Ահազանգ, հասէ՛ք կը փլեն Քամփ Արմենը

Թրքահայոց պատկա­նող եւ պե­տու­թեան կող­մէ գրա­ւուած կա­լուած­նե­րու մէջ ամե­նախորհրդան­շա­կան օրի­նակը կը կազ­մէ Քամփ Ար­մեն անու­նով ծա­նօթ Թուզլա­յի Ման­կա­կան Ճամ­բա­րը։ 6 Մա­յիս Չո­րեք­շաբթի առա­ւօտ քան­դիչ մե­քենա­ներ ճամ­բար մտնե­լով սկսան փլել ճամ­բա­րի եր­կա­րամեայ տնօ­րէն Հրանդ Կիւ­զէ­լեանի սե­նեակը, որպէս տղոց եւ աղջկանց ննջա­րան գոր­ծա­ծուող հինգ սե­նեակ­ներ եւ մա­տու­ռը։ Երբ լու­րը լսո­ւեցաւ, կայ­ծակնա­յին արա­գու­թեամբ վայր փու­թա­ցին ՀՏՓ եւ ՃՀՓ կու­սակցու­թիւննե­րու շրջա­նային վար­չութիւննե­րը, երես­փո­խանու­թեան թեկ­նա­ծու Կա­րօ Փայ­լան եւ Նոր Զար­թօնքի երի­տասարդ գոր­ծիչներ։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

ՄԱՐԱԼ ՏԻՆՔ

maral@agos.com.tr

Թրքահայոց պատկա­նող եւ պե­տու­թեան կող­մէ գրա­ւուած կա­լուած­նե­րու մէջ ամե­նախորհրդան­շա­կան օրի­նակը կը կազ­մէ Քամփ Ար­մեն անու­նով ծա­նօթ Թուզլա­յի Ման­կա­կան Ճամ­բա­րը։ 6 Մա­յիս Չո­րեք­շաբթի առա­ւօտ քան­դիչ մե­քենա­ներ ճամ­բար մտնե­լով սկսան փլել ճամ­բա­րի եր­կա­րամեայ տնօ­րէն Հրանդ Կիւ­զէ­լեանի սե­նեակը, որպէս տղոց եւ աղջկանց ննջա­րան գոր­ծա­ծուող հինգ սե­նեակ­ներ եւ մա­տու­ռը։ Երբ լու­րը լսո­ւեցաւ, կայ­ծակնա­յին արա­գու­թեամբ վայր փու­թա­ցին ՀՏՓ եւ ՃՀՓ կու­սակցու­թիւննե­րու շրջա­նային վար­չութիւննե­րը, երես­փո­խանու­թեան թեկ­նա­ծու Կա­րօ Փայ­լան եւ Նոր Զար­թօնքի երի­տասարդ գոր­ծիչներ։ Փլու­զումը կա­տարե­լու հա­մար բերո­ւած բա­նուոր­նե­րը, երբ լսե­ցին թէ Հայ Ման­կանց Ճամ­բարն է որ կը փլեն, իս­կոյն հրա­ժարե­ցան աշ­խա­տան­քէ եւ քան­դիչ մե­քենա­ները դուրս հա­նեցին տա­րած­քէն։ Քամփ Ար­մե­նի ազա­տագրման հա­մար բե­ղուն աշ­խա­տանք տա­նող եր­բեմնի սա­ներէն Կա­րապետ Օրու­նէօզ եւ այս զար­գա­ցու­մը լսե­լով դէպ­քի վայր փու­թա­ցած­նե­րը որո­շեցին գրա­ւել տա­րած­քը, նոր փլուզման փորձ մը կան­խե­լու հա­մար։ Մինչ այդ «Տիւ­շիւնճէ Փլաթ­ֆորմու» հար­թա­կի գոր­ծիչներն ալ իշ­խող ԱՔՓ կու­սակցու­թեան խումբ մը երես­փոխննե­րու ըն­կե­րակ­ցութեամբ փու­թա­ցին Թուզլա­յի Քա­ղաքա­պետա­րանը։ Լու­ծում մը գտնե­լու յոյ­սով կապ հաս­տա­տուե­ցաւ վար­չա­պետի խորհրդա­տու­նե­րու հետ։ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Խոր­հուրդէ ներս փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան ալ նիւ­թը փո­խան­ցեց Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէն՝ Ատ­նան Էր­թէ­մի, պա­հան­ջե­լով որ խնդի­րը կրկին օրա­կար­գի բե­րուի։ «Այս անար­դա­րու­թիւնը կը ծա­գի դա­տական որո­շու­մէ մը։ Պէտք է սրբագ­րո­ւի այդ անար­դա­րու­թիւնը եւ ճամ­բա­րը ծա­ռայէ իր նպա­տակին» ըսաւ Թո­րոս Ալ­ճան։ «Տիւ­շիւնճէ Փլաթ­ֆորմու» հար­թա­կի ան­դամնե­րէն Յա­րութ Էօզէր դի­տել կու տայ թէ կա­րելի է օրի­նական գետ­նի վրայ պայ­քար տա­նիլ, պայ­մա­նաւ որ շու­տա­փոյթ կողմնո­րոշո­ւինք։ Իսկ Կա­րօ Փայ­լան եղե­լու­թիւնը կը դի­տէ իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւնը։ «Պե­տու­թիւնը կրնայ տա­րած­քը նախ պե­տակա­նաց­նել եւ ապա բուն տի­րոջ, այ­սինքն Հայ Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեցիին վե­րադարձնել»։

Քամփ Ար­մե­նի մէջ իր կո­ղակ­ցին՝ Հրանդ Տին­քի հետ ան­հա­մար յի­շատակ­ներ ու­նե­ցող Ռա­քէլ Տինք ալ ընդվզում կը յայտնէ այս նոր զար­գա­ցու­մին դի­մաց։ «1915-ը ու­րացնող­նե­րը թող մա­նուկնե­րու աշ­խա­տան­քով կա­ռու­ցո­ւած այս ճամ­բա­րի գրա­ւումն ալ ու­րա­նան։ Սո­վորու­թիւն է մա­հացող­նե­րուն վեր­ջին փա­փաքը հարցնել։ Եթէ Հրանդ այդ առի­թը ու­նե­նար Քամփ Ար­մե­նի ազա­տագ­րումը պի­տի պա­հան­ջէր։ Իսկ ես հի­մա սրտի կսկի­ծով կը դի­տեմ մեր դրախ­տին փլու­զումը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ