Խօսքի Ազատութեան Մրցանակը Էսդուգեանին

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ

Այս տա­րի 21-րդ ան­գամ կա­յացաւ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան կազ­մա­կեր­պած Այ­շէ­նուզ Զա­րաքօ­լու խօս­քի ազա­տու­թեան մրցա­նակ­նե­րու բաշ­խումը 9 Մա­յիս երեք­շաբթի երե­կոյ միու­թեան հա­ւաքա­տեղիին մէջ կա­յացած պար­գե­ւատո­ւու­չութեան ըն­թացքին մրցա­նակ­ներ տրո­ւեցան «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեանի, լրագ­րող Թուղրուլ Էրեըլ­մա­զի եւ բան­տարկո­ւած մա­մու­լի գոր­ծիչնե­րուն։ Պար­գե­ւատո­ւու­չութեան ներ­կայ գտնո­ւեցան Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան Հա­մագու­մա­րի հա­մաբան­բեր Էսեն­կիւլ Տե­միր, Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան հա­մանա­խագահ Էրեն Քես­քին, Թուրքիոյ Մար­դու Իրա­ւանց Հիմ­նարկի վար­չութեան ան­դամներ, Կա­նանչ Ձախ Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւո­րի թեկ­նա­ծու­ներ Տեր­սիմ Տաղ, Էօզ­թիւրք Թիւրքտո­ղան եւ Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րէն խումբ մը։

Նախ վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մով մը ներ­կա­յացո­ւեցաւ Այ­շէ­նուր Զա­րաքօ­լուի տա­րած պայ­քա­րը։ Ապա Միու­թեան Իս­թանպու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նապետ Կիւլսե­րեն Եոլէ­րի եւ Էրեն Քես­քին իրենց ելոյթնե­րով ընդգծե­ցին Այ­շէ­նուր Զա­րաքօ­լուի հրա­տարակ­չա­կան գոր­ծունէու­թիւնը, նշե­լով անոր թա­պու հա­մարո­ւած նիւ­թե­րը ու­սումնա­սիրող գիր­քեր հրա­տարա­կելով ստանձնած խի­զախ վար­քը։

Ելոյթ ու­նե­ցան նաեւ Այ­շէ­նուր Զա­րաքօ­լուի որ­դի­ները՝ Տե­նիզ եւ Սի­նան։ Նախ դե­րասա­նու­հի Ժիւ­լի­տէ Քու­րա­լի ձե­րամբ՝ լրագ­րող Թուղրուլ Էրեըլ­մա­զի մրցա­նակը յանձնո­ւեցաւ։

Ապա «Մե­զոփո­թամիա» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան թղթա­կից Էս­րա Սո­լին Տալ բան­տարկո­ւած լրագ­րողնե­րու անու­նին մրցա­նակը ստա­ցաւ լրագ­րող Զէյ­նեֆ Քու­րա­յի ձեռ­քէն։ Էս­րա Սո­լին Տալ ելոյթ ու­նե­նալով յայտնեց թէ այս մրցա­նակը կը ստա­նայ յա­նուն բան­տարկո­ւած պաշ­տօ­նակից­նե­րուն։ «Յար­ձա­կումնե­րու դի­մադ­րե­լու աւան­դութիւն մը ձեռքբե­րած ենք։ Բան­տարկո­ւած մեր ըն­կերնե­րը ճա­ղերու ետե­ւէն ալ ըլ­լայ կը շա­րու­նա­կեն, այդ դի­մադ­րութիւ­նը։ Կա­րելի չէ լռեց­նել ազատ մա­մու­լը»։

Բագ­րատ Էս­դուգեան իր մրցա­նակը ստա­ցաւ Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րու ձե­րամբ։ Ան ալ իր կար­գին յայտնեց թէ պա­տիւ կը զգայ Այ­շէ­նուր Զա­րաքօ­լոի անու­նով հիմ­նո­ւած մրցա­նակի մը ար­ժա­նի տես­նո­ւելով։ «Այս մրցա­նակը ինձմէ առաջ Հրանդ Տտնքին ալ ստա­ցած ըլ­լա­լը գիտ­նա­լով ալ աւե­լի մեծ իմաստ մը կը ստա­նայ ին­ծի հա­մար»։

Նա­խորդ տա­րի Այ­շէ­նուր Զա­րաքօ­լու խօս­քի ազա­տու­թեան մրցա­նակին ար­ժա­նացած էին Այ­սել Թուղլուք եւ Թաք­սի­մի զօ­րակ­ցութեան հար­թա­կը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ