Նախորդ Չորեքշաբթի օր լուրը ռումբի մը նման ինկած էր «Ակօս»ի խմբագրատունը։ Քանդիչ սարքեր սկսած էին փլել Թուզլայի Մանկական Ճամբարի, այլ խօսքով Գամփ Արմենի շէնքերը։ Առաջին լուրերուն յաջորդեցին դրական զարգացումներ։ ՀՏՓ կուսակցութեան Թուզլայի մասնաճիւղի գործիչները փլուզման լուրը լսելով փութացած էին ճամբար։ Շուտով անոնց միացան ՃՀՓ կուսակցութեան անդամները։
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Նախորդ Չորեքշաբթի օր լուրը ռումբի մը նման ինկած էր «Ակօս»ի խմբագրատունը։ Քանդիչ սարքեր սկսած էին փլել Թուզլայի Մանկական Ճամբարի, այլ խօսքով Գամփ Արմենի շէնքերը։ Առաջին լուրերուն յաջորդեցին դրական զարգացումներ։ ՀՏՓ կուսակցութեան Թուզլայի մասնաճիւղի գործիչները փլուզման լուրը լսելով փութացած էին ճամբար։ Շուտով անոնց միացան ՃՀՓ կուսակցութեան անդամները։ Ապա վրայ հասան հայ երիտասարդներու Նոր Զարթօնք շարժումի անդամները։ Եկողները յաջողեցան փլուզումը կասեցնելու եւ քանդիչ մեքենաները տարածքէն դուրս հանելու։ Որոշուեցաւ վայրը անտէր չթողուլ։ Այս որոշումի համաձայն փլուզման երկրորդ փորձ մը կանխելու համար վճռուեցաւ տարածքէն չհեռանալ։ Իսկոյն ձեռնարկուեցաւ կազմակերպչական աշխատութեան։ Արդարեւ Շաբաթ օր բազմահարիւր այցելուներ եկան ճամբար, իրենց զօրակցութիւնը բերելու համար դիմադրող երիտասարդական կամքին։ Թերթերը եւ հեռուստակայանները արձագանգելով նիւթին, ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին դէպի այս լքեալ հաստատութեան։ Այսպէսով տարբեր բնոյթի հասարակական կազմակերպութիւններ միջամուխ եղան այս դէպքին։ Թաքսիմի «Կէզի» զբօսայգիի դիմադրութեան գլխաւոր դերակատարներէն եւ Ճարտարապետներու Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի քարտուղար Միւճէլլա Եափըճը, Քաղաքաշինութեան Կաճառի Իսթանպուլի մասնաճիւղի ատենապետ Թայֆուն Քահրաման, ճարտարապետ Քորհան Կիւմիւշ եւ իրաւապաշտպան Ճան Աթալայ առաջին փութացողները եղան։ Հոն էին ճամբարի նախկին սաներէն Կարապետ Օրունէօզ, Սիլվա Էօզյէրլի, Պէսսէ Քապաք, Զաքար Գարաքիւթիւք, Ռաքէլ Տինք եւ ուրիշներ։ Անի եւ Կարապետ Պալըքճը ամոլի կողքին, Պաքըրգիւղի քաղաքապետի օգնական Մարգրիտ Տիքմէ, ՀՏՓ կուսակցութեան ասորի թեկնածու Էրքան Մեթին եւ հայ թեկնածու Կարօ Փայլան, Սամաթիոյ մէջ սպանութեան զոհ գացած Մարիցա Քիւչիւքի դուստրը Սաթենիկ Քիւչիւք, Վաքըֆներու Խորհուրդի մէջ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, Տիւշիւնճէ Փլաթֆորմու հարթակէն Յարութ Էօզէր։
Նոր Զարթօնք շարժումը այս գրաւումը կը մեկնաբանէր ճամբարի մուտքին կախած «Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» վերտառութիւնով։ Նշենք որ թաղեցիները եւս կը մասնակցին այս դիմադրութեան արշաւին։ Անոնք յաճախ սննդամթերք կը բերեն հոն հերթ պահող երիտասարդներուն համար։
Այս զարգացումներու կողքին կառավարութիւնը շարժման անցած է եւ վարչապետ Տաւութօղլուի կարգադրութեամբ երեսփոխանական թեկնածու Մարգար Եսայեանը պաշտօնակոչած է բանակցութիւններու միջոցաւ լուծման եզր մը գտնելու համար։ Այսպէս Կէտիկփաշայի Աւետարանչական Եկեղեցւոյ պատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Նոր Զարթօնք շարժումի ներկայացուցիչ Ալէքսիս Քալք, Թորոս Ալճան, Կարապետ Օրունէօզ, Յարութ Էօզէր, իրաւապաշտպան Սեպուհ Ասլանկիլ մօտ չորս ժամ տեւող ժողով մը գումարեցին Մարգար Եսայեանի հետ, որուն հեռախօսով մասնակցեցաւ նաեւ ԱՔՓ կուսակցութեան Իսթանպուլի նահանգապետ Սելիմ Թէմուրճի։
Ժողովէն ետք կողմերը համոզուած են որ փլուզումը կանգ կ՚առնէ, բայց խնդիրը կը մնայ վերջնական լուծումին։ Ճամբարի անունով ներկայացողները կը պահանջեն որ պետութիւնը պետականացնէ տարածքը եւ վերադարձնէ Հայ Բողոքական Եկեղեցւոյ։ Այդ մասին կառավարութիւնը ներկայացնողները կը փորձեն զարտուղի միջոցներով լուծում մը գտնել։ Անոնք կը խուսափին ուղղակի կանխամիջոցներուն նմանաբնոյթ այլ օրինակներու համար ալ գետին պատրաստելէն։
Ամէն պարագայի ճամբարէ ներս հերթապահութիւնը կը շարունակուի մինչեւ գոհացուցիչ եւ համոզիչ լուծումի մը յայտարարութիւնը։ Այս պահուն յատկապէս հայ հասարակութենէ կ՚ակնկալուի զօրակցութիւն բերել Նոր Զարթօնք շարժումի եւ անոր հետ դիմադրող խմբակցութիւններուն։