Ո՞ւր է մեր քաղաքը

Մեր քաղաքները երկնաքերներով չեն յատկանշուիր։ Մեր քաղաքները ոլոր մոլոր պողոտաները չեն, ոչ իսկ քաղաքային պարտէզները, թաղամասերը կամ նաւահանգիստները։ Շուկաները չեն մեր քաղաքները, եւ կամ տուները։ Մեր քաղաքներուն մէջ մարդիկ չեն հեծիր սրընթաց գնացքներուն, կառքերուն, հանրակառքերուն։ Մայթեր ալ չկան հոն, հետիոտն անցորդներն ալ չկան։ Թատրոն եւ սինեմա ալ չկայ մեր քաղաքներուն մէջ։ Ազդանշաններ չկան, ազդատախտակներ չկան։ Եկեղեցի ու դպրոց ալ չկայ։ Գերեզմանատուն իսկ անկարելի է գտնել։ Մեր քաղաքներուն մէջ հրապարակներ չկան, եւ հրապարակներուն մէջտեղը կանգնեցուած արձաններ ու աշտարակներ չկան։

ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

vahaknk@agos.com.tr

Մեր քաղաքները մարդիկն են։ Անհատները, փոքրիկ խմբակները, քիչ մը աւելի մեծ մարդկային խմբաւորումները, հաւաքականութիւնները եւ գաղութները։ Մեր քաղաքները անհատներն են որ կու գան զանազան քաղաքներէ, երկիրներէ, մայրաքաղաքներէ եւ մայրացամաքներէ։ Մարդիկ ձեւ մը կը գտնեն, հեռաձայնով, համակարգիչով, նամակներով, բամբասանքով եւ ապատեղեկատուութեամբ։ Ձեւ մը կը գտնեն քով քովի գալու։ Առիթ մը կը գտնեն, օր մը կը յատկացնեն, անունը գիտաժողով կամ ոգեկոչում կը դնեն ու քով քովի կու գան։ Կրնայ ըլլալ նոյն տեղը չգան քով քովի, այսինքն այդ տեղը կրնայ տարածական չըլլալ, բայց մարդիկ կու գան քով քովի ու կը կազմեն մեր քաղաքը։

Օր մը այս քաղաքը կ՚ըլլայ այս հաւաքը, օր մը ուրիշ քաղաք մը։ Օր մը այս անկիւնը, օր մը միւս։ Օր մը այս թերթը, օր մը միւս, օր մը այս ակումբը, օր մը միւս։ Եւ այսպէս, քիչ առաջուան ամէն կառոյցները եւ տեղերը մէյ-մէկ քաղաքի կը վերածուին մեզի համար։ Մայթերէն եկեղեցիներ, կամուրջներէն թատրոններ, գերեզմանատուներէն դպրոցներ եւ հրապարակներէն հանրակառքեր, բոլորը կ՚ըլլան մեր վայրերը։ Կը տարածուինք ամենուն վրայ, ու կը դառնանք ամենքէն բաժին մը, ու ամենքին կը դարձնենք մեզմէ բաժին մը։ Կրնայ ըլլալ բացականչութիւններ արձակենք, կրնայ ըլլալ բարձրախօսներէն ճառեր արտասանենք, կրնայ ըլլալ հարսանիք ընենք եւ կամ սգաւոր ձեւանալով լուսանկարուինք մեր մոմերուն հետ։

Մենք քաղաքականութիւն կը ծախենք մեր խելքին հասածին չափով։ Մենք կը կռուինք ոստիկաններուն հետ ու ծեծ ուտենք։ Մենք կը հալածուինք ու ծաղրի առարկայ կը դառնանք։ Բայց կ՚երթանք կու գանք, կ՚ելլենք կ՚իջնենք, նորէն նոյն ժամուն, նոյն վայրին կը հանդիպինք, իրարու բարեւ մը կու տանք, իրարմէ լուր կ՚առնենք, որպիսութիւն կը հարցնենք, ու ուր որ ենք, այդ քաղաքը մերը կը դարձնենք, այդ վայրը կը սեփականացնենք, գէթ պահու մը համար։ Պահը կրնայ իսկապէս վայրկեան մը ըլլալ, կամ կրնայ ժամ մը, օր մը, շաբաթ մը ըլլալ, եւ կամ կրնայ հարիւր տարի մը ըլլալ։ Բայց յետոյ ռումբ-մումբ կ՚իյնայ, ջարդ-մարդ կ՚ըլլայ, դարձեալ կը կապենք ծրարները, եւ նոր քաղաքներ կը փնտռենք։ Սակայն հիները բնաւ չենք մոռնար, հարիւր տարի ետք, օր մը, ամեակի մը առթիւ, դարձեալ կու գանք այդ հին քաղաքը, ու այդ հին քաղաքի հինաւուրց հրապարակին վրայ կրկին ճառ մը կ՚արտասանենք։ Մենք հո՛ս ենք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ