Նուիրեալ կրթական մշակ մըն էր վաստակաւոր ուսուցչուհի Էլիզ Կոկանեան, որուն յուղարկաւորութիւնը կայացաւ անցեալ շաբաթ եւ իր երբեմնի աշակերտներուն համար դարձաւ սիրելի յիշատակ մը։ Մօտ տարի մը առաջ իր հետ զրուցած, մանկութենէն սկսեալ բազմաթիւ յուշեր լսած էինք իրմէ։ Վարանած էր այդ յուշերուն թերթին մէջ հրատարակութենէն։ Կը խուսափէր իր խօսքերով ուրիշները վիրաւորելէ։ Այս խորհուրդով դիմեցինք հարազատներուն եւ անոնց ալ հաւանութեամբ կը հրատարակենք Էլիզ Կոկանեանի յուշերը։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Հազիւ եօթը տարեկան էր, երբ մտադրեց ուսուցիչ ըլլալ։ 17 տարեկանին մանուկներու նուիրուած մանկամարդուհի մը, երեսունններուն ուսանողներուն նուիրուած մայր մըն էր։ 60 տարուայ նուիրումի մը յուշերն են որ կը պատմէ Էլիզ Կոկանեան։
«Անունս Էլիզ Կոկանեան է։ Աղջիկնութեան մականունով Մարսըքեան։ Ծնան եմ 1 Ապրիլ 1938-ին Իսթանպուլի հայաբնակ Կետիկփաշա թաղամասը։ Հայրս, Համբարձում Պարսամ՝ Մալաթիա փէօթիւրկէցի էր, իսկ մայրս, Էօժէն՝ կեսարացի։ Հինգ քոյր, եղբայր էինք։ Դժուար մանկութիւն մը ապրած եմ։ Հայրս միշտ հիւանդ էր։ Որպէս թերթի ցրուիչ կ՚ապահովէր տան ապրուստը։ Վեց տարեկան էի, երբ ինծի վստահուած էր Կետիկփաշայի մեր տունէն ամէն առաւօտ Ճաղալօղլուի ֆրանսական դարմանատուն երթալ եւ փոքր եղբօրս համար շիշ մը կաթ բերելու գործը։ Մանկապարտէզ չեմ գացած։ Ինքնուս գրաճանաչ դարձայ։ Ուրիշներուն օգնելէ հաճոյք կ՚առնէի։ Մեր թաղի կարող դերձակուհին էր տիկին Քրիստին, երբ դուրսէն ինչ որ բանի պէտք ունենար ինձմէ կը խնդրէր։ Երախտիքը կը յայտնէր գունաւոր կերպասի աւելորդ կտորներով։ Ես անոնցմով պուպրիկներ կը պատրաստէի։ Պուպրիկներու հետ խաղալու կողքին ունէի ուրիշ հաճոյք մը եւս՝ պարոն Օննիկի երաժշտութիւնը լսել։ Օննիկ մեր հարեւանն էր եւ աքորտիոն կը նուագէր։
Եօթը տարեկանին արձանագրուեցայ թաղին Մեսրոպեան վարժարանը։ Դպրոցէ արձակուելով իսկոյն պայուսակս տուն կը թողէի եւ կ՚ուղղուէի Չաքմաքճըլար զարիվերը։ Այդ տարի հօրս հիւանդութիւնը յառաջացած էր եւ եղբայրս չորրորդ դասարանէն դպրոցը թողելով ստանձնած էր հօրս աշխատութիւնը։ Պէտք էր իրեն օգնէի։ Ամէն օր ես կը ծալէի երեկոյեան լոյս տեսնող «Մարմարա» եւ «Ժամանակ» թերթերը։ Եղբայրս թերթերը Գարագիւղէն կը ստանար եւ բաժանորդներուն բաշխելով կու գար ինծի հետ հանդիպելու Չաքմաքճըլարի վրայ։
Հօրս հիւանդութիւնը ալ աւելի յառաջացած էր։ Ի վերջոյ ստիպուեցաւ Հայտարփաշայի Նումունէ հիւանդանոցը պարկելու։ Հինգշաբթի եւ Կիրակի օրերը հայրս այցելելու կ՚երթայինք։ Կիրակնօրեայ այցելութենէ մը ետք հայրս մահացեր է հիւանդանոցին մէջ եւ ինքնութիւնը պարզող որեւէ տուեալ չէ գտնուեր։ Բարեբախտաբար բժշկապետութիւնը «Մարմարա» թերթին ծանուցում մը տուեր է –Հայտարփաշայի Նումունէ հիւանդանոցին մէջ հայ քաղաքացի մը մահացած է։ Եթէ ծանօթները չներկայանան պիտի թաղուի անտէրներու գերեզմանատունը-։ Եթէ պատահմամբ կարդացած չըլլայի այդ լուրը հայրս անտէրներու գերեզմանը պիտի թաղուէր։ Մայրս մեծ կսկիծով եւ շուարումով հիւանդանոց փութաց, հօրս աճիւնը առաւ եւ Սկիւտարի եկեղեցիէն յուղարկաւորեցինք։ Առանց դագաղի թաղեցինք հայրս։ Հօրս մահէն ետք ընտանիքին վիճակը ալ աւելի ծանրացաւ։
Գալֆայեանի Օրեր
1946-ին թաղեցի բարերարի մը միջնորդութեամբ ընդունուեցայ Գալֆայեան Որբանոց։ Որբանոցը Հասգիւղ էր, Հալըճըօղլու։ Ցնցուած էի ընտանիքէս հեռու մնալով։ Միշտ իրենք մտածելով չէի կրնար դասերուն հետեւիլ։ Տարեվերջին թուաբանութենէն վերաքննութեան մնացի։ Ամբողջ ամառ աշխատեցայ եւ տարեմուտի շեմին քննութիւնը յանձնելով դասարանս անցայ։ Ամէն օր մինչեւ ցերեկ հինգ դասապահեր ունէինք։ Ցերեկէն ետքը կար, կարկտուք ձեռագործ կը սորվէինք։ Ապա կը սկսէր սերտողութեան ժամերը։ Կարկտուքի դասին դժուարացայ դերձանը ասեղէն անցնելու։ Կողքի ընկերուհիէն օգնութիւն ուզեցի։ Մայրապետը զայրացաւ, -դերձանը ասեղէն անցնել չգիտցողը, թող երթայ զուգարանները մաքրէ- հրահանգեց։ Պէտքարանները մաքրելէն ետք սերտողութեան պահուն ուշքս գնաց, գլուխս ինկաւ սեղանին վրայ։ Մայրապետը իսկոյն դիմեց բուժքոյրին։ Տեսան որ ջերմութիւնս 40 աստիճանի բարձրացած է։ Անմիջապէս դպրոցի բուժկէտը փոխադրեցին եւ սխալ բան մը չընելու մտահոգութեամբ չորս օր ոչ հաց տուին, ոչ ալ ջուր։ Հինգշաբթի օր մըն էր, դպրոցի բժիշկը տեսաւ զիս եւ հիւանդանոց փոխադրեցին։ 28 քիլօկրամ քաշով մտած հիւանդանոցէն երեք ամիս յետոյ 36 քիլօ ըլլալով ելայ։ Մօրս զգուշացուցին ըսելով որ պէտք է լաւ խնամուիմ եւ անգամ մըն ալ չհիւանդանամ։ Մինչդեռ ես կրկին, կրկին հիւանդացայ, չորս անգամ թոքերս ջուր հաւաքեցին։ Կիրակի առաւօտները պատարագի կը մասնակցէինք եւ ես սարկաւագի պաշտօն կը կատարէի։ Անգամ մըն ալ քշոցը ձեռքս մարեցայ եւ խորանէն վար ինկայ։ Բարերարներէն Աբոյեան Էֆէնտին հոն էր եւ հետաքրքրուեցաւ ինձմով։ Մայրապետներէն մէկն ալ հանդարտեցուց անոր հոգը՝ -բան մը չունի, շփացածութիւն կ՚ընէ- ըսելով։ Մինչդեռ սոված էի։ Ցամաք հաց չէի կրցած ուտել։ Յաջորդ Կիրակի մայրապետը պատարագէն առաջ ինձ իր մօտ կանչելով հում ձու, չոր հաց եւ շերտ մը շոքոլատ տուաւ։ Այդ օր սորված եղայ հում ձուին հաց թաթխելով ուտելը։ Արդէն շաբթու մէջ մեր նախաճաշը բաժակ մը թէյ, չոր հաց եւ հինգ հատ ձիթապտուղէ կը բաղկանար։ Կիրակնօրեայ պատարագներէն ետք հոգեհանգստեան հոգեճաշ կը բաժնուէր։ Մատաղցու միս նուիրած կ՚ըլլային, բայց միսէն մեզի աշակերտներուս բաժին չէր հասներ։ Մենք հազիւ իւղոտ քաղիրթի ապուր կը խմէինք։ Սեղանապետ կ՚ըլլայինք եւ մեզի կը վիճակէր մայրապետներուն խորոված միս մատուցել։ Իսկապէս դժուար էր»։
Սպասումը դժուար է
Գիշերօթիկ դպրոցի դժուարութիւններուն գլխաւորը կարօտի զգացումն է։ Մայրս սովորաբար երկու շաբաթը անգամ մը, Կիրակի օրեր այցելութեան կու գար։ Տունէն, տնեցիներէն լուրեր կը բերէր։ Մանր, մունր բաներ ալ կը բերէր երբեմն, կ՚ուրախանայի։ Անգամ մը լման ամիս մը չէր եկած ու մայրապետները զիս Ալթունիզատէի իրենց ամարանոցը ղրկեցին, մաքրութեան համար։ Աւելի յարմար առիթ մը չէր ըլլար։ Մայրապետը զիս Սկիւտարի նաւամատոյցէն ճամբեց Գատըգիւղի նաւով։ Իսկ ես փոխանակ Ալթունիզատէ երթալու, ուրիշ նաւով մը տուն գացի։ Մայրս բացաւ դուռը։ Ներսը վառարանին վրայ թէյի բուրմունքը պատած էր սենեակը։ Հաշիւ պահանջեցի, ինչո՞ւ չէր եկած զիս տեսնելու։ Պարզուեցաւ թէ հիւանդացած էր, չէ որ սրտի անբաւարարութենէ կը տառապէր։ Ճանապարհածախսն ալ ազդած էր այցելութենէ հրաժարելուն։ Ասոնք լսելով անմիջապէս ետ վերադարձայ։ Ցերեկին, ժամը մէկին դպրոց վերադարձած էի։ Մայրապետները չհաւատացին թէ տուն գացած եմ։ Մայրս վկայեց, բայց անոր ալ չհաւատացին։
Շրջանաւարտ եղած տարին ուզեցին, որ հոն մնամ։ Ուսանիլ կ՚ուզէի, մերժեցի այդ առաջարկը։ «Այն ատեն քոյրդ ալ հետդ տար» ըսին։ Հազիւ մէկ տարի եղած էր քրոջս գալուն։ Դպրոցը աւարտելէս տարիներ ետք տնօրէնութեան հրաւիրեցին, բայց դարձեալ մերժեցի։ Երկրորդ անգամ յիսուն տարի ետք մտայ ԳալՖայեանի դռնէն ներս։
Պոյաճըգիւղի ամառնային ճամբար
Գալֆայեանի մէջ ձրի ուսանած էի։ Պարտական կը զգայի ազգին դէմ։ Երբ որ Պոյաճըգիւղի ամառնային ճամբարին մէջ վերակեցու հսկիչի պաշտօն առաջարկեցին, անվարան ընդունեցի։ Այդ տարի 30 երախայ կը խնամուէր ճամբարին մէջ։ Էսաեանի տնօրէնուհի Հերմինէ Գալուստեանի խումբ մը ուսուցչուհիներով այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ ուսումս շարունակեմ Էսաեանի մէջ։
Էսաեանէ շրջանաւարտ ըլլալով ուսուցչութեան ասպարէզ մտայ եւ այս նուիրեալ աշխատութիւնը շարունակեցի մինչեւ 2000 թուական։ Այս միջոցին դասաւանդած եմ Պէզճեան, Մեսրոպեան, Եշիլգիւղ, Պալատի Խորէնեան, Ֆերիգիւղ Մէրամէթճեան եւ Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան դպրոցներուն մէջ։
Ծանր պատասխանատուութիւնով լեցուն պաշտօնի շրջան մը բոլորեցի։ Չեմ մոռնար 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն Պոյաճըգիւղէն տղաքը դէպի ապահով տեղեր փախցնելու ոդիսականը։ Թաղին նախ Յունաց Եկեղեցին հրկիզեցին, ապա հասան մեր եկեղեցին։ Իբրեւ թէ մեզի պահակ կանգնող ոստիկանը շատոնց հեռացած էր։ Եկեղեցին աւերեցին, բայց բարեբախտաբար մեր պատսպարուած շէնքը չմտան։ 15 երախան հսկայ թաքսի մը լեցնելով յաջողեցայ մինչեւ Գումգաբու բերել։ 17 տարեկան էի այդ ժամանակ։ Պայմանները այնպէս բերին, որ իմ ուսուցչութիւնը դպրոցներով չէր սահմանուած։ Միութիւններուն մէջ ալ հայերէն դասաւանդեցի։ Մանաւանդ գաւառէն եկած զանգուածի համար հայերէնի պատրաստուելու կարիք կար։ Դասագիրքեր ալ պատրաստեցի իմ ջանքերով։ Այդ բոլորին զուգահեռ երկուորեակ զաւակներս ալ կեանքի պատրաստեցի։
Կրնամ ըսել, թէ իմ ուսուցչութեան ասպարէզ մուտքս նոյնիսկ Պոյաճըգիւղի այդ ճամբարով կը սկսի։ Հիմա համոզուած եմ, թէ ձրի ուսանելով գոյացած պարտքս հատուցած եմ ազգին։