այլ բռնակալ հասկացողութիւն մերժեց մեր այս առաջարկները։ Ապա բոլորս գիտենք, որ ինչ տեսակ աղէտ մը ապրեցանք։ Հիմա նորէն բախումներով լեցուն շրջան մը կ՚ապրինք։ Ես որպէս հայ պատգամաւոր իմ ժողովուրդի փորձառութիւնները եւ պահանջարկները շատ աւելի յստակ պիտի ներկայացնեմ»։