Հանրապետութեան շրջանին, յատկապէս 1974 թուականէն ետք պետական եւ դատական դաւադրութիւնով գրաւուած փոքրամասնութեանց ազգապատկան կալուածներու մէջ յատուկ նշանակութիւն ունին երկու օրինակներ։
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Հանրապետութեան շրջանին, յատկապէս 1974 թուականէն ետք պետական եւ դատական դաւադրութիւնով գրաւուած փոքրամասնութեանց ազգապատկան կալուածներու մէջ յատուկ նշանակութիւն ունին երկու օրինակներ։ Առաջինը Թուզլայի Մանկական Ճամբարը՝ Քամփ Արմենն է։ Երկրորդ օրինակը Վենետիկեան Մխիթարեան ուխտի Պոմոնթիի վարժարանը։ Եթէ մնացեալ կալուածները բարերարներու կտակներ էին, այս երկուքը տուեալ հաստատութիւններու կողմէ բոլոր թղթաբանութիւնները կատարուելով գնուած տարածքներ։ Այս երկու օրինակները ունին ուրիշ հասարակական կէտ մը։ Երկուքն ալ կրթական հաստատութիւններ են։
Նախորդ շաբաթավերջին այս երկու հաստատութիւններու երդիկին ներքեւ ուրախ եւ տխուր ապրումներ տեղի ունեցան։ Ուրախն այն էր որ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը մօտ քառասուն տարուայ ընդհատումէն ետք իր շէնքին մէջ կ՚ունենար մատուռ մը։ Թէեւ շատ նեղ, հազիւ չորս քարակուսի մեթր տարածքով այս աղօթատեղին խորհրդանշական էր արգելքի մը վերացման փաստը ըլլալով։ Յիշենք որ մօտ անցեալին օրինական կարգադրութիւնով կարելի եղաւ պետական դպրոցներուն մէջ մէսճիտի մը գոյութիւնը։ Այդ նոյն կարգադրութենէն օգտուելով Մխիթարեանն ալ դիմում կատարեց Իսթանպուլի Կրթական Տնօրէնութեան եւ իրականացուց մատուռի բացումը։ Շաբաթ օր կայացած բացման հանդիսութեան հիւրընկալն էր Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Կառավարութիւնը ներկայացնելով Եւրոմիութեան Նախարար Վոլքան Պոզքըր պատուեց մատուռի բացումը։ Ներկայ էին նաեւ Շիշլիի գաւառապետը եւ դպրոցի իրաւական նիւթերու խորհրդատուներ Քէզպան եւ Հիւսէյին Հաթէմի ամոլը։
Որքան ալ ուրախառիթ գտնուի մատուռի բացումը, դպրոցի հիմնական խնդիրը, կալուածաթուղթի իրաւունքը դեռ չէ լուծուած։
Այս ալ տխուր երեսակը
Կէտիկփաշայի Հայ Բողոքականաց Եկեղեցւոյ պատկանող Քամփ Արմենը եթէ շտապ զարգացում մը չի կայանայ, այս ամսու վերջ պիտի փլի եւ ամբողջովին պիտի անհետանայ։ Այս իրողութեան դէմ ճամբարի նախկին սաները վերջին ճիգ մը վատնելով մէկտեղուեցան իրենց ձեռքերով կառուցած եւ այժմ լքուածութեան մէջ աւերուած շէնքին շուրջ։ Գործունէութեան շրջանին Հրանդ Տինք, Ռաքէլ Տինք, Էրոլ Տորայի կարգին աւելի քան 1.500 պատանիներու ուսում ջամբող հաստատութիւնը վերջին անգամ յուսադրուած էր, երբ 2011 թուին Վաքըֆներու օրէնքին մէջ բարեփոխումներ կատարուեցան եւ փոքրամասնութեանց գրաւեալ կալուածներու վերադարձուիլը օրակարգի եկաւ։ Կետիկփաշայի Բողոքականաց եկեղեցին իսկոյն դիմում կատարեց Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։ Սակայն այս վերջինը մերժեց որեւէ միջոց, պատճառաբանելով որ տարածքը անցնող ժամանակահատուածի ընթացքին բազում անգամներ ձեռք փոխած է։
Այժմ խումբ մը կամաւոր իրաւապաշտպաններ կը պատրաստուին վերստին իրաւական պայքար տանելու եւ առաջին հերթին ալ փլուզումը կանխելու համար։