ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Հրանդ Տինքը մոլեռանդ ազգայիններու դիմաց թիրախի վերածող վճռաբեկ ատեանի դատակազմէն Նիհատ Էօմէրօղլու այժմ կը զբաղեցնէ օմպուցմանի պաշտօնը եւ ելոյթ ունեցած է Խորհրդարանի ծրագաւորման եւ ելմտական յանձնախումբի նիստի ընթացքին։ 2016-ի նախատեսուած պիւտճէն ներկայացնող Էօմէրօղլու ապա պատասխանած է յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններու հարցումներուն։ ՀՏՓ կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւոր Կարօ Փայլան հակազդեց օմպուցմանին եւ պահանջեց անոր հրաժարումը։ Փայլան իր ելոյթին մէջ ըսաւ հետեւալը՝ «Թերեւս ալ աշխարհի ամենամիջակ օմպուցմանին հետ դէմ յանդիման կը գտնուինք։ Ոչ մէկ հեղինակութիւն ունի։ Թուրքիոյ մէջ սա պահուն ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու առումով շատ լուրջ խնդիրներ կան։ Քաղաքներ շրջապատման մէջ են, մարդիկ կը մեռնին եւ օմպուցմանէն ոչ մէկ ձայն»։
Փայլան Էօմէրօղլուի դէմ իր մեղադրանքները շարունակեց, պնդելով թէ ան Հրանդ Տինքի ոճիրի մասնակիցներէն մէկն է։ «Մասնագէտներ կրկին ու կրկին անգամ հակառակ կարծիք յայտնելով հանդերձ ան յամառեցաւ, Հրանդ Տինքը թրքութիւնը նախատելու մեղադրանքով դատապարտելու։ Ան այս վճիռով Հրանդը դրաւ գայլերուն առջեւ»։
Էօմէրօղլու Փայլանի այս մեղադրանքներուն պատասխանելով, յայտնեց թէ մեծ ցաւ զգացած է Տինքի մահուան պատճառաւ։ «Ես չեմ կրնար համաձայնիլ իմ մասին ձեր պնդումներուն։ Բոլորս մերժելու ենք ոխ եւ ատելութիւն պարունակող խօսքերը»։ Էօմէրօղլու ակնարկելով անգլիացի պատմաբանի մը Ա եւ Բ Համաշխարհային պատերազմներուն մօտ 65 միլիոն մարդկանց սպանութեան մասին վկայութեան դիտել տուաւ որ այսօր Եւրոպայի ժողովուրդները միասնութիւն մը գոյացուցած են։ «Այս լուծումին գաղտնիքը –մոռանալ- բառին մէջ կը տեսնեմ» ըսաւ օմպուցմանը։
Միւս կողմէ յանձնախումբի ժողովի ընթացքին ԱՔՓ կուսակցութեան Զոնկուլտաքի երեսփոխան Ֆարուք Չաթուրօղլու ալ խօսք առնելով անհանգստութիւն յայտնեց բոլոր խնդիրներուն վերջ ի վերջոյ հայկական հարցի եւ 1915 թուականի հետ զուգադիպելէն։ «Բոլորը գիտեն թէ 1915-ին ինչ պատահեցաւ։ Հնչակեան եւ Դաշնակցական հրոսախումբերը հողի պահանջով ապստամբեցան Օսմանեան Կայսրութեան դէմ եւ բիւրաւոր մարդկանց մահուան պատճառ եղան։ Այսօր ալ նոյնը կը պատահի, անմեղ քիւրտերը շահագործելով հայերն են որ հողի պահանջով մեր դիմաց կ՚ելլեն։ Իրականութեան մէջ այս երկրին մէջ քրտական հարց մը չէ, այլ հող պահանջող հայկական հարց մը կայ»։
Կարօ Փայլանի «այս երկրին մէջ իւրաքանչիւր հինգերորդ անձն էինք, հիմա բուռ մը մնացած ենք եւ տակաւին մե՞նք ենք յանցաւոր» հակազդեցութեան վրայ Չաթուրօղլու «ո՛չ թէ բուռ մը, այլ հարիւր հազարաւորներով կան։ Ճիշդ է որ մէկ մասը տարագրութեան ենթարկուեցան, բայց ասիկա առաջին անգամ չէր։ Հայերը խաչակիրներու արշաւանքի ժամանակ ալ աքսորուած են» ըսաւ ԱՔՓ-ի պատգամաւորը։