Վճիռը կայացուցին կարծիք գուշակելով

Վճռաբեկ Ատեանի գլխաւոր դատախազութիւնը 7 Յուլիսին հրապարակեց «Կէզի» զբօսայգիի դատավարութեան վճիռ­նե­րուն հետ առնչո­ւած իր տե­սու­թիւնը։ Այսպէս դա­տախա­զու­թիւնը Օս­ման Քա­ւալա­յի դէմ ցկեանս, Ճան Աթա­լայ, Թայ­ֆուն Քահ­րա­ման, Չիղ­տեմ Մա­թեր, Մի­նէ Էօզէր­տեն եւ Հա­քան Ալ­թը­նայի դէմ ալ 18-ական տա­րի բան­տարկու­թան պա­տիժը տե­ղին գտաւ։ Ան միայն առար­կեց Միւ­ճելլա Եափը­ճըի վճի­ռին, պետ­ճա­ռաբա­նելով թէ հաս­տատ եւ հա­մոզիչ փաս­տեր չեն գտնո­ւած իրեն դէմ։

Միւ­ճելլա Եափը­ճը խստօ­րէն հա­կազ­դեց գլխա­ւոր դա­տախա­զի այս տե­սու­թեան, պնդե­լով թէ ինք եւ ըն­կերնե­րը նոյն ան­հիմն մե­ղադ­րանքով դա­տուած են։ «Պար­զա­պէս իմ տա­րիքս նկա­տի ու­նե­նալով կը վախ­նան թէ բան­տարկու­թեան մէջ կը մեռ­նիմ եւ գլուխներ­նուն փոր­ձանք կը դառ­նամ» ըսաւ Միւ­ճելլա Եափը­ճը։

Օս­ման Քա­ւալա եւս առար­կեց դա­տախա­զի տե­սու­թեան եւ զրպար­տութիւն հա­մարեց անոր մեկ­նա­բանու­թիւննե­րը։ «Դա­տարա­նը վճիռ կա­յացուց ո՛չ թէ յստակ փաս­տե­րը քննե­լով, այլ պար­զա­պէս կար­ծի­քի գու­շա­կու­թիւն ընե­լով։ Երկրի իրա­ւական հա­մակար­գի հա­շուոյն իսկապէս մտահոգիչ երեւոյթ մըն է այս» ըսաւ Քաւալա։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ