Քուպանական ֆիլմին մէջ այն փոքրիկ տղան է, որ կը քալէ իր քաղաքին փողոցներուն մէջ, չարութիւններ կ՚ընէ դպրոցին մէջ, կը պատժուի ամէն օր, եւ ի վերջոյ կը կախակայուի։ Մայրը մարմնավաճառ եւ թմրամոլ, հայր չունի, մօր սիրեկանը շնամարտի խաղացնող, եւ ինք ամէն օր ականատես կ՚ըլլայ իր սիրելի շունիկներու վայրագ ճակատումներուն։ Անդին փոքրիկ աղջիկ մը, պաղեստինցի գաղթականի զաւակ, հայրը առտուընէ իրիկուն շրջուն մանրավաճառ, որ ամէն գնող կը փորձէ խուսափիլ ոստիկաններէն։ Ու ասոնց նման տարբեր այլ կեանք։ Բոլորն ալ մէկտեղուած «Վարք ու բարք»-ին մէջ, Էրնէսթօ Սէրրանոյի բեմադրութեամբ (imdb.com/title/tt3595966)։
ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
vahaknk@agos.com.tr

Քաղաքի մը մէջ որ այլեւս գոյութիւն չունի, կամ ունի, բայց մենք կ՚ուզենք մոռնալ անոր գոյութիւնը, տակաւին դպրոցական աշակերտներուն վիճակացոյցներուն մէջ «վարք ու բարք»-ի բաժին մը կայ։ Թէկուզ նոյն արժէքը չունենայ Թուաբանութեան պէս, սակայն այն ատեններուն նիշին 10-էն 9-ը փոխուիլը, շատ մեծ տարբերութիւն կ՚ընէր աշակերտին մասին ընդհանուր կարծիք կազմելու համար։ Իսկ եթէ 8-ի իջնէր Աստուած մի արասցէ, այն ատեն աշակերտը իսկապէս «չար»-ի մակարդակէն «անկիրթ»-ի մակարդակին կը գլորուէր, ու ատիկա պայման չէ որ գէշ բան ըլլար անշուշտ։ Ակնառու ըլլալու համար ինչ չէինք ըներ որ։ Չար ու անկիրթ ըլլալը պարզ բաներ էին։
«Վարք ու բարք»-ին չարութիւնը դասուած է որպէս հասարակական (մաքուր հայերէն -սոցիալական) խնդիրներու արդիւնք։ Այս տղան չարութիւններ կ՚ընէ քանի որ իր տունի պայմանները այսպէս այսպէս են։ Բայց չէ՞ որ չարութիւնը նաեւ պոռթկում է։ Այսինքն ֆիլմին մէջ կար այդ պոռթկումի բաժինը, սակայն կեդրոնական տեղ չէր տրուած։ Գոնէ մենք այդպէս էինք։ Գոց դասարաններու, ձանձրալի դասերու եւ խիստ դասատուներուն դէմ պոռթկումն էր որ մեզի չարութեան կը մղէր։ Զբօսանքի դուրս գալը պայթում մըն էր, պոռալով դուրս կը վազէինք դէպի ազատ տարածութիւն, վստահ եմ հիմա ալ նոյնն է։
Իսթանպուլի ֆիլմերու փառատօնին որպէս բացման ֆիլմ ցուցադրուած «Վարք ու բարք»-ը քիչ մը դուրս էր իր բացումի տօնական մթնոլորտէն։ Միջոցառման առաջին եւ երկրորդ բաժինները շատ հակասական էին իրարու։ Մէկը փայլուն զգեստներու, պատուականութեան, շփացածութեան եւ շպարման մասին էր, միւսը աղքատութեան եւ թշուառութեան։ Երկուքն ալ վարք ու բարքի մասին էին ի վերջոյ։
Պեթի Պուփը պզտիկ աղջիկ մըն է։ Ամէն մարդ կը ճանչնայ զինք, թէկուզ ոչ բոլորս իր անունով, եթէ հարցնենք Կուկըլին, բոլորս ալ պիտի ըսենք «հա՜ աս է եղեր» - Betty Boop. Այս շաբաթ երկու հատ դիտեցի իր կարճամեթրաժ ֆիլմերէն։ Ուրեմն մէկուն մէջ Պեթին տունը կը ձանձրանայ ու կը ձգէ կ՚երթայ հեռու տեղեր, հոն շատ վախնալիք կ՚ըլլայ ու Պեթին կը վերադառնայ տուն, երկորդին մէջ, Պեթին կը հետաքրքրուի «լերան ծեր մարդուն» պատմութիւնով, կ՚երթայ քովը եւ հազիւ կը պրծի ու դարձեալ կը վերադառնայ տուն։ Վարք ու բարքի դասեր էին ասոնք 30-ականներու Ամերիկայի մէջ։