«ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ»

ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՍՐԿ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Հետաքրքրա­­կան է Հա­­յոց մէջ անուան տօ­­նախմբու­­թեան նշու­­մը։ Աւան­­դութիւն մը՝ որ ու­­րիշնե­­րուն հետ տա­­կաւ կը կոր­­սուի։ Ժա­­մանա­­կին կար­­ծես այսքան ընդհան­­րա­­­ցած չըլ­­լա­­­լով ծննդեան տա­­րեդար­­ձե­­­րու նշու­­մը եւ սուրբե­­րու անուան յի­­շատա­­կու­­թիւնը աւե­­լի յար­­գանք վա­­յելե­­լուն, մե­­րազն ժո­­ղովուրդը աւե­­լի կը շեշ­­տէր այդ սուրբե­­րու օրե­­րը։

Եւ որ­­քան կ՚ար­­դիակա­­նանք, այնքան կը կորսնցնենք նաեւ մեր այս աւան­­դութիւ­­նը։

Ար­­դէն կորսնցնե­­լու կար­­ծես պար­­տա­­­ւոր ենք, քա­­նի այ­­լեւս «յար­­գե­­­լի բա­­ցառու­­թիւն» նկա­­տելու սկսած ենք այն ծնող­­նե­­­րը, որոնք սուրբի անու­­նով կ՚անուանեն իրենց նո­­րածին­­նե­­­րը։

Եւ այս (ինչպէս նաեւ այլ աւան­­դութեանց) ինքնա­­կոչ պա­­հակն էր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանը՝ այլ անու­­նով «Պա­­րոն Սե­­րով­­բեան»ը։

Իր հա­­մեստ դպրո­­ցական կեան­­քը կա­­տարե­­լագոր­­ծած էր ինքնու­­սուցու­­մով եւ այ­­սօր վստահ ենք, որ իր յա­­ւիտե­­նական հանգստա­­վայ­­րէն իւ­­րա­­­յատուկ ժպի­­տով կը դի­­տէ մեր այն մտա­­ւորա­­կան­­ներն ու «ազ­­գագրա­­գէտ»նե­­րը, որոնք աջ ու ձա­­խէն հա­­ւաքե­­լով քա­­նի մը բան, կը ջա­­նան բա­­ներ մը գրի առ­­նել, լոկ գրած ըլ­­լա­­­լու մար­­մա­­­ջով, այդ ալ մես­­րո­­­պեան «ուղղագ­­րութեամբ»։

Ան միշտ բա­­ներ մը ու­­նէր ըսե­­լու սա կամ նա աւան­­դութեան, յատ­­կա­­­պէս՝ Սուրբ Սար­­գիս Զօ­­րավա­­րի մա­­սին։ Եւ այդ Սուրբ Սար­­գի­­­սի օրե­­րու ան­­փո­­­փոխ կար­­գա­­­խօսն էր իր մօ­­րեղ­­բօրմէն ժա­­ռան­­գած նա­­խադա­­սու­­թիւնը. «Անու­­նովդ ապ­­րիս, անու­­նովդ ալ մեռ­­նիս։ Շա­­տեր եղան, որոնք իրենց անու­­նով մեռ­­նե­­­լու բաղ­­դը չու­­նե­­­ցան…»։

Ան, ութսուն տա­­րիներ ապ­­րե­­­լով իր անու­­նով, յա­­ւիտե­­նական հանգստեան քա­­շուե­­ցաւ նոյն անու­­նով, յու­­ղարկուեցաւ նոյն անու­­նով եւ այդ անուան շու­­քին ներ­­քեւ կը ննջէ այ­­սօր։

Այս տա­­րի տխուր, սա­­կայն հե­­տաքրքրա­­կան զու­­գա­­­դիպու­­թեամբ մը իր անուան տօ­­նը հա­­մընկնե­­ցաւ այն օրե­­րուն, որ տա­­րելիցն էր իր սի­­րելի գոր­­ծընկե­­րոջ՝ Հրանդ Տին­­քի սպա­­նու­­թեան։

Տա­­րի մը առաջ, առա­­ջին ան­­գամ իր ըն­­տա­­­նեկան յար­­կէն հե­­ռու մնաց՝ Հրան­­դին մա­­սին խօ­­սելու հա­­մար։ Գնաց Յու­­նաստան։ յա­­ջորդ Սուրբ Սար­­գի­­­սի տօ­­նին, ինք ար­­դէն յա­­ւիտե­­նական հրա­­ժեշ­­տը տուած ու խառ­­նուած է իր նա­­խորդնե­­րուն, իր հան­­գուցեալ բա­­րեկամ­­նե­­­րուն։

Իր հան­­գիստէն մէկ-եր­­կու օր ետք, իր զար­­մի­­­կին թո­­ռը՝ Ճա­­նի Օտա­­պաշեանը, որ կեան­­քին մէջ մէկ ան­­գամ միայն տե­­սած էր զինք եւ եր­­բեք չէր տե­­սած Հրան­­դը՝ գծեց հե­­տաքրքրա­­կան նկար մը։

*

Անու­­նովդ ապ­­րե­­­ցար, անու­­նովդ ալ հանգչէ Սար­­գիս Սե­րով­բեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ