Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներու աստիճանակարգին մէջ երկորդը կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռը։ Պատմութեան մէջ ան կը յիշուի նաեւ Կիլիկիոյ հայոց կամ Սիսի Կաթողիկոսութիւն անուններով։ Արդարեւ այս պատմական աթոռի կեդրոնը եղած է Սիս քաղաքը, որ այժմ Թուրքիոյ քարտէսին վրայ ծանօթ է Ատանայի կապուած Քոզան գաւառով։
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական աթոռներու աստիճանակարգին մէջ երկորդը կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռը։ Պատմութեան մէջ ան կը յիշուի նաեւ Կիլիկիոյ հայոց կամ Սիսի Կաթողիկոսութիւն անուններով։ Արդարեւ այս պատմական աթոռի կեդրոնը եղած է Սիս քաղաքը, որ այժմ Թուրքիոյ քարտէսին վրայ ծանօթ է Ատանայի կապուած Քոզան գաւառով։
Կաթողիկոսութիւնը մինչեւ 1915 Սիսի մէջ ունեցած է վանական համալիր եւ բազմաթիւ տարածքներ։ Կաթողիկոսական Աթոռը յետ եղեռնեան շրջանին կը փոխադրուի Լիբանան, Անթիլիաս յետին թողելով անգնահատելի հարստութիւն։
Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը նկատի ունենալով որ ներկայ դրութեան մէջ կարելի չէ այդ տարածքին վերատիրանալ, կալուածներու արձանագրութեան մէջ համապատասխան փաստաթուղթեր գտնել, կը հրաժարի սովորական դատարաններու դուռը անսպառ մաշեցնելէ եւ խնդիրը ուղղակի կը փոխանցէ Սահմանադրական Ատեան։
Դիմումնագրին մէջ նշուած է որ մօտ 700 տարուան անցեալ ունեցող աթոռը օրնաւորապէս կը շարունակէ իր գոյութիւնը։ 1918-ին Օսմանեան Կայսրութեան պատասխանատուները անոր կալուածները վերադարձնելով ընդունած կ՚ըլլային նաեւ օրինական գոյութիւնը։ Այդ գոյութիւնը երբեք չէ դադրած։ Դիմումնագրին մէջ ակնարկութիւներ կան նաեւ Լոզանի Դաշինքին եւ Եւորպայի Մարդու Իրաւունքներու Համաձայնագրին։
Ի վերջոյ կը պահանջուի որ համալսարաններու կազմէն գոյանալիք մասնագէտներու յանձնախումբը ճշդէ պահանջուած տարածքներու սահմանը, քատաստրոյի տնօրէնութենէն պահանջուի կալուածներու արձանագրութիւնը, եւ եթէ բոլոր այս տուեալները ապահովել կարելի չըլլայ հարիւր միլիոն ԹԼ հատուցում յատկացուի։