Ապրիլ 24-ի ձօնուած միջոցառումները տակաւին կը շարունակուին բովանդակ երկրի տարածքին։ Թերթիս նախորդ թիւի էջերուն վրայ կարելի եղած չափով արձագանգած էինք կատարուած նախաձեռնութիւններուն։ Բնականաբար զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ առաջին հերթին նպատակադրած էին ոգեկոչումներ կատարել օրը օրին։ Բայց յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ խաչաձեւումներէ խուսափելու միտումով շատեր իրենց կազմակերպած միջոցառումը յետաձգեցին յաջորդող օրերուն։
Ապրիլ 24-ի ձօնուած միջոցառումները տակաւին կը շարունակուին բովանդակ երկրի տարածքին։ Թերթիս նախորդ թիւի էջերուն վրայ կարելի եղած չափով արձագանգած էինք կատարուած նախաձեռնութիւններուն։ Բնականաբար զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ առաջին հերթին նպատակադրած էին ոգեկոչումներ կատարել օրը օրին։ Բայց յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ խաչաձեւումներէ խուսափելու միտումով շատեր իրենց կազմակերպած միջոցառումը յետաձգեցին յաջորդող օրերուն։
Զմիւռնիա
Այսպէս ՀՏՓ կուսակցութեան Իզմիրի կեդրոնական վարչութիւնը ասուլիսով մը մասնակցեցաւ միջոցառումներու շարքին։ Քաղաքի «Էկէ» համալսարանի դահլիճին մէջ կայացող ասուլիսին յաջորդեց նաեւ հայերէն երաժշտութեան ունկնդրութիւն մը։
30 Ապրիլ թուականին, այս անգամ նոյն կուսակցութեան Պաքըրգիւղի միաւորումը նման բնոյթի կազմակերպութիւն մը ունեցաւ։
Անգարա
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ եւ զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու մէկտեղումով յիշատակւեցան Մեծ Եղեռնի զոհերը։ Անգարայի Մտքի Ազատութեան Նախաձեռնութիւնը, Մարդու Իրաւունքներու Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը, Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Հիմնադրամը միասնաբար ձեռնարկած են յատուկ ոգեկոչում մը, որուն մասնակցած են նաեւ մեծ թիւով սփիւռքահայեր։ Երկօրեայ միջոցառման առաջին փուլը կայացաւ 24 Ապրիլ Ուրբաթ օր։ Սագարիա պողոտայի վրայ մէկտեղուող շուրջ 500 ցուցարարներուն նախ խօսք ուղղեց հայազգի գործիչ Մահմուտ Քոնուք։ Ապա յիշատակուեցան հարիւր տարի առաջ այս օրուան կէս գիշերին իրենց տուներէն ձերբակալուելով դէպի մահ ղրկուած հայ մտաւորականներու անունները։ Անուններու յիշատակումը յաճախ ընդհատուեցաւ կազմակերպիչ միաւորումներու ներկայացուցիչներու կատարած ելոյթներով։ Աւարտին լուսանկարիչ եւ բանաստեղծ Մեհմէտ Էօզէր արտասանեց իր «Վարուժան» անուն քերթուածը։ Երգիչ Էրճան Պինկէօլ մեներգեց երեք հայերէն երգէր։ Նախքան երգերու կատարումը, տողանցեց «Ցեղասպանութենէն դէպի դիմադրութիւն» ցուցահանդէսի նկարները։ Միջոցառումը աւարտեցաւ այս առթիւ գրի առնուած մամլոյ յայտարարութեան հայերէն եւ թրքերէն ընթերցումով։
Յաջորդ օր Իսթանպուլէն ժամանած սփիւռքահայերու մասնակցութեամբ երթ կատարուեցաւ դէպի երբեմնի հայաբնակ Սթանոս աւանը։ «Ճանաչեցէք Հայոց Ցեղասպանութիւնը» վերտառութեան ետեւ խումբը ուղղուեցաւ դէպի Սթանոսի աւերակ գերեզմանատունը։ Այստեղ խումբի մասնակիցներէն լրագրող եւ ակադեմական Խաչիկ Մուրատեան աղօթեց հոն թաղուածներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Խումբը ապա մեկնեցաւ Այաշ, այն բնակավայրը՝ ուր նախքան իրենց դէպի մահ վերջին ճամբորդութեան, բանտարկուած էին 1915-ի Ապրիլ 24-ի ձերբակալեալ մտաւորականները։ Այդ պահուն բոլորին ուշադրութենէն չէր վրիպած թէ նահատակ Սմբատ Բիւրատի ծոռան դուստրը Սեդա Բիւրատ կը նկարուէր «Այաշ» ցուցատախտակի ներքեւ։
Այս կարճ շրջագայութենէ ետք խումբը վերադարձաւ Անգարա։ Այս անգամ հանրահաւաք մը կատարուեցաւ «Ալի Նազմի» խանին մուտքը։ Հոս Մահմուտ Քոնուք ներկաներուն պատմեց թէ այս շէնքին անունը տրուած Ալի Նազմի ցեղասպանութեան օրերուն ծանօթ էր որպէս յատուկ ծառայութեան գործիչ, որ արիւնարբու մարդասպան մը եղած է։ «Իր այդ ծառայութիւններուն իբր գնահատում, այս շէնքի գտնուած տարածքը նուիրուած է իրեն»։ Քոնուք այս բացատրութենէն ետք աւելցուց թէ դար մը առաջ Անգարայ ի մէկ երրորդը կը պատկաներ քրիստոնեաներու, մեծ մասամբ ալ հայերու։
Ժամը 13.30-ին կայացաւ «Ցեղասպանութեան Դարադարձին Խօսքը Հայերուն» խորագրեալ ֆորումը, որ դարձեալ կը բաղկանար երկու բաժիններէ։ Առաջին բաժինի մէջ ելոյթ ունեցան համաշխարհային համբաւի տէր, մարքսիստ գրող Դաւիթ Պարսամեան, Սեդա Բիւրատ, «Արմինիըն Ուիքլի» թերթի նախորդ խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան, նոյն թերթի այժմու խմբագիր Նանոր Պարսումեան, «Պըրքլի» համալսարանի դասախօս Ռոքսան Մաքասճեան, գրող Ճորճ Աղճայեան։
Երկրորդ բաժինը կայացաւ կազմակերպիչ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ազատ ատենախօսներու ելոյթներով։
Երկու նիստերու աւարտին միասնաբար շարադրուեցաւ միջոցառման յայտարարագիրը։
Մալաթիա եւ Ատըեաման
Մեզի որոշ ուշացումով հասած միջոցառումներու շարքէն են Մալաթիոյ ու Ատըեամանի մէջ կատարուած ասուլիսները։ 25 Ապրիլ Շաբաթ օր «Ազատութիւն եւ համայնավարութիւն» կուսակցութեան շէնքին մէջ զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով կայացաւ «Հարիւրամեայ ողբը՝ Հայերը» խորագրեալ ասուլիսը։ Ատենախօսներն էին Քենան Ենիճէ, Սէմա Իզօլ եւ Կարպիս Էվյաբան։
Միջոցառումը յաջորդ օր կրկնուեցաւ Ատըեամանի մէջ, դարձեալ նոյն կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ։ Այս անգամ Քենան Ենիճէի կողքին ելոյթներ ունեցան Սինան Չիֆթեիւրէք, եւ Մուսթաֆա Քորքմազ։