Յիշելով Այն Մրէյսէ

Պէյրութի արեւմտեան կողմը կը գտնուի այս թաղամասը։ Արեւմտեանի եւ արեւելեանի խիստ բաժանման օրերը չեն այլեւս, բայց մարդոց ուղեղին մէջ տակաւին կայ այդ բաժանումը։ Օրեր կային որ մէկ կողմէն միւս կողմ անցնելու համար փաստաթուղթ պէտք ունէիր։ Անշուշտ որ Յակոբներն ու Գէորգներն էին ամենէն վարպետ վարորդները մէկ կողմէն միւսը երթալու համար։ Գաղութի կորիզը հիմա կտրուած է այստեղէն, այստեղն ալ կորիզէն։

ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

vahaknk@agos.com.tr

Պէյրութի արեւմտեան կողմը կը գտնուի այս թաղամասը։ Արեւմտեանի եւ արեւելեանի խիստ բաժանման օրերը չեն այլեւս, բայց մարդոց ուղեղին մէջ տակաւին կայ այդ բաժանումը։ Օրեր կային որ մէկ կողմէն միւս կողմ անցնելու համար փաստաթուղթ պէտք ունէիր։ Անշուշտ որ Յակոբներն ու Գէորգներն էին ամենէն վարպետ վարորդները մէկ կողմէն միւսը երթալու համար։ Գաղութի կորիզը հիմա կտրուած է այստեղէն, այստեղն ալ կորիզէն։

Այն Մրէյսէ թաղամասն է հոս։ Հոս ժամանակին շատ հաստատուած են գաղթէն եկողները։ Այժմ քանի մը հոգի մնացած է անոնցմէ միայն։ Իրենց նոր եկած ատենները քաղաքէն հեռու, ճահիճներով լեցուն տեղ մըն էր։ Բայց Աստուած տուժածին միշտ ձեւով կը հատուցանէ, եւ բախտ դիտէ որ 50 տարի ետք, ան որ դիմացած է եւ տակաւին հոս մնացած, մէկը հարիւր ըրած է։

Մերժուածներու խումբն են այստեղի գաղութայինները, եւ ճակատագիր ըսեր եմ, յետոյ Մուսալեռէն եկողներէն մերժուածներն ալ հոս հաստատուած են… Ձեւով մը մերժուածները ընդունած են մերժուածներուն, մինչ բուները Պուրճ Համուտը եւ Այնճարը կը շինէին։

Այն Մրէյսէ, դարակիսուն իր կարմիր լոյսերով եւ անքուն գիշերներով կը պլպլար։ Դարա-երեք-քառորդին պատերազմին տեղն էր, բերանը։ Շէնքեր կային որոնց վերի յարկերը Եասէր Արաֆաթին մարդիկն էին, վարի յարկը Փաղանգաւորները՝ ծայրայեղական Քրիստոնեաները։ Ու տուր որ կու տաս։ Բայց պանդոկները, օ՜հ, պանդոկները։ Սան Ժորժ Օթէլ Պար։ Միջին Արեւելքի կեդրոնի Լիբանանի կեդրոնի Պէյրութի կեդրոնն էր։ Հոսկէ կը որոշուէր ամէն խաղը։ Լրտեսներ ու դիւանագէտներ, լրագրողներ ու վաճառականներ, ամէնն ալ հոսկէ կ’անցնէին, ու Անդրանիկէն գիրք կը գնէին, ու Ժիրայրին քով կը նկարուէին, ու Պետրոսին մօտ կը կարուէին։ Այո ասոնք մարդ չեղան ի վերջոյ սակայն, ամէն ինչ քանդուեցաւ։

Քօվատիս կ’երթային այն ատեն։ Իտալացի մատամին քովը։ Արդէն շատ մեծ ճաշարաններ չկային Պէյրութ այն ատենները։ Հեռուն տեղ մը ակումբ մակումբ ալ կար, բայց ալ ետին  մնացած էին ջաղացքի օրերը, եւ մօրաքոյրը որ տունին իշխանն էր, այլեւս  մեռած էր։ Մաման ալ չկար։ Հիմա Քօվատիսի ժամանակն էր։ Դրամէն լուր տուր։

Մարքսիստներն ալ եկան, մասօններն ալ եկան, Նասէրիստներն ալ եկան, Մարինզներն ալ եկան, Հիզպուլլահն ալ եկաւ, ո՞վ չեկաւ որ։ Ամենքն ալ եկան ու անցան հողմերի պէս։ Ո՞վ մնաց որ։ Ի՞նչ մնաց որ։ Հիմա Լեւոնը կայ, պտղավաճառ է, Հալէպէն նոր եկած է։ Ան ալ փախստական, ան ալ երկու ղուրուշ հացին ետեւէն։ Ուրիշ գործ ալ ունի, յաճախ կ՚երթայ, տեղը մաման կը մնայ, կնիկը արաբ է։

Քանի՞ պարապ շէնք կ’ուզես հաշուեմ Այն Մրէյսէյի մէջ։ Հին ղապատայներն ալ չմնացին անոր նայիս նէ։ Հիմա Նապիհ Պըրրիին նոր շէնքը կ’ելլէ կոր։ 1000 յարկանի բան մըն է։ Լա Սիթատէլ։

Պասմաճեանին տեսայ անցեալ օրը։ Ըսի՝ դեռ ի՞նչ կ’ընես կոր հոս։ Նայեցաւ մէկ հատ։ Ըսաւ՝ այդ նաւը կայ եա, որ մեզի հոս բերաւ, երանի ընկղմեր, եւ մենք հոս չգայինք։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ