Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանի, Պատմութեան Հիմնարկի եւ Լոսանճէլըսի մէջ Գալիֆորնիայի Համալսարանի հովանաւորութեամբ 26 Ապրիլին Իսթանպուլի մէջ կայանալիք «Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ հասկացութիւններ, բաղդատական տեսանկիւններ» խորագրեալ գիտաժողովը ջնջուեցաւ «Պիլկի» համալսարանի վարչութեան կողմէ։
ԷՄՐԷ ՃԱՆ ՏԱՂԼԸՕՂԼՈՒ
misakmanusyan@gmail.com
Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանի, Պատմութեան Հիմնարկի եւ Լոսանճէլըսի մէջ Գալիֆորնիայի Համալսարանի հովանաւորութեամբ 26 Ապրիլին Իսթանպուլի մէջ կայանալիք «Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ հասկացութիւններ, բաղդատական տեսանկիւններ» խորագրեալ գիտաժողովը ջնջուեցաւ «Պիլկի» համալսարանի վարչութեան կողմէ։
Գիտաժողովի նախապատրաստութիւնը ամիսներ առաջ սկսած էր եւ Նորմըն Նէյմարք, Ճէյ Ուինդր, Տիրք Մոզըս, Միւկէ Կօչէք, Քէթի Քէրմիշըլ, Քէյթ Վաթէնբուխ, Ուղուր Իւմիտ Իւնկէօր, Մեհմէտ Փոլաթէլ, Այհան Աքտար, Ռապըրթ Ֆիսկի նման կարեւոր անուններու մասնակցութեամբ կայանալիք գիտաժողովին ջնջումը յստակ պատճառաբանութիւն մը չէ ունեցած։
Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանը հաղորդակցութեան ընկերութեան մը միջոցաւ «Ակօս»ին ղրկած բացատրութեան մէջ կը մերժէ գիտաժողովի ջնջուելու պնդումը, նշելով որ համալսարանի տեսչութեան այս նիւթով պաշտօնական դիմում մը երբեք չէ կատարուած։ Սակայն իրաւացի չէ այս յայտարարութիւնը, քանի որ գիտաժողովը Մարտ ամսուան մէջ ծանուցուած էր համալսարանի պաշտօնական կայքէջին վրայ։
Այս զարգացումէն ետք այժմ կազմակերպիչները գիտաժողովը նոյն խորագիրով կատարելիք համալսարանի մը փնտռտուքին մատնուած են։
2005-ի գիտաժողովի հիւրընկալն էր «Պիլկի» համալսարանը
Սոյն զարգացումները պատճառ դարձան որ յիշենք 24-25 Սեպտեմբեր 2005-ին կայացած «Օսմանեան հայերը՝ գիտական պատասխանատուութիւն եւ ժողովրդավարական խնդիրներ» խորագրեալ գիտաժողովը։ Այդ գիտաժողովն ալ նախապէս ծրագրուած էր կայացնել Պողազիչի համալսարանի մէջ, սակայն այդ շրջանի Արդարութեան Նախարար Ճեմիլ Չիչէքին կազմակերպիչներու հասցէին «ազգը թիկունքէն կը դաշունահարեն» խօսքէն ետք յետաձգուած եւ աւելի ետք ալ փոխադրուած էր «Պիլկի» համալսարան։