Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 7 Յուլիս 2022, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին ընդունեց Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն, որուն կ՚ընկերանային Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու անդամներէն բաղկացեալ յանձնախումբի անդամներն ու Իրաւաբան Էօմէր Քանթիկը։ Այս յանձնախումբը կազմուած էր Թուզլայի Քամփ Արմէնի վերականգման համար աշխատանք տանելու առաջադրութեամբ։
Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու ներկայացուց յանձնախումբի անդամները եւ բացատրութիւններ տուաւ իրենց մշակած ծրագրի մասին եւ խնդրեց Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու աղօթքը։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ այսպիսի աշխատանք մը պիտի տարուէր եւ յիշեցուց, թէ հաստատութեան իրաւատէրը Հայ Աւետարանական համայնքն էր եւ քանի որ հաստատութիւնը առանց դաւանական խտրութեան պիտի օգտագործուէր Հայ համայնքի անդամներու կողմէ, կատարուած աշխատանքը կ՚արժանանար Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանի հետաքրքրութեան։ Թելադրութիւններ ըրաւ կատարելի նուիրահաւաքման՚ ինչպէս նաեւ մատակարութեան եւ վարչութեան համար մշակելի ծրագիրներու մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց իրենց։
Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ ցուցաբերուած հայրական մերձեցման համար։
Յ.Գ.- Սոյն լրատուութիւնը հաղորդուած է Պատրիարքարանէն։ Պարտինք նշել թէ Քամփ Արմէնի անարդար կերպով գրաւման դէմ ձայն բարձրացնող, լայնածաւալ դիմադրութիւնով այս անարդարութիւնը երկրի օրակարգին բերող միակ կազմակերպութիւնը պոլսահայ երիտասարդներու միաւորումով գոյացած «Նոր Զարթօնք» շարժումն էր։ Եթէ այդ տղաներու եւ աղջիկներու յանդուգն դիմադրութիւնը չի կայանար, այսօր չէինք կրնար խօսիլ Քամփ Արմէնի վերակազմութեան մասին։ Ցաւալի է տեսնել թէ իրենց սեփական կեանքը վտանգելով Քամփ Արմէնի պաշտպանութիւնը ապահոված երիտասարդներ այսօր տեղ չեն ունենար այդ կառոյցի կրկին կեանքի կոչուելու գործընթացին մէջ։